Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է Ազրպէյճանական յարձակման փաստը

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է Ազրպէյճանական յարձակման փաստը

Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը անդրադարձած է ազրպէյճանական զինուժին կողմէ Արցախի մէջ ոստիկանական մեքենայի գնդակոծման եւ մարդոց մահուան փաստին եւ նշած, որ փաստին առնչութեամբ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ազրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ հետաքննութիւն կը կատարէ:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ առաջադրանքներ իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ: Երեսուն դիտակէտերու մէջ ռուս խաղաղապահները իրավիճակի շուրջօրեայ վերահսկողութիւն կ՛իրականացնեն եւ կը  վերահսկեն հրադադարի դրութեան պահպանման:

5 մարտ 2023-ի ժամը 10:00-ին Դիւքեանլար բնակավայրի տարածքին մէջ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու զինուորները կրակած են Լեռնային Ղարաբաղի իրաւապահներու մեքենայի վրայ: Բախման հետեւանքով երեք մարդ զոհուած է, մեքենային մէջ գտնուող մէկ աշխատակից վիրաւորուած է: Ազրպէյճանական կողմէն կորուստներ եւս եղած են. երկու զոհ եւ մէկ վիրաւոր: Ռուս խաղաղապահներու ջանքերով բախումը դադրեցուած է: Այդ փաստի կապակցութեամբ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ազրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ հետաքննութիւն կը կատարէ»:

Share