Վարդանանց տօնակատարութիւն Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ

Վարդանանց տօնակատարութիւն Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ

Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2023-ին, Գալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտները նշեցին վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց իրենց կեանքը զոհաբերած՝ Վարդանանց զօրավարաց տօնը: 

Ամերիկայի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, գեղարուեստական յայտագրի բացումը կատարեցին 4-րդ եւ 5-րդ կարգի աշակերտները՝ «Նորահրաշ» երգով: Ապա բացման խօսքը կատարեց վարժարանիս հայոց լեզուի ուսուցչուհիներէն Տիկ. Մարօ Գույումճեան՝ ըսելով, որ պատմութեան մէջ կան թուակականներ, որոնք ճակատագրական նշանակութիւն ունեցած են ազգի մը գոյատեւման եւ անոնցմէ է 451 թուականը՝ Վարդանանց պատերազմը յանուն քրիստոնէութեան, յանուն գոյատեւումի վճռականութեան եւ հաւատքի զօրութեան: Տիկ. Գույումճեան ներկայացուց Աւարայրի ճակատամարտին պատմականը, որ հակառակ հայերու կրած ռազմական պարտութեան, «հայ ժոովուրդը կրցաւ խաչը բարձրացնել ու պատմութեան տալ հաւատքի անկորնչելի յաղթանակը» ըսաւ ան եւ շեշտեց մեր գլխաւոր պարտականութիւնը՝ պահել մեր հայրենիքը, դաստիարակել մեր մատղաշ սերունդը հայօրէն, սորվեցնել անոնց Վարդաններու հաւատքը: Ան նաեւ կոչ ուղղեց սիրելու մեր լեզուն, մեր եկեղեցին, մեր դպրոցը, մեր ազգը, մեր փառապանծ հայրենիքը:

Մանկաապրտէզի աշակերտները ասմունքեցին «Քաջ Վարդան»ը, իսկ Ա. կարգի աշակերտները երգեցին նոյն խորագրով երգ: 8-րդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Խորհուրդ Վարդանանց»ը, իսկ 5-րդ դասարանը՝ Վարդանանցի համառօտ պատմականը անգլերէնով: Այնուհետեւ 4-րդ եւ 5-րդ դասարաններու աշակերտները բեմականացուցին «Վարդանանց Ճակատամարտը», որուն յաջորդեց 6-րդ դասարանի ասմունքը՝ «Տիկնայք Փափկասունը»:

Օրուան պատգամը փոխանցեց վարժարանի փոխտնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան: Ան ըսաւ, որ Վարդանանք նահատակուեցան, որպէսզի մենք մնանք տէրը մեր լեզուին, կրօնքին եւ մեր հայրենիքին: Ան նշեց, որ Աւարայրի ճակատամարտէն յետոյ դարերու ընթացքին նոյն սրբութիւնները պահելու համար նոյն պատերազմը մղած է հայ ժողովուրդը, ըլլայ այդ 1915-ի ցեղասպանութեան թէ Սարդարապատի ճակատամարտին ընթացքին, հասնելով մինչեւ արցախեան գոյամարտը: Տիկ. Պոյաճեան զգուշացուց, որ անկախ անկէ որ թշնամին ի զուր կը փորձէ բռնի ուժով մեզի պարտադրել զիջիլ մեր հայրենիքէն, մեր ինքնութենէն, մեր լեզուէն ու մշակոյթէն, բայց թոյլ չտանք,  որ մենք մեր ձեռքով զիջինք մեր այս արժանիքներէն, մեր սրբութիւններէն: Ապա ան խօսքը աշակերտներուն ուղղելով ըսաւ. «Դուք եթէ հայերէն խօսիք, կարդաք ու գրէք, մենք կը շարունակենք մեր յաղաթանկը, եթէ դուք պահէք մեր քրիստոնէական կրօնքը, դուք շարունակէք տէր կանգնիլ մեր հայրենիքին, մենք կը շարունակենք մեր յաղթանակը»: Վարժարանի փոխտնօրէնուհին նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրը պատրաստած ուսուցչուհիներուն, իրենց կատարած գնահատելի աշխատանքին համար:

4-րդ եւ 5-րդ կարգի աշակերտները երգեցին «Հիմի Էլ Լռենք» եւ «Մենք Քաջ Վարդանի Զաւակներն Ենք» երգերը: Նշենք նաեւ, որ յայտագրի ընթացքին 7-րդ կարգի աշակերտներ մերթ ընդ մերթ բեմ բարձրանալով լոզունգներ հնչեցուցին հայապահպանման ու միասնականութեան մասին:

Աւարտին, գերյարգելի Հայր Բարսեղ Ծ. Վրդ. Պաղտասարեան խօսք առնելով ըսաւ. «Վարդանը մեռաւ, որպէսզի ազատութեամբ աղօթենք: Այժմ ես պիտի խնդրեմ ձեզմէ, որ ինչպէս այստեղ ձեր երգերուն մէջ ձեր ոտքը գետին զարկիք, նոյնպէս ձեր տան մէջ զարնէք ձեր ոտքերը, որպէսզի ձեր ծնողները ձեզի եկեղեցի տանին ու աղօթէք»: Վարդապետը շեշտեց, որ դպրոցը իր առաքելութիւնը կը կատարէ, բայց ծնողներն ալ ունին իրենց բաժին պարտականութիւնը՝ իրենց զաւակներուն հոգեւոր կեանքը զարգացնելու առումով, որովհետեւ մեր պարտքն է ըլլալ ե՛ւ հայ, ե՛ւ քրիստոնեայ միաժամանակ, որովհետեւ անոնցմէ մէկուն չգոյութիւնը մեզ թերի կը դարձնէ: Ապա ան «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը:

Share