ՀՕՄի ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի տարեկան կալա ձեռնարկը՝ Կիրակի, Մարտ 12-ին

ՀՕՄի ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի տարեկան կալա ձեռնարկը՝ Կիրակի, Մարտ 12-ին

Յայտարարութիւն

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի

Տարեկան Կալա Ձեռնարկը՝ Կիրակի, Մարտ 12, 2023-ին

Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Շրջանային Վարչութիւնը կը յայտարարէ, թէ իր տարեկան Կալա Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 12, 2023ին, Հոլիվուտի Տաղլեան Համալիրի սրահին մէջ, (1201 North Vine St. Los Angeles, CA 90038), որ կը սկսի երեկոյեան՝ ժամը 5:00-ին ընդունելութիւն եւ լուռ աճուրդով, որուն կը յաջորդէ ընթրիքը:

ՀՕՄը հայ կանացի բարեսիրական փառաշուք կազմակերպութիւն մըն է աշխարհի տարածքին, որ հիմնադրուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ 1910 թուականին: ՀՕՄ-ի Արեւմտեան շրջանը իր 1100 անդամներով եւ 23 մասնաճիւղերով, Ընկերային Ծառայութիւններու 3 գրասենեակներով եւ Հոգեբանական Կեդրոնով, մեծ ներդրում եւ դերակատարութիւն ունի համայնքին եւ հայրենիքին ծառայելու գործընթացին:

Այս տարուան Կալային հասոյթը պիտի յատկացուի ՀՕՄ-ի կողմէն հովանաւորուած բոլոր մարդասիրական ծրագիրներուն, յատկապէս օգնութիւն ցուցաբերելով կարիքաւոր անհատներուն եւ ընտանիքներուն թէ’ տեղական եւ թէ’ միջազգային մակարդակով: ՀՕՄ-ը միշտ պատրաստ է գոհացնելու կարիքաւորներուն պահանջքները, որոնք կեանքի դժուարութիւններ եւ տագնապներ կը դիմագրաւեն ու անմիջական կարիքն ունին ժողովուրդին գուրգուրանքին եւ քաջելերանքին  եւ մեր բոլորին օժանդակութիւնը կը նկատենք անյետաձգելի եւ հրամայական:

ՀՕՄը բարի գործերով լեցուն երկար կեանք ունի եւ անկասկած պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը ի սպաս հայ ժողովուրդին, հաւատարիմ մնալով «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» իր խորիմաստ նշանաբանին: 

Յաւելեալ տեղեկութիւններու, տոմսերու ամրագրման եւ հովանաւորութեան հնարաւորութիւններ ձեռք բերելու համար հաճեցեք դիմել ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան գրասենեակ հեռաձայնելով (818) 500-1343 թիւին կամ յղելով office@arswestusa.org ե-նամակին:

Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի

Շրջանային Վարչութիւն

Share