Ադրբեջանցիները կրակում են իրենց ոտքերին՝ շրջափակելով Լաչինի միջանցքը

Ադրբեջանցիները կրակում են իրենց ոտքերին՝ շրջափակելով Լաչինի միջանցքը

Յարութ Սասունեան
«Կալիֆորնիայ կուրիեր» թերթի հրատարակիչ

Արցախում 120 հազար հայեր գոյատեւման պայքար են մղում զրոյից ցածր ջերմաստիճանի պայմաններում, առանց ջերմութեան, սննդի եւ դեղորայքի՝ բնապահպաններ ձեւացող էկոյ-ահաբեկիչների կողմից Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով: Սակայն, Ադրբեջանը չի խուսափելու իր մարդու իրաւունքների լուրջ խախտումներից՝ առանց բարձր գին վճարելու։

Ադրբեջանը ծաղրի առարկայ է դարձել ամբողջ աշխարհում։ Գրեթէ բոլոր կառավարութիւնները, բացի Էրդողանի բռնապետութիւնից, դատապարտել են Արցախի անմարդկային շրջափակումը։

Միջազգային կազմակերպութիւնները, ինչպիսիք են ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը, Եւրախորհրդարանը, Եւրոպայի խորհուրդը, Եւրամիութիւնը եւ Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանը, քննադատել են Ադրբեջանի կառավարութեանը՝ Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեանը շրջափակելու համար։

Աշխարհի հազարաւոր թերթեր եւ հեռուստաընկերութիւններ խիստ յարձակման են ենթարկել Ադրբեջանը։

Բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ, յայտնի անձնաւորութիւններ եւ խորհրդարաններ կոչ են արել Ադրբեջանին անյապաղ ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքը։

Այսպիսով, միլիարդաւոր դոլարները, որոնք Ադրբեջանը որպէս կաշառք վճարել է Եւրոպայում եւ ամբողջ աշխարհում դրական գովազդ ստանալու համար, վատնուել է:

Միջազգային իրաւունքի անթիւ խախտումներից յետոյ բոլորը տեղեկացել են Ադրբեջանի բռնապետական վարչակարգի մասին։

Այսուհետեւ ոչ մի երկիր Հայաստանին չի յորդորի խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Ադրբեջանի հետ՝ հաշուի առնելով նրա ցեղասպանական գործողութիւնները։ Բացի ժողովրդի բացայայտ սպանութիւնից, ՄԱԿ-ը ցեղասպանութիւնը սահմանում է նաև որպէս «միտումնաւոր ստեղծում խմբի կենսապայմաններ, որոնք հաշուարկուած են դրա ամբողջական կամ մասնակի ֆիզիկական ոչնչացման համար»։

Ցանկացած հակամարտութեան երկու կողմերը պէտք է ձգտէն խաղաղութեան։ Երբ Ադրբեջանը վճռել է կործանել Արցախն ու Հայաստանը, ինչպե՞ս կարող է որեւէ մէկն ակնկալել խաղաղ համակեցութիւն նման մարդասպան հարեւանի հետ:

Նախագահ Ալիեւը վարկաբեկեց իր իսկ պնդումը, որ արցախահայերը կարող են երջանիկ ապրել ադրբեջանական իշխանութեան ներքոյ, ինչպէս Ադրբեջանի մնացած բոլոր քաղաքացիները։ Քանի որ ադրբեջանցիներն իրենք իսկ զրկուած են իրենց տարրական իրաւունքներից, ինչպե՞ս կարող է արցախահայութիւնը օգտուել որեւէ իրաւունքից։ Արցախահայերի համար անհնար է ապրել Ադրբեջանում, որի իշխանութիւնը սովի է մատնում իր «ապագայ» քաղաքացիներին։

Ալիեւը չի թաքցնում իր նենգ մտադրութիւնը։ Նա պարբերաբար հայատեաց յայտարարութիւններ է անում՝ պնդելով, որ Արցախից բացի, ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է պատմական Ադրբեջան։ Իհարկէ, սա ծիծաղելի յայտարարութիւն է, քանի որ Հայաստանը գոյութիւն ունի հազարաւոր տարիներ, իսկ Ադրբեջանը հազիւ հարիւր տարեկանն անց է:

Ադրբեջանցի կեղծ բնապահպանները երբեք չէն բողոքել սեփական երկրում օդի խիստ աղտոտուածութեան դէմ։ Նրանք նաեւ անտեսեցին ադրբեջանական զինուժի կողմից միջազգայնօրէն արգելուած սպիտակ ֆոսֆորի օգտագործումը 2020 թուականի պատերազմի ժամանակ, որը ոչնչացրեց անտառները, մարդկանց եւ այլ արարածներ Արցախում:

Այսպէս կոչուած ադրբեջանցի ցուցարարներից շատերը, որոնք արգելափակել են Լաչինի միջանցքը, ադրբեջանցի զինուորականներ են: Ոչ մի ադրբեջանցի իրաւունք չունի մուտք գործել Արցախի բռնազաւթուած տարածքներ առանց Ադրբեջանի կառավարութեան թոյլտուութեան։ Յատկապէս ծիծաղելի է ադրբեջանցի կին ցուցարարը, որը ջրաքիսի վերարկու հագած, ներկայանում էր որպէս բնապահպան…

Միեւնոյն ժամանակ, Ադրբեջանի կառավարութիւնը շարունակում էր հերքել, որ ադրբեջանցիները շրջափակել են Լաչինի միջանցքը՝ ցուցադրելով տեսագրութիւնները Միջազգային Կարմիր Խաչի մի քանի մեքենաների եւ ռուս խաղաղապահների բեռնատարների, որոնք անցնում են միջանցքով։ Պաշարների փոքր քանակութիւնը, որը թոյլատրւում է բերել Արցախ, չնչին տոկոսն է նախկինում Հայաստանից Արցախ օրական առաքուող 400 տօննայ պաշարների մէջ։

Արցախի անփորձ ղեկավարները թոյլ տուեցին աններելի սխալներ՝ վնասելով իրենց սեփական շահերին։ Արցախի կառավարութիւնն անխոհեմ որոշում կայացրեց փակել իրենց հանքերը՝ ի պատասխան դրանք ստուգելու ադրբեջանական պահանջների։ Այսպիսով, Արցախի կառավարութիւնը զրկուեց այս հանքերից ստացած հարկային մեծ եկամուտներից եւ արցախցի հարիւրաւոր հանքագործների թողեց առանց աշխատանքի ու եկամուտների։ Աւելին, փոխանակ Ադրբեջանին ասելու, որ իրենք գործ չունեն Արցախի հանքերի հետ, Արցախի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ թոյլ կը տայ միջազգային տեսուչներին գալ եւ ստուգել հանքերը։

Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեայի թոյլ տուած միւս սխալը նրա յայտարարութիւնն էր, թէ հայ աւազակները փող են աշխատում՝ օգտագործելով Լաչինի միջանցքը շրջանցող կողմնակի ճանապարհները՝ մաքսանենգութեամբ մարդկանց ու ապրանքներ տեղափոխելու Արցախ եւ այնտեղից դուրս բերելու համար։ Այս անտեղի յայտարարութիւնն անմիջապէս տարածուեց ադրբեջանական լրատուամիջոցներով, որոնք հրապարակեցին Արցախ հասնելու այլընտրանքային երթուղու քարտէզը՝ սպառնալով ռմբակոծել այդ ճանապարհը եւ աշխարհին ասելով, որ Արցախի շրջափակում չկայ։

Բացի Ադրբեջանից, Լաչինի միջանցքի շրջափակման համար մեղաւոր է նաեւ Ռուսաստանը, քանի որ նա է պատասխանատու միջանցքը բաց պահելու համար՝ համաձայն 2020 թուականի պատերազմի աւարտին Հայաստանի, Ադրբեջանի եւ Ռուսաստանի ստորագրած համաձայնագրի։ Ռուս խաղաղապահները չպէտք է թոյլ տային, որ ադրբեջանական խուժանը հասներ միջանցք, ուր մնաց փակեր այն։ Աւելին, 120 հազար արցախահայերը դանդաղ սովամահ լինելու փոխարէն պէտք է բռնի ուժով հեռացնէին ադրբեջանական ամբոխին ու բացեին միջանցքը։

Շրջափակման պատասխանատուութեան իր բաժինն ունի Հայաստանի իշխանութիւնը։ Արցախի ղեկավարներին ասելով, որ իրենց վէճը լուծելու համար ուղղակիօրէն գործ ունենան Ադրբեջանի հետ, Հայաստանի ղեկավարները լուացել են իրենց ձեռքերը Արցախից՝ Արցախին միայնակ թողնելով դիմակայելու ադրբեջանական հզօր թշնամուն, թէեւ Հայաստանը բազմիցս յայտարարել է, որ ինքն է Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը։

Ի վերջոյ, սփիւռքահայ համայնքները, խաղաղ ցոյցեր անելու փոխարէն, պէտք է շրջապատէն Ադրբեջանի հիւպատոսութիւններն ու դեսպանատներն ամբողջ աշխարհում՝ թոյլ չտալով ադրբեջանցիներին ելումուտ անել այդ շէնքեր, ինչպէս որ նրանք են արգելափակել Լաչինի միջանցքը։

Թարգմանութիւնը՝ Ռուզաննա Աւագեանի

«Արևմտահայերէն»

Ատրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին՝ Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

www.TheCaliforniaCourier.com

Արցախի մէջ 120 հազար հայեր գոյատեւման պայքար կը մղեն զերոյէն ցած ջերմաստիճանի պայմաններու մէջ, առանց ջերմութեան, սնունդի եւ դեղորայքի՝ բնապահպաններ ձեւացող էքօ-ահաբեկիչներու կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով: Սակայն, Ատրպէյճան պիտի չխուսափի մարդկային իրաւունքներու կապուած լուրջ խախտումներէն, առանց բարձր գին վճարելու։

Ատրպէյճան ծաղրի առարկայ դարձած է ամբողջ աշխարհին։ Գրեթէ բոլոր կառավարութիւնները, բացի Էրտողանի բռնապետութենէն, դատապարտած են Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի անմարդկային շրջափակումը։

Միջազգային կազմակերպութիւնները, օրինակ՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, Եւրոպական խորհրդարանը, Եւրոպայի խորհուրդը, Եւրոպական միութիւնը եւ Մարդկային  իրաւունքներու եւրոպական դատարանը, քննադատած են Ատրպէյճանի կառավարութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան բնակչութիւնը շրջափակելուն համար։

Աշխարհի հազարաւոր թերթեր եւ հեռատեսիլային ընկերութիւններ խիստ յարձակման  ենթարկած են Ատրպէյճանը։

Քաղաքական բազմաթիւ գործիչներ, յայտնի անձնաւորութիւններ եւ խորհրդարաններ կոչ ըրած են Ատրպէյճանին՝ անյապաղ ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքը։

Այսպիսով, միլիառաւոր այն տոլարները, զորս Ատրպէյճան իբրեւ կաշառք վճարած է Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, որպէսզի ստանայ դրական գնահատանք, վատնուած է:

Միջազգային իրաւունքի անթիւ խախտումներէ ետք, բոլորը տեղեկացած են Ատրպէյճանի բռնապետական վարչակարգի մասին։

Այսուհետեւ, ոչ մէկ երկիր պիտի յորդորէ Հայաստանը խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Ատրպէյճանի հետ, հաշուի առնելով վերջինիս ցեղասպանական գործողութիւնները։ Բացի ժողովուրդին բացայայտ սպաննութենէն, ՄԱԿ Ցեղասպանութիւնը կը սահմանէ նաեւ իբրեւ «կենսապայմաններու միտումնաւոր  ստեղծում խումբի մը, անոր ֆիզիքական ամբողջական կամ մասնակի ոչնչացման համար»։   

Որեւէ հակամարտութեան մը երկու կողմերը պէտք է որ ձգտին խաղաղութեան։ Երբ Ատրպէյճան վճռած է կործանել Արցախն ու Հայաստանը, ինչպէ՞ս կրնայ մէկը ակնկալել խաղաղ համակեցութիւն, այսպիսի մարդասպան դրացիի մը հետ:

Նախագահ Ալիեւ վարկաբեկեց իր իսկ պնդումը, որ արցախահայերը կրնան երջանիկ ապրիլ ատրպէյճանական իշխանութեան տակ, ինչպէս Ատրպէյճանի միւս բոլոր քաղաքացիները։ Քանի որ ատրպէյճանցիները իրենք իսկ զրկուած են իրենց տարրական իրաւունքներէն, ինչպէ՞ս կրնայ արցախահայութիւնը օգտուիլ որեւէ իրաւունքէ։ Արցախահայերուն համար անկարելի է ապրիլ Ատրպէյճանի մէջ, որուն իշխանութիւնը սովի կը մատնէ իր «ապագայ» քաղաքացիները։

Ալիեւ չի թաքցներ իր նենգ մտադրութիւնը։ Ան պարբերաբար հայատեաց յայտարարութիւններ կ՛ընէ՝ պնդելով, որ Արցախէն բացի, ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատմական Ատրպէյճան է։ Ի հարկէ, ասիկա ծիծաղելի յայտարարութիւն է, քանի որ Հայաստան գոյութիւն ունի հազարաւոր տարիներէ ի վեր, իսկ Ատրպէյճան հազիւ հարիւր տարեկանը անց պետութիւն է:

Ատրպէյճանցի կեղծ բնապահպանները երբեք չեն բողոքած սեփական երկրի մէջ օդի խիստ ապականութեան դէմ։ Անոնք նաեւ անտեսեցին ատրպէյճանական զինուժի կողմէ միջազգայնօրէն արգիլուած սպիտակ ֆոսֆորի օգտագործումը 2020 թուականի պատերազմի ժամանակ. բան մը, որ Արցախի մէջ ոչնչացուց անտառներ, մարդիկ եւ այլ արարածներ:

Այսպէս կոչուած՝ ատրպէյճանցի ցուցարարներէն շատեր, որոնք արգելափակած են Լաչինի միջանցքը, ատրպէյճանցի զինուորականներ են: Ոչ մէկ ատրպէյճանցի իրաւունք ունի մուտք գործելու Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ, առանց Ատրպէյճանի կառավարութեան թոյլտուութեան։ Յատկապէս ծիծաղելի է ատրպէյճանցի կին ցուցարարը, որ ջրաքիսի վերարկու հագած, կը ներկայանար իբրեւ բնապահպան…

Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը շարունակէր հերքել, որ ատրպէյճանցիները շրջափակած են Լաչինի միջանցքը՝ ցուցադրելով տեսագրութիւնները Միջազգային Կարմիր Խաչի քանի մը մեքենաներու եւ ռուս խաղաղապահներու բեռնատարներու, որոնք կ՛անցնին միջանցքով։ Պաշարներու այն փոքր քանակութիւնը, զոր կը թոյլատրուի բերել Արցախ, չնչին տոկոսը կը կազմէ՝ նախապէս, Հայաստանէն Արցախ օրական դրութեամբ առաքուող 400 թոննոց պաշարներուն բաղդատած։

Արցախի անփորձ ղեկավարները թոյլ տուին աններելի սխալներ՝ վնասելով իրենց սեփական շահերուն։ Արցախի կառավարութիւնը անխոհեմ որոշում կայացուց փակելով իր հանքերը՝ ի պատասխան զանոնք ստուգելու ատրպէյճանական պահանջներուն։ Այսպիսով, Արցախի կառավարութիւնը զրկուեցաւ այս հանքերէն ստացած հարկային մեծ եկամուտներէն եւ արցախցի հարիւրաւոր հանքագործները ձգեց առանց աշխատանքի ու եկամուտներու։ Աւելին, փոխանակ Ատրպէյճանին ըսելու, որ իրենք գործ չունին Արցախի հանքերուն հետ, Արցախի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ թոյլ կու տայ միջազգային տեսուչներուն՝ գալ եւ ստուգել հանքերը։

Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը թոյլ տուած միւս սխալը՝ անոր յայտարարութիւնն էր, թէ հայ աւազակները դրամ կը շահին՝ օգտագործելով Լաչինի միջանցքը շրջանցող կողմնակի ճամբաները՝ մաքսանենգութեամբ մարդիկ եւ ապրանքներ տեղափոխելու համար Արցախ եւ հոնկէ դուրս բերելու համար։ Այս անտեղի յայտարարութիւնը անմիջապէս տարածուեցաւ ատրպէյճանական լրատուական միջոցներով, որոնք հրապարակեցին Արցախ հասնելու այլընտրանքային երթուղիին քարտէսը՝ սպառնալով ռմբակոծել այդ ճամբան եւ աշխարհին ըսելով, թէ Արցախի շրջափակում չկայ։

Բացի Ատրպէյճանէն, Լաչինի միջանցքի շրջափակման համար մեղաւոր է նաեւ Ռուսիան, քանի որ պատասխանատուն ի՛նքն է միջանցքը բաց պահելու, ըստ 2020-ի պատերազմի աւարտին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ստորագրած համաձայնագիրին։ Ռուս խաղաղապահները պէտք չէ թոյլ տային, որ ատրպէյճանական խուժանը հասնէր միջանցք, ո՜ւր մնաց որ փակէր զայն։ Աւելին, 120 հազար արցախահայերը դանդաղ սովամահ ըլլալու փոխարէն, պէտք է որ բռնի ուժով հեռացնէին ատրպէյճանական ամբոխը եւ բանային միջանցքը։

Շրջափակման պատասխանատուութեան իր բաժինը ունի Հայաստանի իշխանութիւնը։ Արցախի ղեկավարներուն ըսելով այն, որ իրենց վէճը լուծելու համար թող ուղղակիօրէն գործ ունենան Ատրպէյճանի հետ, Հայաստանի ղեկավարները լուացած են իրենց ձեռքերը Արցախէն՝ ատրպէյճանական հզօր թշնամին դիմակայելու մէջ Արցախը ձգելով միսմինակ, թէեւ Հայաստան բազմիցս յայտարարած է, որ ինքն է Արցախի ապահովութեան երաշխաւորը։

Ի վերջոյ, սփիւռքահայ համայնքները խաղաղ ցոյցեր ընելու փոխարէն, պէտք է շրջապատեն Ատրպէյճանի հիւպատոսութիւններն ու դեսպանատուները ամբողջ աշխարհի տարածքին՝ թոյլ չտալով ատրպէյճանցիներուն՝ ելեւմուտք ունենալ այդ շէնքերը, ինչպէս որ իրենք արգելափակած են Լաչինի միջանցքը։

Share