Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը (ՀԴԿԽ) կ’ողջունէ եւ կը սատարէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին (ԱՄԱ) 2026 թուականի Նոյեմբեր 19-ի որոշումը, որով կը հաստատուի, թէ Միանմարը ցեղասպանութիւն գործադրած է Ռոհինկա ժողովուրդին դէմ՝ Հիւսիսային Ռաքայն նահանգին մէջ, 2017-ի «մաքրագործման գործողութիւններ»ուն ընթացքին։
Որոշումը առաջինն է, որ պետութեան մը պատասխանատու կը նկատէ իբրեւ ցեղասպանութեան յանցագործութիւն իրականացնող, եւ այսպիսով հիմնարար նախադէպ կը ստեղծէ։ Այս իմաստով, ան իբրեւ պատմական հանգրուան, պէտք է արժանանայ միջազգային հանրութեան լիակատար աջակցութեան։
Ռոհինկա ժողովուրդը ենթարկուեցաւ ծանր վայրագութիւններու՝ խտրականութենէ եւ հալածանքէ մինչեւ սպանութիւններ, աւերածութիւն, թալան, բռնաբարութիւն եւ ցեղասպանական մտադրութեամբ բռնի տեղահանում։ Դատարանի որոշումը, հետեւաբար, առանցքային է անպատժելիութեան դէմ պայքարին համար եւ կը վերականգնէ միջազգային իրաւունքի, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներուն յանձնառութեան իմաստը, արժէքն ու շրջանակը։ Միանմարին պարտադրելէ զատ, որ հետապնդէ պատասխանատուները եւ երաշխաւորէ որ այդ արարքը պիտի չկրկնուի, Դատարանը կարգադրեց հատուցում՝ ներառեալ տեղահանուած Ռոհինկաներուն ապահով, կամաւոր եւ արժանապատիւ վերադարձը իրենց բնակավայրերը եւ ընտանիքներու վերամիաւորումը, ինչպէս նաեւ պատճառուած վնասին համար հատուցում։ Այսպիսով, Դատարանը հաստատեց, որ զոհերուն համար արդարութիւնը կը նշանակէ ոչ միայն հաշուետուութիւն, այլ նաեւ վերադարձ եւ հատուցում։ Իբրեւ այդպիսին՝ այս որոշումը նաեւ վճռականութեան դրսեւորում է ընդդէմ մեծապետական շահերուն, որոնք կը ձգտին արժեզրկել միջազգային իրաւունքը, կազմակերպութիւններն ու նախաձեռնութիւնները, որոնք կը պայքարին ցեղասպանութեան, պատերազմական ոճիրներու եւ այլ վայրագ ոճիրներու դէմ։
Հայ ժողովուրդը ապրեցաւ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւններէն մին՝ 1915–1923 թուականներուն, իրաւական յղացքի բանաձեւումէն առաջ. դէպք մը, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայութեան բնաջնջման պետական ծրագիրը յղացքը հեղինակած իրաւագէտ Ռաֆայէլ Լեմքինին համար դարձուց փաստացի պատմական օրինակ, երբ ան բանաձեւեց եզրը։
Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը խլեց 1,5 միլիոն հայերու կեանքը, բռնի կերպով տեղահանեց եւ ցրեց հարիւր հազարաւոր ուրիշներ, եւ հայ ժողովուրդը զրկեց իր պատմական հայրենիքին մեծ մասէն։
Թուրքիա կը շարունակէ ժխտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, թէեւ ան ոչ միայն Օսմանեան կայսրութեան շարունակող պետութիւնն է, որ ծրագրեց եւ իրականացուց ոճիրին հիմնական փուլը, այլեւ ինք ալ շարունակեց այդ յանցագործութիւնը իր կազմաւորման տարիներուն։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, Պոլսոյ 1919–1920 թուականներու Յատուկ զինուորական ատեանները դատեցին Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան (ՄՅԿ)՝ Ցեղասպանութեան ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան իշխող կուսակցութեան բարձրաստիճան ղեկավարները՝ Կայսրութեան հայ բնակչութեան զանգուածային տեղահանութիւնն ու բնաջնջումը կազմակերպելու համար, սակայն անոնց վճիռները մեծ մասամբ չեղեալ համարուեցան թրքական ազգայնական շարժման վերելքով, որ յանգեցուց Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրման։
Հակառակ 1965-ին Ցեղասպանութեան յիսնամեակէն սկսեալ Սփիւռքի մէջ համաշխարհային քաղաքական զօրաշարժի արդիւնքով՝ եւ ապա նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ հետապնդուած՝ ձեռք բերուած բազմաթիւ ճանաչումներուն, ընդ որում՝ օրէնքով ամրագրուածներուն, ոչ մէկ միջազգային ատեան դեռ քննած է հարցը իր պատշաճ իրաւական հարթութեան վրայ՝ ի խնդիր պատմական ճշմարտութեան վերականգնումը օրէնքի ուժով ամրագրելու, արդարութիւն գործադրելու եւ ցեղասպանութեան կանխարգելման միջազգային յանձնառութիւնը ամրապնդելու համար։ Թէեւ 1948-ի Ցեղասպանութեան Ուխտի IX յօդուածին ներքոյ իրաւասութեան ժամանակային սահմանները եւ ոչ-յետադարձելիութիւնը սովորաբար կը կիրարկուին՝ տուեալ Ուխտի ուժի մէջ մտնելէն առաջ կատարուած վայրագութիւններուն ԱՄԴ քննութիւնը բացառելու համար, այդ իրաւասութեան սահմանափակումը չի ջնջեր պատմական կամ բարոյական պատասխանատուութիւնը, մանաւանդ երբ դեռ 1915-ի Մայիսին Դաշնակից տէրութիւնները հայերու ջարդերը դատապարտեցին իբրեւ «յանցագործութիւն մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ» եւ նախազգուշացուցին, որ պատասխանատուները անձնապէս պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին։ Ուր պայմանագրային ատեանները կը բախին ժամանակային սահմանափակումներու, իմաստալից հատուցումը դեռ կը պահանջէ շարունակական դիւանագիտական, դատական եւ վերականգնողական միջոցներ՝ չկրկնուելիութեան երաշխիքներուն եւ լիակատար պատմական ճշմարտութեան կողքին։
Աւելի՛ն, համաշխարհային համավարակի պայմաններու մէջ եւ Թուրքիոյ բացայայտ մասնակցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի՝ Արցախի պատմական հայկական երկրամասի լեռնային շրջանին դէմ սանձազերծուած քառասունչորօրեայ պատերազմը (27 Սեպտեմբեր – 9 Նոյեմբեր 2020) իր վերջնական նպատակին հասցնելով, Ազրպէյճան 19 Սեպտեմբեր 2023-ին կրկին անցաւ վերջնական յարձակման եւ ստիպեց շրջանին ամբողջ 120,000 հայ բնակչութեան տեղահանումը իր բնիկ հայրենիքէն՝ արարք մը, որ բնութագրուեցաւ իբրեւ ցեղասպանական բնոյթ ունեցող՝ Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան (IAGS), Լեմքինի Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Հիմնարկին եւ միջազգային իրաւունքի շարք մը մասնագէտներու կողմէ։ Յատկանշական է, որ 22 Սեպտեմբեր 2023-ին՝ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին վերոնշեալ Ուխտի 75-ամեակին առթիւ, ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով այդ ատենուան Յատուկ խորհրդատու Ալիս Ուայրիմու Նտերիթու զգուշացուց ցեղասպանութեան վտանգի տակ գտնուող վեց ընթացիկ իրավիճակներու սպառնալիքին մասին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն ծանր կացութիւնը բացայայտօրէն զետեղելով Միանմարի Ռոհինկաներուն կողքին։
Երկու անգամ ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհ դարձած հայ ժողովուրդը՝ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի, յատուկ շահ ունի ողջունելու միջազգային իրաւունքի նման հաստատումները։
Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ռոհինկա ժողովուրդին եւ կ’ողջունէ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին որոշումը, որ զանոնք կը մօտեցնէ արդարութեան։ Ականատես ենք քսանմէկերորդ դարուն ցեղասպանութեան դէմ պայքարի ամենավճռորոշ իրադարձութեան մը, որ պիտի խրախուսէ խոցելի ժողովուրդները՝ կառուցելու լայն համաշխարհային համագործակցութիւն ոճրագործներուն դէմ եւ պայքարելու ճշմարտութեան համար՝ ուրացումին դէմ, յիշողութեան համար՝ մոռացութեան դէմ, հատուցումներու համար՝ անպատժելիութեան դէմ, եւ կեանքի համար՝ մահուան դէմ։
Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդ
23 Նոյեմբեր 2026
