Դոկտ. Ռապըրթ Գրիգորեանը նշանակուած է Հայ Դատի Յանձնախումբ հետազօտութեան եւ վերլուծութեան տնօրէն

Դոկտ. Ռապըրթ Գրիգորեանը նշանակուած է Հայ Դատի Յանձնախումբ հետազօտութեան եւ վերլուծութեան տնօրէն

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ դոկտ. Ռապըրթ  Գրիգորեանը նշանակուած է կազմակերպութեան Հետազօտութեան եւ Վերլուծութեան նոր տնօրէն։

Պետական բաժանմունքի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ Գրիգորեան ունի հետախուզական եւ դիւանագիտական աշխատանքի աւելի քան երկու տասնամեակի փորձառութիւն, ինչպէս նաեւ գիտական ու հանրային ծառայութեան յիշատակելի կենսագրութիւն։

Հայ Դատի նախագահ Ճորճ Աղճայեան, ողջունելով նշանակումը, կ՛ընդգծէ, որ հայ ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը պահանջեն համայնքին եւ ազգային դատին ծառայութեան լծել լաւագոյն մասնագէտները։ Ան աւելցուց, որ Գրիգորեանի պետական ծառայութեան տասնամեակներու փորձառութիւնը, գիտական վաստակը եւ ակադեմական շրջանակներու հետ ունեցած սերտ կապերը պիտի ընդարձակեն Հայ Դատի ազդեցութիւնը Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ։

Հայ Դատի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան եւս կարեւոր նկատեց այս նշանակումը՝ ընդգծելով, որ Գրիգորեան աւելի քան 20 տարի ծառայած է ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան հաստատութիւններուն մէջ եւ անմիջականօրէն ծանօթ է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նման թշնամական շահեր հետապնդող երկիրներու՝ Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը իրենց նպատակներուն ծառայեցնելու հետեւողական փորձերուն։

Դոկտ. Գրիգորեան 22 տարի ծառայած է Ա․Մ․Ն․ պետական բաժանմունքին մէջ, մեծ մասամբ՝ հետախուզութեան եւ հետազօտութեան գրասենեակին մէջ։ Ան վարած է շարք մը բարձր պաշտօններ, որոնց շարքին՝ վերլուծական չափանիշներու եւ համարկման բաժանմունքի տնօրէն, վերլուծական աջակցութեան եւ արտադրութեան տնօրէն, ինչպէս նաեւ ռազմավարական հետախուզութեան աւագ խորհրդական։

Իր պետական ծառայութեան սկիզբը ան աշխատած է իբրեւ դիւանագիտական պատմաբան՝ պատմական գիտելիքներու ուղղութեամբ։ Դասաւանդած է «Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարանի «Էլիոթ» միջազգային յարաբերութիւններու դպրոցին մէջ, ինչպէս նաեւ դասախօսած՝ արտաքին ծառայութեան հիմնարկին մէջ՝ պատրաստելով ամերիկացի դիւանագէտներ Հարաւային Կովկասի եւ այլ շրջաններու մէջ պաշտօնավարելու համար։

Հայաստանի նկատմամբ իր խոր ծանօթութիւնը հիմնուած է նաեւ անձնական փորձառութեան վրայ։ Խորհրդային շրջանի վերջին տարիներուն ան աշխատած է Հայաստանի մէջ գործող միջազգային զարգացման կազմակերպութիւններու հետ, ներառեալ՝ միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) շրջանակին մէջ, 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք։

Ուստըր (Մասաչուսէց) ծնած, Գրիգորեան սերած է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած ընտանիքէ մը, որուն արմատները կը հասնին Խարբերդ, Մալաթիա եւ Ատանա։ Ան իր համալսարանական առաջին տիտղոսը ստացած է «Քլարք» համալսարանէն, մագիստրոսի վկայականը՝ «Ճորճ Ուաշինկթըն»  համալսարանէն, իսկ պատմութեան եւ եւրասիական ուսումնասիրութիւններու դոկտորական աստիճանը՝ «Հարվըրտ» համալսարանէն, ուր նաեւ դասաւանդած է ռուսական եւ Միջին Արեւելքի պատմութիւն։

Գրիգորեան Հայ Դատի անձնակազմին կը միանայ կազմակերպութեան հետ երկար տարիներու սերտ գործակցութենէ ետք։ Ան հանդիսացած է 2026-ի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման՝ Քոնկրէսի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին վարողը, ուր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու Թուրքիոյ շարունակական քաղաքականութիւնը ուղղակիօրէն կապած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ գործադրուած յարձակման հետ։

Տարիներ շարունակ Գրիգորեան իր գիտելիքներն ու փորձառութիւնը փոխանցած է Հայ Դատի երիտասարդական զանազան ծրագիրներու մասնակիցներուն՝ երիտասարդ մասնագէտներէն մինչեւ համալսարանական եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ։ Ան քաջալերած է երիտասարդ հայ ամերիկացիները՝ ընդարձակելու համայնքին ձայնն ու ներկայութիւնը այն բոլոր շրջանակներուն մէջ, ուր կը ձեւաւորուին քաղաքական որոշումները։

«Իմ մասնագիտական կեանքիս ամենէն գոհացուցիչ պահերէն ոմանք եղած են այն հանդիպումները, զորս ունեցած եմ հանրային ծառայութեան ասպարէզ մուտք գործող երիտասարդ հայ ամերիկացիներու հետ։ Անոնք խելացի են, վճռակամ եւ անվախ, եւ տասնամեակներ շարունակ պիտի շարունակեն մեր դատին ծառայել։ Այս պատասխանատուութեան պատրաստելը Հայ Դատի մէջ իմ ստանձնելիք կարեւորագոյն աշխատանքներէն մէկն է։ Պատիւ է փորձառութիւնս տրամադրել այնպիսի կազմակերպութեան մը, որ նուիրուած է Հայ Դատի մէջ արմատացած համամարդկային արժէքներու պաշտպանութեան։», կը յայտնէ դոկտ. Գրիգորեան։

Share