Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, քոյր միութիւններու եւ ազգային կառոյցներու ծանօթացման յաջող հանդիպում Միասնականութեան, փոխադարձ գործակցութեան եւ ազգային ծառայութեան ոգիով յատկանշուող երեկոյ մը
Հ.Յ.Դաշնակցութեան «Ռոստոմ» Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով կազմակերպուած ծանօթացման եւ խորհրդակցական հաւաքը պսակուեցաւ յաջողութեամբ ՝ համախմբելով շրջանի քոյր միութիւններու, ազգային հաստատութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչները։
Ջերմ, մտերմիկ եւ խրախուսիչ մթնոլորտի մէջ կայացած այս հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ փոխադարձ ծանօթացման, կատարուած աշխատանքներու ներկայացման, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներու եւ համագործակցութեան կարելիութիւններու շուրջ մտքերու փոխանակման։
Հաւաքին ներկայ էին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ ՝ Արժ. Տէր Ռազմիկ Աւագ Քհնյ. Խաչատուրեան, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի եւ Մարի Գապայեան նախակրթարանի տնօրէնութիւնները, Ուսումնական խորհուրդը, շրջանի Հայ Դատի ներկայացուցիչները, Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ), Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ), Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի, ինչպէս նաեւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան նորընտիր վարչութիւնը։




Հանդիպման ընթացքին, իւրաքանչիւր մարմին առիթ ունեցաւ ներկայացնելու իր վարչական կազմը, գործունէութեան հիմնական մարզերը, ընթացիկ աշխատանքներն ու ապագայի ծրագիրները։ Ներկայացումները անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առին մեր շրջանի ազգային, կրթական, եկեղեցական, մշակութային, երիտասարդական եւ հասարակական կեանքին մէջ տարուող բազմաբնոյթ ու հետեւողական աշխատանքները։
Երեկոն յատկանշուեցաւ փոխադարձ յարգանքի, գնահատանքի եւ համագործակցութեան անկեղծ տրամադրութեամբ։ Մասնակիցները բարձր գնահատեցին իւրաքանչիւր կառոյցի ներդրումն ու անսակարկ ծառայութիւնը ՝ շեշտելով, որ մեր գաղութի կենսունակութիւնը, ազգային դիմագիծի պահպանումն ու ապագայ սերունդներու հայեցիդաստիարակութիւնը կը պահանջեն միասնական կամք, հետեւողական աշխատանք եւ սերտ գործակցութիւն։
Այս հանդիպումը նաեւ վերահաստատեց այն համոզումը, թէ մեր ազգային կառոյցներու զօրութիւնը կը կայանայ ոչ միայն անոնց առանձին գործունէութեան, այլեւ փոխադարձ աջակցութեան, համադրուած ճիգերուն եւ հասարակաց նպատակներու շուրջ համախմբուելու պատրաստակամութեան մէջ։
Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» Կոմիտէի կողմէ կազմակերպուած այս նախաձեռնութիւնը գնահատելի առիթ մը հանդիսացաւ առաւել եւս ամրապնդելու քոյր միութիւններու եւ ազգային հաստատութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերը ՝ նոր թափ հաղորդելով համատեղ աշխատանքի եւ փոխադարձ գործակցութեան ոգիին։
Երեկոյի աւարտին, մասնակիցները գոհունակութեամբ եւ լաւատեսութեամբ վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու իրարու թիկունք կանգնիլ, զօրավիգ ըլլալ միմեանց նախաձեռնութիւններուն եւ անսասան նուիրումով ծառայել հայ ժողովուրդին, մեր գաղութին ու գալիք սերունդներուն։
Արդարեւ, յաջողութեամբ պսակուած այս հանդիպումը անգամ մը եւս փաստեց, որ միասնականութիւնն ու հաւաքական աշխատանքը մեր ազգային կեանքի ամրապնդման, գոյատեւման եւ յարատեւութեան հիմնական գրաւականներն են։
Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» Կոմիտէ
