Հիւսիսային ամերիկայի երեք թեմերու հոգեւորականաց համագումար

Հիւսիսային ամերիկայի երեք թեմերու հոգեւորականաց համագումար

Նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերու Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Գեղամ Ս․ Արքեպիսկոպոս Խաչերեանի, Տէր Անուշաւան Ս․ Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի եւ Բաբգէն Ս․ Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Թարգմանչաց տօնի առթիւ հոգեւորականաց միջ-թեմական երկօրեայ համագումար մը տեղի ունեցաւ 6-8 Հոկտեմբերին, Լոս Անճելըսի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։

Ժողովին գլխաւոր թեման էր «Հոգեւոր վերանորոգում՝ ծառայութեան նոր շունչ», ի հետեւումն Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ․ Տ․ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի «2026 – Հոգեւոր Վերանորոգման Տարի» հռչակագրին։

Ժողովականները իրենց աշխատանքներուն լոյսին տակ անդրադարձան «Տեսիլքէն դէպի առաքելութիւն» եւ «Եկեղեցին այսօրուան մարտահրաւէրներուն դիմաց» առանցքային զոյգ թեմաներուն, յատկապէս քննարկելով, թէ եկեղեցին ինչպիսի տեսլական եւ ռազմավարութիւն պէտք է որդեգրէ վերածաղկեցնելու համար հոգեւոր կեանքը, նաեւ նոր սերունդի կեանքին մէջ արուեստական իմացականութեան ունեցած ազդեցութեան դիմաց ինչպիսի գործնական քայլեր պէտք է առնէ։ Միաժամանակ անոնք զբաղեցան Թեմերէն ներս հովուական, ծիսական եւ կարգապահական հարցերով։

Հոգեւոր հայրերը երախտագիտութեան խոր գիտակցութեամբ իրենց հաւատարմութիւնը յայտնեցին Արամ Ա Կաթողիկոսին, նաեւ իրենց ամբողջական գործակցութիւնը ցուցաբերեցին ի խնդիր Սուրբ Աթոռի առաքելութեան յաջողութեան եւ յառաջդիմութեան։

Ժողովականները նիստերու կողքին ունեցան աղօթական ու խորհրդածութեան պահեր։ Համաձայն աւանդութեան, յատուկ հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ երեք Թեմերուն մէջ ծառայած ու վախճանած հոգեւորականներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Հաւաքի կողքին, ներկաները նաեւ հաճոյքով վայելեցին Ֆերահեան վարժարանի աշակերտութեան հրամցուցած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, ինչպէս նաեւ այցելեցին Հոլիվուտի «Կրիֆիթ» աստղադիտարանը։

Համագումարը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով, Հայրապետական մաղթերգով ու «Կիլիկիա» երգով։

Share