ԸՆԿԵՐ ՊԵՏՐՈՍ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ
(1941 թ. Սիրիա — 2026, ԱՄՆ)
Յարգելի սգակիր հարազատներ, բարեկամներ եւ գաղափարական ընկերներ,
Մենք հաւաքուած ենք այստեղ վերջին հրաժեշտը տալու մեր աննկուն ընկերոջ՝ Պետրոս Ասատուրեանին:
Ազգերու պատմութիւնը երբեմն կը գրուի գիրքերով, երբեմն կ՛անմահանայ յուշարձաններով, իսկ ազգին պահապանները միշտ կը մնան անոնք, որոնք ապրեցան պատմութիւնը ոչ միայն իբրեւ վկաներ, այլ նաեւ՝ իբրեւ կերտողներ, իրենց կեցուածքով, օրինակելի վարքով եւ անսասան նուիրումով։
Այդպիսին էր ընկեր Պետրոս Ասատուրեանը։ Ան ապրեցաւ ոչ միայն իբրեւ սովորական անցորդ մը այս կեանքին մէջ, այլ իբրեւ բարոյական պատնէշ, որուն վրայ բախուեցան ժամանակի տարատեսակ քամիները։
1941թ-ին ծնած է Հալէպ, պզտիկ տարիքէն տեղափոխուած է Լիբանան։ 1975 թուին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին Դաշնակցութեան Պուրճ Համուտի ակումբին մեջ իր գործոն մասնակցութիւնը բերած է՝ վարելով Թաղային յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնը եւ նեցուկ կանգնած է շրջանի հայ համայնքի կարիքներուն։ Ան եղած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համակիրներէն։
Պետրոս Ասատուրեան հասակ առած եւ կազմաւորուած է միջավայրի մը մէջ, ուր Դաշնակցութիւնը սոսկ կուսակցութիւն չէր , այլ՝ հաւատամք, բարոյական հենք եւ հայ ժողովուրդի ճակատագիրի կերտմանը մասնակցելու վստահելի ճանապարհ։
1988 թուականին Պետրոսը ընտանեօք կը փոխադրուի Միացյալ Նահանգներ։ Իսկ 1995 թուականին ան որոշում կու տայ կեանքը առյաւէտ կապել իր ծառայած կուսակցութեան՝ Դաշնակցության հետ։ Ան երկար տարիներ եղած է «Ռոստոմ» կոմիտէութեան, այնուհետեւ՝ «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէութեան անդամ։
Պետրոս Ասատուրեան նաեւ մասնակցութիւն բերած է կուսակցութեան քոյր կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս՝ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի անամդ։ Ան իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Համազգայինի «Նաիրի» պարախումբի հիմնադրութեան ընթացքին։ Յանձնառութիւնը ունեցած է նախաձեռնել շրջագայութիւններ դէպի նորանկախ Հայասատան՝ շրջանի ընկերներուն հետ։
Դաշնակցութեան մէջ գոյութիւն չունին մեծ ու փոքր աշխատանքներ, քանզի մեծ յաջողութիւները միշտ պայմանաւորուած կ՛ըլլան երկրորդական կարծեցեալ գործերու յաջողութիւնէն։
Մեր սիրելի ընկեր, այսօր, դուն կը հեռանաս մեզմէ։ Սակայն, քաջ գիտակցելով կորուստդ, մենք չենք ողբար։ Քանզի դուն այս աշխարհին, մեր ազգին, տուիր այն կարեւորագոյնը, զոր չէր կրնար տալ միայն իր անձնական հոգսերով ապրող հայը։
Սերունդները կը շարունակեն քու ձգած ճանապարհը, կը շարունակեն քու հաւատքը գաղափարին հանդէպ եւ քու տածած Սերը՝ առ Հայրենիք։
Հանգչիր խաղաղութեամբ, սիրելի՛ ընկեր:
Յիշատակդ միշտ վառ կը մնայ մեր սիրտերուն մէջ:
