Լիբանանի մէջ մահապատիժը ջնջուեցաւ

Լիբանանի մէջ մահապատիժը ջնջուեցաւ

Լիբանանի Խորհրդարանը որդեգրեց Լիբանանի մէջ մահապատիժը ջնջող օրինագիծը` զայն բարեփոխելէ ետք: Ըստ բարեփոխումին, այս օրինագիծի որդեգրումէն առաջ գործուած ոճիրները փոխան մահապատիժի ցկեանս բանտարկութեամբ կը պատժուին, իսկ որդեգրումէն ետք գործուածները խստացուած դրութեամբ ցկեանս բանտարկութեամբ:

Երեսփոխան Նեպիլ Պատր քննադատեց խստացուած դրութեամբ ցկեանս բանտարկութեան կէտը` նշելով. «Նոր պատիժ կը հնարենք»: Երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ պատասխանեց. «Մահապատիժը ջնջելու պարագային, պէտք է զայն մէկ այլ պատիժով փոխարինենք»:

Խորհրդարանը երէկ երեկոյեան նիստի ընթացքին առանց որեւէ բարեփոխման որդեգրեց տեղեկատուութեան օրինագիծը:

Լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ պաշտպանութեան նախարարին ու վարչապետին միջեւ բուռն վէճ տեղի ունեցած է, եւ վերջինս նախարարին արգիլած է խորհրդարանական նիստին մասնակցիլ: Նիստի ընթացքին պաշտպանութեան նախարար Մնասսայի համաներումի օրէնքի օրակարգի քննարկման ընթացքին խօսք մը արտասանելու եւ բանակի հրամանատարութեան դիրքորոշումը փոխանցելու հարցը վերածուեցաւ վարչապետի իրաւասութեան ու գործադիր իշխանութեան դիրքորոշման արտայայտման մեքանիզմի շուրջ բուռն վէճի նիւթի, եւ խորհրդարանին մէջ լարուած մթնոլորտ ստեղծուեցաւ:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ օրակարգի քննարկման ընթացքին խօսք առնելով յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարարին յայտնած է, թէ ինք կառավարութեան անունով պիտի խօսի, ուստի կառավարական այլ խօսքի կարիք չկայ, եւ հերքեց, թէ նախարարէն պահանջած է խորհրդարանական նիստին ներկայ չըլլալ:

Share