Հինգշաբթի, մայիս 21-ին, Բըրբենքի «Բեշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ կայացաւ «Սիւնիքը՝ վերջին պանէշ» խորագիրով բովանդակալից և տպաւորիչ ֆիլմի ցուցադրութիւնը։ Երեկոյին ներկայ էին ֆիլմի բեմադրիչ Աշոտ Պօղոսեանը եւ պրոդիւսըր դոկտ. Սարգիս Մեսրոպեանը։
Բացման խօսքը ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի անունով փոխանցեց Ռոպերթ Մարգարեանը՝ ընդգծելով նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը ազգային գիտակցութեան պահպանման եւ հայրենական խնդիրներու շուրջ համախմբման գործին մէջ։ Ապա դոկտ. Սարգիս Մեսրոպեան անդրադարձաւ Սիւնիքի ռազմավարական, պատմական եւ գոյաբանական նշանակութեան՝ շեշտելով անոր առանցքային դերը հայ ժողովուրդի անվտանգութեան եւ ապագային համար։
Ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք ներկաները առիթ ունեցան մասնակցելու հետաքրքրական հարց ու պատասխանի՝ բեմադրիչ Աշոտ Պօղոսեանի եւ պրոդիւսըր դոկտ. Սարգիս Մեսրոպեանի հետ, ուր քննարկուեցան ֆիլմի ստեղծման ընթացքը, նպատակներն ու Սիւնիքին առնչուող արդիական մարտահրաւէրները։
