Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէն կը գուժէ մահը` վաստակաւոր ընկեր
Թաթուլ Սոնենց – Փափազեանի,
որ տեղի ունեցաւ Մայիս 6, 2026-ին, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) մէջ։
Խորին ցաւակցութիւններ ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն, բարեկամներուն եւ Հ.Յ.Դ. ընտանիքին:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
Խոր ցաւով կը գուժէ
Հ․Օ․Մ․-ի հրատարակութիւններու բաժանմունքի երկար տարիներու պատասխանատու խմբագիր եւ Կեդրոնական գրասենեակի նախկին վարիչ տնօրէն, ազգային հասարակական գործիչ եւ մտաւորական՝
ԹԱԹՈՒԼ ՍՈՆԵՆՑ – ՓԱՓԱԶԵԱՆի
Մահը, որ պատահեցաւ 6 Մայիս, 2026-ին։
ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ ընկեր Թաթուլ Սոնենց- Փափազեանի մահը եւ այս տխուր առիթով խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ անոր ընտանիքին եւ հարազատներուն։
Ընկեր Թաթուլ Սոնենց մեծ եւ նշանակալից ներդրում ունի Հ․Օ․Մ․-ի հրատարակչական աշխատանքներուն մէջ։ Ան նաեւ ձեռնհասօրէն վարած է Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական գրասենեակի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը։
