Ս. Մահսէրէճեան
18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1920-ԷՆ ԱՌԱՋ ԵՒ ՎԵՐՋ…
(Կամ թուրքին ձեռքերը Էջմիածին հասան)
ՆՇՄԱՐ
Ինչ որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 27 Յունիսին, Էջմիածնի տաճարի շրջափակին մէջ, ո՛չ անակնկալ էր, ո՛չ ալ աննախընթաց: Միակ աննախընթացը՝ իշխանութեան կողմէ Եկեղեցւոյ դէմ արշաւին սաստկացումն էր, նաեւ՝ ՈՒՂՂԱԿԻ յարձակումը ազգային այս հաստատութեան վրայ: Իշխանապետը գործնապէս ըսաւ, որ ինք պիտի շարունակէ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ դէմ իր արշաւները, թիրախ պիտի պահէ ԱԶԳԱՅԻՆ ինքնութեան ԲՈԼՈՐ ԽԱՐԻՍԽՆԵՐՆ ՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՇԻՇՆԵՐԸ, բիրտ ուժով պիտի աշխատի քայքայել Մշակոյթ ու Ազգային դիմագիծ, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ազերիները կ’ընեն… Արցախի մէջ, ճի՛շդ այնպէս՝ ինչ որ թուրքը ըրաւ ու կ’ընէ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին…
Բնական է, որ եղածը ստեղծեց զգացական վիճակ եւ ժողովրդային բուռն հակազդեցութիւն, եւ այդ մթնոլորտին մէջ ալ, մարդիկ արդարօրէն եւ բնականաբար եղածը որակեցին աննախընթաց: Բարձրացան դատապարտումի ալիքներ, որոնց մասնակից եղան տարբեր ասպարէզի մարդիկ, բանական եւ դատողութիւն ունեցող մարդիկ, Հայաստանի մէջ եւ աշխարհի տարածքին: Այդ ալիքները պիտի ծաւալին:
Եղածը կարելի չէ բոլորովին աննախընթաց որակել: Փաստօրէն, ՔՊ-ականներու իշխանութեան առաջին օրէն ի վեր, Հայ Եկեղեցին ԹԻՐԱԽ ՄԸՆ Է, բազում այլ թիրախներու շարքին: Կաթողիկոսին ու այլ կրօնաւորներուն դէմ «անձնական» արշաւը պարզապէս քող մըն է իսկական նպատակին: Թիրախ են բոլոր անոնք՝ որոնք դէմ են ՔՊ-ականներու թրքահաճոյ քայլերուն, որոնք արդէն պատմութեան հսկայ հատոր մը կազմած են տեսանելի եւ մասամբ քողարկեալ դաշտերու մէջ (մշակոյթ, դիւանագիտութիւն, բանակ, տնտեսութիւն եւ այլն): Մեր խօսքը չի վերաբերիր լոկ թուրք-ազերիական պահանջներուն ընդառաջ երթալու եւ ազգ ու հայրենիք փոշիացնելու տանող ԻՐԱԿԱՆԱՑԱԾ քայլերուն, այլ նաեւ անոնց՝ որոնք կը գտնուին այս իշխանաւորներուն ցանկին վրայ, ցանկ՝ որ պատրաստուած եւ իրենց ձեռքը դրուած է թշնամիներուն կողմէ: Այս արարածները բազմիցս փաստած են, եւ պատրաստ են նոր ապացոյցներ տալու, որ թշնամիին պիտի յանձնեն նոր հողեր, պիտի իրականացնեն անոր ԲՈԼՈՐ պահանջները, բոլորն ալ ի վնաս հայութեան: Այս իրականութիւնները չտեսնողը պարզապէս կոյր է, բթամիտ, եւ մասնակից՝ դաւաճանութեան:
Ըսինք՝ եղածը աննախընթաց չէ. մտենք անմիջական եւ քիչ մը հեռաւոր անցեալի պատմութեան էջերուն մէջ, տեսնելու՝ որ 27 Յունիսը պարզապէս նոր բարձրակէտ մը կազմեց այս իշխանութեան «հերոսութիւններուն» ճամբուն վրայ:
«Թաւշեայ յեղափոխութեան» առաջին պտուղներէն մէկն էր խուլիկանական արշաւները՝ Էջմիածինի պարիսպներէն ներս, ապա նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անձին ուղղուած սպառնալիքները, որոնք պահ մը հասան գործնական քայլերու սեմին: Իբրեւ թէ անձնաւորուած թիրախը խաբուսիկ էր – եւ է -, բուն թիրախը Եկեղեցին է, իբրեւ ազգային խարիսխ մը: Արշաւը, նո՛յն արշաւը տարբեր արտայայտութիւններ ունեցաւ, երբ Տաւուշէն ծայր առաւ Բագրատ Սրբազանին շարժումը: Եթէ արագօրէն ցատկենք այլ հանգրուաններու վրայէն, կը հասնինք ներկայի դէպքերուն նախօրեակին, երբ անվիճելիօրէն թրքական դրդումով՝ իշխանաւորն ու գործակիցները վերաբացին արշաւանքի թղթածրարը, պարզապէս որովհետեւ Եկեղեցին, ի շարս ազգային այլ իրաւունքներու եւ աւանդներու՝ կը շարունակէ պաշտպան կանգնիլ Արցախի ու անոր ժողովուրդին խլուած իրաւունքներուն: Եւ ահա, իշխանաւորը թրքաբարոյի իր դիմագիծը ծածկող թափանցիկ դիմակէն խաւ մը ալ պատռեց, երբ ձերբակալելու հրահանգ արձակեց Եկեղեցւոյ պաշտպան կանգնող բարերարի մը, ապա նաեւ դաշնակցական, արցախցի եւ աւելի քան երկոտասանեակ մը այլ ընդդիմադիրներու դէմ: Չենք մոռցած Տաւուշեան Շարժումի առաջնորդին-մասնակիցներու եւ անկէ առաջ՝ այլ ընդդիմադիրներու դէմ հալածանքներու ալիքները, կալանաւորումն ու բանտարկութիւնը:
Ընդվզումի բաժակը յորդելու աստիճանին հասաւ 27 Յունիսին, երբ կարգը հասաւ Շիրակի թեմի Առաջնորդին ձերբակալման: Էջմիածնի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած ճակատումը բարեբախտաբար չհասաւ քաղաքացիական բախումներու, որոնք այլապէս մերթ ընդ մերթ կը հրահրուին իշխանաւորին – ու զինք հովանաւորող թշնամիներուն – կողմէ, շնորհիւ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՈՂՋԱՄԻՏ ՎԱՐՄՈՒՆՔԻՆ: Իրաւունք ունին բոլոր անոնք, որոնք Էջմիածին ներխուժելու փաշինեանական իրողական հրահանգին մէջ կը տեսնեն ներքին ճակատումներու հրահրման թրքահաճոյ դիտաւորութիւն մը, մանաւանդ, որ ՔՊ-ապետը բացայայտ դարձուցած է, որ կ’ուզէ ձերբակալել նաեւ կաթողիկոսը…:
Փակագիծ մը բանանք եւ հարց տանք. արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայ տուեալ երկիրներու եւ ընդհանրապէս աշխարհի հակազդեցութիւնը, եթէ, օրինակի համար, Լիբանանի նախագահը ձերբակալման հրաման արձակէ մարոնիներու, սիւննիներու, շիիներու, տիւրզիներու եւ հայ հոգեւոր առաջնորդներու դէմ: Ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ եգիպտացի ժողովուրդը, եթէ նախագահը ձերբակալել տայ – եւ արշաւ բանայ – Ազհարի մզկիթին ու Ղըպտի Եկեղեցւոյ առաջնորդներուն դէմ: Նոյն հարցումը կրնանք տարածել Քէնթըրպրիի հոգեւոր պետին, Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ, Յոյն Ուղղափառ ու Կաթոլիկ եկեղեցիներու, ամերիկեան այս կամ այն կրօնական երեւելի առաջնորդին ու Հռոմի Պապին դէմ տուեալ երկիրներու իշխանաորներէն ծագելիք՝ նմանօրինակ հրամաններու պարագային…: Նոյնը՝ Հնդկաստանի, Չինաստանի, Թիպէթի եւ այլ կրօններու եւ դաւանանքներու առաջնորդներուն դէմ: Չենք կարծեր որ գտնուի ոեւէ մարդ, նաեւ՝ բանականութեան հրաժեշտ չտուած ոեւէ հայ, որ մտածէ արդարացումներ գտնել նման որոշումներու համար: Չշարունակենք ու փակենք փակագիծը:
Եւ հիմա, քիչ մըն ալ ետ երթանք պատմութեան էջերուն մէջ:
Ցեղասպանութիւնը ծրագրած եւ իրականացուցած թրքական պետութիւնը հալածանքի եւ աքսորի, նահատակութեան մատնեց՝ մտաւորականին, քաղաքական դէմքերու եւ ազգի մէկ մեծ հատուածին շարքին՝ հայ հոգեւորականներ, որոնք մաս կը կազմէին ՀԱՅՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՀԱՅՈՒՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՓԱՂԱՆԳԻՆ: Կոմիտաս վարդապետը այդ փաղանգին մէկ խորհրդանիշը դարձաւ: Մեր Եկեղեցին Ցեղասպանութեան 100-ամեակին սրբադասեց ԲՈԼՈՐ նահատակները, քաղաքային իշխանութիւններն ու Սփիւռքը ձայնակցեցան (այդ օրերուն, օտարներուն կողմէ սնուցանուող աղանդաւորները ի՞նչ կարծիք յայտնեցին…)
Ցեղասպանութենէն աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, ցարական իշխանութիւնները յարձակման ենթարկեցին մեր Եկեղեցին, մի՛շտ նոյն նկատառումներով: Խրիմեան Հայրիկի դիմադրականութիւնն ալ՝ ուրիշ խորհրդանիշ:
Սարդարապատի օրերուն, նոյն Էջմիածինը տեղի չտուաւ թրքական սպառնալիքին առջեւ, եւ իր ու բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը ղօղանջելով՝ ողջ հայութիւնը պայքարի հրաւիրեց ընդդէմ ցեղասպանին, եղաւ յաղթանակին առաջնորդներէն մէկը. Վկա՛յ՝ հետագայ կաթողիկոս Գարեգին Յովսէփեանցի դերակատարութիւնը: Խորհրդանիշ մըն ալ ա՛ն:
Սարդարապատէն քանի մը տարի ետք, Հայաստանի խորհրդայնացման յաջորդ օրերուն, համայնավար իշխանութիւնները արշաւներ բացին Եկեղեցւոյ դէմ, հասան հոն՝ ուր Կաթողիկոս մըն ալ խեղդամահ ըրին (պատմութիւնը արձանագրած է, որ խեղճը ատեն մը ենթարկուած էր կարմիրներու կամայականութեանց, սակայն իր կեանքով վճարեց ազգային գիծի պահպանման գինը: Նման ճակատագիրի մատնուեցան մինչեւ իսկ այն համայնավարները, որոնք տեղ մը «թերացում» արձանագրեցին դուրսէն եկող հրահանգներու կատարման մէջ):
Եւ ահա, հիմա նոյն տրամաբանութեամբ՝ հայը ծունկի բերելու եւ իրաւազրկելու, հայրենազրկելու վճռակամութեամբ գործի լծուած են հայանուն իշխանաւորներ, որոնք խոստովանած են, թէ վատ չեն զգար, եթէ մէկը զիրենք թուրք որակէ…:
Թուրքին ընելիքը Երեւանի իշխանաւորներուն ձեռքով իրականացնելու մասին՝ ասկէ աւելի ի՞նչ փաստի կը սպասէ հայ ժողովուրդը: Արթնութեան, ահազանգերուն ընդառաջելու պահը ո՞րն է…
Վերոյիշեալ փուլերուն պատահածները, նաեւ զանոնք կանխած ու անոնց յաջորդած հանգրուանները մեկնակէտ եւ նպատակ ունէին մէկ բան. կոտրել հայուն պահանջատիրութիւնը, մոռացութեան մատնել արդար իրաւունքները, Հայաստանէն ու հայութենէն խլե՛լ, խլե՛լ ու խլե՛լ:
Երբ համայնավարները Դեկտեմբեր 1920-ին տիրացան Հայաստանի հանրապետութեան իշխանութեան, կարճ ատեն ետք դրժեցին խաղաղ ու անարիւն իշխանափոխութեան իրենց խոստումը (որ հեռացողին ու եկողին միջեւ համաձայնութեան մաս կը կազմէր) եւ հալածանք շղթայազերծեցին յատկապէս դաշնակցականներու եւ բանակային հրամանատարներու, սպայակոյտին դէմ: Բանտերը լեցուեցան ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐՈՎ: Տեղ մը չենք կարդացած (թէեւ հաւանական է), որ հոգեւորականներ ալ թիրախ դարձած են այդ արշաւանքին: Բանտարկեալներ՝ իրենց կեանքերը հայրենիքի ու ազգի պաշտպանութեան պայքարին մէջ չսակարկող ֆետայապետեր ու սպաներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական դէմքեր, բռնաճնչումի ենթարկուեցան բանտերու մէջ, կացինահար սպաննուողներ ալ եղան: Ժողովուրդի աչքին, բաժակը շուտով լեցուեցաւ ու պայթեցաւ հրաբուխը՝ Փետրուարեան ընդվզումը, որ տապալեց ոճրածին եւ ազգավնաս իշխանութիւնը: Մնացեալը արդէն պատմութիւն է: «Խեւ Աւիս»ին գործը հիմա կը կատարէ «ազգընտի՜ր վարչապետ»ը, որուն մտային եւ հոգեբանական վիճակը յաճախ ցուցահանուած է Ազգային Ժողովի նիստերուն եւ կառավարութեան ժողովներուն: «Խեւ Աւիս»ի աւելի՛ կատարելագործուած տարբերակը…
Հայը մի՛շտ ալ իրեն պարտադրուած անհաւասար ճակատումները դիմակալած է բարձր ճակատով, բռնաճնշողը ըլլայ թուրք-ազերի, ցարական, համայնավար թէ հայանուն գործակատար, մեծ ու փոքր կորուստներով շարունակած է իր պայքարը, կորուստներ կրած, սակայն նաեւ յաղթանակներ ու նուաճումներ արձանագրած է: Այսօր, չէք գտներ ոեւէ հայ, որ երանութեամբ խօսի բռնաճնշողներուն «նուաճումներուն» մասին, միաձայնութիւն կը տիրէ օտար ու հայանուն վնասարարներուն դէմ: Այս հանգրուանին, բնականաբար մարդիկ, նա՛եւ մեր երկիր իրադարձութիւններուն հետեւող բանական օտարականներ զարմանքով կը դիտեն այն կրաւորականութիւնն ու անտարբերութիւնը, որ որոշ զանգուածներու կողմէ կը ցուցաբերուի թշնամիին հայանուն գործակալներուն կողմէ (կրկնենք. անոնց ԲՈԼՈՐ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ՝ բոլո՛ր կալուածներուն մէջ վկայութիւն են, որ կ’իրականացնեն թուրք-ազերիին ու անոնց ետին կանգնող շահամոլներուն ծրագիրները):
Տագնապը ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ (կրօնաւոր թէ քաղաքային) անձերուն շուրջ չի թաւալիր, թէեւ անհատները կարեւոր են, այլ ամբողջ հայրենիքին ու ազգին, ներառեալ Սփիւռքին լինելութիւնն է նժարի դրուած: Վճռական Ո՛Չ ըսելու եւ անյապաղ գործի անցնելու համար, արդեօք կը սպասուի՞, որ կալանաւորները խոշտանգման եւ մահուան մատնուին, ինչպէս եղաւ 18 Փետրուար 1920-ի նախօրեակին: Պաքուի մէջ բանտարկուած արցախցի ներկայացուցիչներն ալ նո՛ն գագաթներէն եկող հրահանգներու զոհերը չե՞ն: Դեռ քանի՞ կոչ-հրաւէր պէտք է հնչէ, որպէսզի ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ նախանձախնդիր ԲՈԼՈՐ ՁԵՌՔԵՐԸ միանան եւ միասնաբար գործի անցնին անյապաղ, առաջնորդեն Փետրուարեան Ապստամբութեան նոր տարբերակը՝ մէկդի դնելով մասնակի նախաձեռնութիւններու (բոլորն ալ արդարացի) «համաձայն եմ-համաձայն չեմ» խօսքերը:
Եւ բնականաբար մեծ է սպասումը, որ ՔՊ-ականներու պաշտպանութեան լծուած ուժայինները ի վերջոյ կ’անդրադառնան, որ Հայրենիքի շահերուն պաշտպանութիւնը իրենցմէ կը պահանջէ չենթարկուիլ թրքահաճոյ հրահանգներու, եւ իրենց ձեռքերը կը միացնեն փրկարար շարժումին: Մանր նշոյլներ ի յայտ կու գան արդէն…
27 Յունիս 2025