«Որպէսզի բարեսիրութիւնը չվերնայ…»

«Որպէսզի բարեսիրութիւնը չվերնայ…»

Ս. Մահսէրէճեան

ՆՇՄԱՐ

Իբրեւ բարերար ճանչցուած եւ հռչակուած՝ Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալումը, քննադատութիւններու կողքին՝ մեկնաբանութիւններու եւ նախատեսութիւններու մեծ տոպրակ մը բացաւ: Եւ քանի որ այս քայլը զուգադիպեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի Թուրքիա այցելութեան  նախօրեակին – իսկ շատեր զուգորդում մը տեսան այլ բարեգործի մը՝ Ռուբէն Վարդանեանի՝ Ազրպէյճանի կողմէ կալանաւորման հետ – նախատեսութիւններուն շարքին կար ուշագրաւ կէտ մը. Փաշինեան կը պատրաստուի, պետականացման անուան տակ, թրքական դրամագլուխի եւ շահագործման տրամադրութեան տակ դնել ուժանիւթի մարզը, որ Կարապետեանի կողմէ կը կառավարուէր ցարդ: Նման ենթադրութիւն ընողներ հարց չտուին, թէ արդեօք ՔՊ-ապետը ի՞նչ շահաբաժին պիտի ստանայ հաւանական փոխանցումէն: Չէ՞ որ այս կամ այն ձեւով մտած է քանի մը մեծ ընկերութիւններու գրպանը…

            «Կ’ապրինք՝ կը տեսնենք» խօսքը բաւական հնչուն է հիմա, եւ քանի մը օրէն յստակացումներ կրնան ըլլալ, կամ… գաղտնի մնալ, ինչպէս որ գաղտնի կը պահուին, ըստ ՔՊ-ապետի սովորութեան, շատ մը կենսական քայլեր: Արցախը Ազրպէյճանի նուիրելու անոր քայլը յայտնի՞ էր նախօրեակին…:

            Հրապարակը ողողած մտահոգութիւններէն մէկն ալ այն է, որ Հայաստանի մէջ ներդումներու դաշտը ինկած է սպառնալիքի տակ, ի՛նչ որ ալ ըլլան իշխանաւորներուն «չքմեղանքներն» ու ինքնարդարացման փորձերը: Վերջին օրերուն, Իրանի սահմանին ստեղծուած վտանգները Հայաստանը դրին երրորդ կողմէ մը իրողական պաշարումի տակ, իսկ Վրաստանի սահմանին վրայ աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր ստեղծուած «խցանումը» այլապէս փայլուն հորիզոններ չի խոստանար: Այս պայմաններուն մէջ, ՔՊ-ապետն ու իր շահակիցները կրնան վաղը ուրիշ տեսակի ինքնարդարացում նետել հրապարակ, ըսելով՝ «Է՛, ի՞նչ կրնանք ընել, պէտք է ձեւը գտնենք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ սահմանները բանալու», հոգ չէ թէ նման ընտրանք յաւելեալ խաւարի կը մատնէ Հայաստանի ամբողջ հորիզոնը (Արցախին արդէն իսկ հորիզոն չթողուցին «հնարամիտ»ները):


            Վերադառնալով բարեգործներու հետապնդման ու կալանաւորման թղթածրարին, որ կու գայ իբրեւ յաւելում՝ ընդդիմադիրներու, լրագրողներու, մինչեւ իսկ զոհերու եւ գերեվարուածներու ընտանիքներուն դէմ հալածանքներուն, կը ստեղծուի մթնոլորտ, որուն մէջ բարեգործութիւնն ու բարերարութիւնը իրենք զիրենք կը գտնեն «Դամոկլեան սուր»ի տակ: (Անմիջապէս ըսենք, որ եթէ մէկը ապօրինի եւ հայրենավնաս գործ կ’ընէ, օրինակ՝ անիրաւ, հակաօրինական գործ կ’ընէ, շահակցական ծրագիրներ կը հետապնդէ Թուրքիոյ հետ՝ արդարանալու տեղ չունի, թերացողներ ալ պէտք է սրբագրուին): Կալանաւորման արձագանգներուն մէջ, առաւելաբար կը յիշուին այս մարդուն բարի գործերը՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Իսկ անոր դէմ միակ մեղադրանքը այն է, որ… պաշտպան կանգնած է Հայ Եկեղեցւոյ, եւ բացայայտ է, որ անոր մէկ յայտարարութիւնը ըստ կամս՝ խեղաթիւրեալ կերպով հրապարակ նետուեցաւ իշխանաւորներուն կողմէ:

…Այս «զարգացումները» (խորքին մէջ նահանջները) մեր յիշողութեան մէջ արթնցուցին աղուոր պատմութիւն մը, որ տասնամեակնե՜ր առաջ տեղ գտած էր մեր նախակրթարանի դասագիրքին մէջ (հաւանաբար այս պատմութիւնը լսողներ կան, թարմացնենք յիշողութիւնները):

            Անապատային շրջանի մը մէջ, ազնուացեղ նժոյգին հեծած ճամբորդ մը (հաւանաբար արաբ մը, ինչպէս կը թելադրէր պատմութեան ընկերացող գծանկարը, նման՝ այստեղ տեղադրուած լուսանկարին) կը տեսնէ, որ քիչ անդին, մէկը գետին պառկած է, յայտնապէս յոգնած, անօթի-ծառաւ եւ փոշեթաթախ-կիսամեռ: Կը սանձէ նժոյգը, «Բարի սամարացի»ին պէս կը մօտենայ գետնատարածին, ջուր կու տայ, երեսն ու գլուխը կը լուայ, խեղճը վերակենդանացնելու դիտաւորութեամբ: «Կիսամեռ»ը յանկարծ կը կենդանանայ, կը ցատկէ նժոյգին վրայ եւ մտրակելով՝ փախուստ կու տայ: Խաբուած բարեսէրը ետեւէն կը բացագանչէ. «Հէ՜յ, լսէ՜…: Նժոյգս ա՛ռ, գնա՛, բայց չըլլա՛յ-չըլլայ որ ոեւէ մէկուն պատմես, թէ ինչպիսի՛ խարդախութեամբ ձեռք ձգեցիր զայն: Շահատակութիւնդ մի՛ պատմեր, որպէսզի աշխարհի երեսէն բարեսիրութիւնը, անկարին օգնութեան հասնիլը չվերնան…»:

Share