Պաքուի մէջ հարցաքննուած է Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան

Պաքուի մէջ հարցաքննուած է Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան

Երէկ Պաքուի դատարանին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան «դատավարութեան» հերթական նիստը: Երէկուան «նիստ»-ին ժամանակ, ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, քննարկուած է 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմը: Կրկին հարցաքննուած է Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան: «Դատավարութեան» յաջորդ նիստը տեղի կ՛ունենայ 12 յունիսին:

Share