Հայաստանեան շաբաթը

Հայաստանեան շաբաթը

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան յայտնեց, որ Կովկասի իսլամներու հոգեւոր առաջնորդ Փաշազատէի եւ վարչապետ Փաշինեանի կողմէ Մայր Աթոռին թիրախաւորումը պատահականութեան արդիւնք չէ։

Վարդանեան նշեց, որ այն պատգամաւորները, որոնք առիթ ունեցած են ծանօթանալու Ատրպէյճանի հետ քննարկուող խաղաղութեան համաձայնագրին բովանդակութեան, ահազանգած են,որ Հայաստանի մէջ կը գործադրուի ապազգայնացման ծրագիր՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն պահանջով։Ան ըսաւ, որ համաձայնագրին մէջ կայ կէտ մը, որուն հիմամբ Հայաստանի մէջ պայքար պէտք է մղուի վրէժխնդրութեան դէմ, իսկ Ատրպէյճան վրէժխնդիր կը համարէ անոնք, որոնք կը պայքարին հայկական շահերու եւ իրաւունքներու համար։

Վարդանեան յայտարարեց, որ Սուրբ Էջմիածինը թիրախ է, որովհետեւ լուսարձակի տակ կը բերէ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։


   Հայաստանի ոստիկանապետ Արամ Յովհաննիսեանի պաշտօնանկութենէն մէկ օր ետք, նոյն պաշտօնին նշանակուեցաւ Լոռիի նախկին մարզպետ Արամ Ղազարեան, որ Յովհաննիսեանի պաշտօնանկութեան օրը հրաժարած էր մարզպետի պաշտօնէն եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութենէն, նկատի ունենալով,որ Հայաստանի ոստիկանապետը պէտք է անկուսակցական ըլլայ։

Ղազարեան հօրեղբօրորդին է քրէական աշխարհին մէջ ծանօթ Արթիւր Ղազարեանի հետ, որ աւելի հանրածանօթ  է Քանաքեռցի Դուլ անունով։ Ան  իր նշանակումէն ետք յայտնեց, որ չ՛ուզեր այս հարցին մասին խօսիլ։

Իսկ ինչ կը վերաբերի Յովհաննիսեանի պաշտօնանկութեան, ապա ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան յայտնեց, որ Յովհաննիսեանի պաշտօնանկութեան պատճառներուն մէջ պէտք չէ փնտռել սխալներու տեսութիւններ՝ աւելցնելով, որ փոփոխութիւնը նոր շունչ կը բերէ տուեալ մարզին գործունէութեան։ Սակայն պէտք է նշել, որ վերջին շրջանին վտանգաւոր տարողութեամբ աճ արձանագրած են մահացու արկածները, թմրանիւթերու շրջանառութիւնը, ապօրինի զէնք կրելն ու յանցաւորութեան դէպքերը։ Իսկ անցեալ տարի Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ ոստիկան ուժեր յատուկ միջոցներ կիրառեցին Երեւանի Պաղրամեան- Տէմիրճեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ՝ բողոքի հաւաքներուն մասնակցողներուն նկատմամբ։


Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան իբրեւ վկայ հարցաքննուեցաւ՝ Քննչական Կոմիտէին մէջ քննութեան առարկայ քրէական վարոյթին ծիրին մէջ, որ ըստ մամլոյ տեղեկութիւններու, կը վերաբերի թշնամիին ռազմամթերք յանձնելու եւ պատերազմին ընթացքին զինուորական անփութութեան առնչուած քրէական գործին։

Շահրամանեանի հարցաքննութեան լուրը հաստատեց Քննչական Կոմիտէի բանբեր Գիմա Աւտալեան։ Իսկ լրատու աղբիւրներ հաղորդեցին Շահրամանեանի պաշտպան փաստաբան Ռոման Երիցեանի այն տեղեկութիւնը, թէ Արցախի նախագահը իբրեւ վկայ հարցաքննուած է։


Միջազգային Կարմիր Խաչի հայաստանեան գրասենեակի հանրային կապերու ղեկավար Զառա Ամատունի յայտնեց, որ Միջազգային Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները վերջին անգամ Մարտին  տեսակցութիւն ունեցած են Պաքուի մէջ արգելափակուած պատերազմական հայ գերիներուն հետ։

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Մարտի յայտարարեցին, որ պիտի չերկարաձգեն Ատրպէյճանի մէջ Միջազգային Կարմիր Խաչին լիազօրութիւնները, ինչ որ խոր մտահոգութիւն պատճառեց Հայաստանի եւ միջազգային շարք մը կազմակերպութիւններու, որովհետեւ Միջազգային Կարմիր Խաչը կարեւոր դերակատարութիւն ունի պատերազմական գերիներու եւ պատանդներու վիճակի հսկողութեան եւ աջակցութեան գործին մէջ։


Միջազգային եւ Համեմատական Իրաւունքի կեդրոնի ղեկավար իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի մէջ արգելափակուած հայ գերիներուն հետ տեսակցելու համար գոյութիւն ունին այլ մեքանիզմներ, որոնց դիմելու լիազօր կողմը պետութիւնն է։ Ան նաեւ հաղորդեց, որ իր գլխաւորած կեդրոնը հարցում յղած է արտաքին գործոց նախարարութեան, որ դրական պատասխան տուած է՝ առանց մանրամասնութիւններ փոխանցելու։

Ըստ Սիրանուշ Սահակեանի, դիմումը պէտք է կատարուի՝ չէզոք պետութեան մը միջոցով, իսկ երբ Ատրպէյճան մերժէ դիմումը, ապա զայն պէտք է հրապարակել։


Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ քննարկուեցաւ Հայաստան- Վրաստան տնտեսական գործակցութեան առնչուող հարցեր՝ Ազգային Ժողովի տնտեսական հարցերու յանձնախումբի նախագահ Բաբգէն Թունեանի եւ Վրաստանի խորհրդարանի տնտեսութեան քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Շոթա Պերեգաշվիլիի միջեւ կայացած հանդիպման ընթացքին։

Քննարկման առարկայ դարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան առաւել թափ տալու հեռանկարները։


Երեւանի իշխանութիւնները Արաքս գետի վրայ պատնէշ- ամբարտակի կառուցումը աւելի քան տարիէ մը ի վեր կը շարունակեն համաձայնեցնել Անգարայի իշխանութիւններուն հետ։

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու  նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Արաքս գետին նախկին հունը վերականգնելու նպատակով՝ Բուրաստան եւ Արաքսաւան համայնքներու շրջանին մէջ ամբարտակի կառուցման վերաբերեալ  նախագծային փաստաթուղթերուն շուրջ համաձայնութեան գոյացման հոլովոյթը կը շարունակուի, արտաքին գործոց նախարարութեան միջնորդութեամբ։

Այս պատնէշ – ամբարտակի կառուցման արժէքը կը գնահատուի շուրջ մէկ միլիոն տոլարով։ Աւազի ապօրինի արդիւնահանման պատճառով՝ Արաքս գետը, որ Թուրքիոյ հետ սահմանն է, փոխած է իր հունը եւ սահմաններէն դուրս ստեղծուած է մօտաւորապէս 400 հեքթար մակերեսով կղզի մը։ Հայկական կողմը առաջարկած է կառուցել մօտաւորապէս 130  մեթր երկարութեամբ եւ 8 մեթր խորութեամբ պատնէշ – ամբարտակ մը՝ Արաքս գետի ջուրերը նախկին հուն վերադարձնելու համար։

«Հայրենիք»

Share