Գրական-երաժշտական երեկոյ՝ նուիրուած Եղեռնի նահատակներու յիշատակին, մասնակցութեամբ՝ «Լարք»ի «Վահագնիկ»ներուն

Գրական-երաժշտական երեկոյ՝ նուիրուած Եղեռնի նահատակներու յիշատակին, մասնակցութեամբ՝ «Լարք»ի «Վահագնիկ»ներուն

ՎԱՐԴԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

«Բայց ինչքան էլ աւարեն,

Առեւանգեն ու տանեն

Մեր ցանքն ու հունձքը վերջին,

Վերջին ծիլը մեր մարգի,

Մեր այգու տունկը վերջին,

Թող իմանան, որ մէկ է,

Տակը մի բան կը մնայ…

Տակը մի բան կը մնայ…

Որ օտարները չունեն,

Որ երբեք չեն ունենայ:

Դա ինքնութիւնն է մեր սուրբ –

Աստուածային մանանայ…»

Համօ Սահեան, (1914-1993)

Հոգեպարար բան մը կար օդին մէջ: Աշակերտական տօնահանդէս մը ըլլալէ աւելի ակնածանքի արժանի գործի մը ներկայացման կը գտնուէինք «Լարք»ի «Էօժէնի եւ Գէորգ Քէշիշեաններ» համերգասրահին մէջ տեղի ունենալիք գրական-երաժշտական երեկոյին: Յայտագրին շունչն ու լրջութիւնը արդիւնքն էին, ինչպէս միշտ, «Լարք»ի նուիրեալ ուսուցչական անձնակազմին կողմէ տարուած բծախնդիր աշխատանքին:

Երեկոն իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ատրին Նազարեան եւ «Լարք»Երաժշտական Ընկերակցութեան նախագահ՝ Հայկուհի Թորոսեան։ Ներկայ էին բարերար դոկտ. Օննիկ Քէշիշեանն ու տիկինը՝ Քրիստինը, ծնողներ, մամուլի ներկայացուցիչներ եւ արուեստասէր համայնք մը:

Երաժշտանոցի տնօրէն Վաչէ Պարսումեանի մտայղացումով ծրագրուած երեկոն կը փորձէր մեզ դուրս բերել մեր զոհի հիւանդագին հոգեվիճակէն, «որուն մէջ մենք խրեցանք անգամ մը եւս արցախեան եւ քառասունչորսօրեայ պատերազմէն ետք, եւ ահա անգամ մը եւս ազգովին վիրաւորուած ենք: Վիրաւորանքի եւ պարտութեան դաշտէն դուրս, մեր խորտակուած հոգիները դժուարութիւն ունին այսօր ստեղծագործելու: Անգամ մը եւս այս հիւանդագին հոգեվիճակը կը տառապեցնէ հայը»:

ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԵԼ՝ ՀԶՕՐԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

«Ես կը հաւատամ հայուն մոխիրներէն վերածնող փիւնիկեան նկարագրին, կաղամախիի արմատներու նմանողութեամբ՝ անոր վերյառնելու անընկճելի ոգիին ու կամքին», կ՛ըսէ Վաչէն:

Հայ գրականութիւնը մնայուն ներկայութիւն է Վաչէի սեղանին, որով կը յաջողի գերել իր ուսանողներուն մատղաշ հոգիները եւ զինել զանոնք մեր մշակոյթի գանձերով: Այս հոգեբանութեամբ կը բանին «Լարք»ի բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները․ անոնք են, որ կը խմորեն ուսանողներուն ճաշակն ու արուեստը ընկալելու կարողութիւնները, միեւնոյն ատեն ջամբելով հայեցի դաստիարակութիւն:

Լեզո՞ւն: Սա կաղացող լեզուին ինչպէ՞ս մօտենալ: Ուրկէ՞ սկսիլ… Ո՞ր բանալիով:

Վաչէն կը հաւատայ բանաստեղծութիւններու թելադրական ուժին, անո՛վ ստեղծագործելուն, անո՛վ մտածելուն, որովհետեւ «լեզուամտածողութիւնն ու հոնկէ բխած հոգեմտածողութիւնն են, որ մեզ անքակտելիօրէն կը կապեն մեր ազգային ինքնութեան, հայու տեսակին»: Ուրեմն, լեզուն՝ ի՛նքն է որ  ասմունքներու, երգերու, ասոյթներու, ճիշդ արտաբերուած խօսքի ունկնդրութեամբ կը թափանցէ աշակերտին միտքէն ու հոգիէն ներս, եւ  անոր լեզուամտածողութեան հետ մտերմանայով, հարազատի իրաւունքով կը մտնէ անոր կեանքէն ներս,  եւ օր մըն ալ, հայերէն խօսիլը, մանաւանդ ճիշդ խօսիլը, անզգալաբար կը վերածուի ներքուստ փթթող հաճոյքի, նոյնիսկ՝ հայերէնին անտեղեակ տղոց մօտ:

Եւ ահա գտնուած բանալին: «Լարք»ի ուսանողները մեծ հաճոյքով կ՛օգտուին Թագուհի Արզումանեանի առոգանութեան դասերէն, ուր ոչ միայն լեզուն է ի պատուի, այլ՝ անով իրենց բանաստեղծութիւն մը ընկալելու հաճոյքը. կը զգան ու կը վայելեն կտորը, երբ կ՛ըմբռնեն իւրաքանչիւր բառ ու շեշտ, քերթուածին միտք բանին: Եւ լեզուն կը սկսի բանիլ շատ աւելի սահուն քան՝ երբեք: Որքան ցանկալի պիտի ըլլար, որ մեր բոլոր վարժարաններուն մէջ ասմունքն ու անոր ընկերացող ճիշդ առոգանութիւնը դառնային դասանիւթ:

Եղեռնին հարիւրտասնամեակը Պարսումեանի համար նախ եւ առաջ՝ դաստիարակող պէտք է ըլլար «Լարք»ի ուսանողութեան համար, անկախ՝ անոր արուեստով եւ բարձր ճաշակով ներկայացուած ծրագիր մը ըլլալէն: Եւ ահա վերածնելի հզօրութեան, անպարտելիութեան աստուած՝ Վահագնը, իր արեգակ աչքերով, ծուխ ու կրակի մէջէն կը ցցուի իր առաջ.

«Երկնէր երկին, երկնէր երկիր,

Երկնէր եւ ծովն ծիրանի.

Երկն ի ծովուն ունէր զկարմրիկն եղեգնիկ,

Ընդ եղեգան փող՝ ծո՛ւխ ելանէր,

Ընդ եղեգան փող՝ բո՛ց ելանէր,

Եւ ի բոցոյն վազէր խարտեաշ պատանեկիկ.

Նա հուր հեր ունէր,

Ապա թէ բոց ունէր մօրուս,

Եւ աչկունքն էին արեգակունք»:

Այսքանը՝ լուսաբանելու միտումով, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս երեկոն ցեղասպանութեան ոգեկոչման պատշաճ ներկայացում կը դառնայ, տեսակ մը կանչ ու ղօղանջ՝ «վերածնունդ» պատգամող մեր վիշապաքաղ Վահագնի ծնունդով, ուրկէ Պարսումեանի՝ հայուն վերազարթնումի, վերընձիւղման անյետաձգելի գաղափարը ծնունդ կ՛առնէ: Վահագնը , որ ռազմի, քաջութեան ու յաղթանակի գերագոյն աստուածն է, մեր ազգային հպարտութիւնն ու արժանապատուութիւնը մեզի վերադարձնողի,եւ մեր անյաղթելիութեան կերպարն է: Խորհրդանիշերը ունին ներգործող ուժականութիւն․ անով ներշնչուելով է, որ կը վերականգնենք մեր հաւատքը մե՛ր ստեղծագործողի ուժին, մե՛ր տեսակին, մե՛ր անյաղթելիութեան հանդէպ:

Բեմի ճակտին՝ լայնատարած պաստառին վրայ Վիշապաքաղ Վահագնի պատկերն է իր հուր ու բոց հերով եւ արեգակ աչկունքով, թեւերուն՝ փաթթած խեղդուող զոյգ մը վիշապներով (գործ՝ Էմիլ Գազազի):

Երեկոն կը սկսի Էմիլ Գազազի (որդի) կողմէ արտասանուած Լորտ Պայրընի A meditation on Armenia-ով, որուն կը յաջորդէ «Վահագնի Ծնունդը» ասմունքող չորս աշակերտներու բարձրագոչ արտասանութիւնը:

Հանդիսութեան գլխաւոր պատգամի առանցքն էր ինքնաճանաչմամբ եւ արթնութեամբ վերածնունդ մը կերտելու աղաղակող անհրաժեշտութեան կոչը.

«…եւ մենք չենք քայլում,

Մենք տեղ չե՛նք հասնում

Գծում ենք միայն

Մեր պանդխտութեան շրջագիծն անել՝

Մասիսի շո՛ւրջն ենք պտըտուում անվերջ…

Կէս ենք, երկճեղքուած,

Կիսուած, երկգագաթ

Մեր խորհրդանիշ սո՜ւրբ լերան նման…

Բայց վկայ ճեղքուած Մասիս լեռը մեր,

Վկայ մեր կէսը մորթուած Տէր Զօրում

Եւ այն կէսը, Որ ես եմ, Դու եւ նա՛,

Մենք կը միանանք

Մենք կ՛ամբողջանանք,

Կը գտնենք մի օր

Լրիւ դառնալու հնա՛րն անհնար»:

Բանաստեղծութիւնները ունին բուժիչ ոյժ, երբ հոգին է վիրաւոր:

Գէորգ Էմինի «Մենք»ը, հնչեց որպէս պատգամ՝ մեր մէկ ու կէս միլիոն սրբացած նահատակներէն, մեզ մղելով ներհայեցողութեան եւ ինքնաճանաչման: Ասմունքող այս չորս պատանիները՝ Լէօննա Թորոսեանը, Էմիլ Գազազը (որդի), Մալվինա Կարապետեանը եւ Անի Յովսէփեանը,«Մենք»ի ուղն ու ծուծը ըմբռնած, ճշգրիտ առոգանութեամբ, ձայնի եւ յուզմունքի զուսպ, բայց առինքնող ձայնային հաղորդականութեամբ ասմունքեցին, մագնիսացած հանդիսատեսին հրամցուցին անփոխարինելի վայելք մը, որուն համար բազմիցս շնորհաւորանքի արժանի է բոլորին կողմէ սիրուած Արզումանեանը, որ արդէն 26 տարիներէ ի վեր անխառն նուիրումով կը վարէ «Լարք»ի բոլոր հանդիսութիւնները, իւրաքանչիւրին համար պատրաստած իր բանաստեղծութիւններով համեմուած խօսքերով:

Կը տարուիմ մտածելու, որ «Լարք»ը ոչ միայն երաժշտանոց է, այլեւ՝ իսկական հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող օճախ: Կը յիշեմ լուսահոգի երաժշտագէտ, ազգագրագէտ Պետրոս Ալահայտոյանի կարծիքը։ «Լարք»ը մեր օրերու «Նոյեան Տապանն է, որովհետեւ մեզի համար տեսանելի, ամենօրեայ «ջրհեղեղ»ներէն մեր պատանիները փրկող-ազատարար ամենավստահելի կառոյցներէն է… հոն երկսեռ պատանիները ուրախութեամբ եւ անզգալաբար կը մկրտուին հայ ոգիով՝ Վաչէին, Թագուհիին եւ իրենց իմացութիւնը սիրով բաշխող հայ ուսուցիչ ուսուցչուհիներու նուիրական շունչին շնորհիւ», կ՛ըսէր ան:

Այսօրուանը՝ մեր զոհերուն ոգեկոչման առթիւ մեզի անչափ սիրով եւ ձրիաբար բաշխուող, ամիսներու վրայ երկարող, տքնաջան աշխատանքի արգասիքն է:

Հոս ուրախութեամբ կ՛ուզեմ նշել, որ յայտագրին առաջին մասի աւարտին, Արզումանեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի «Համօ Սահեան Պոէզիայի Կենտրոն» կազմակերպութեան կողմէ «Համօ Սահեան» ոսկէ մէտալով:

Պատանութեան, եւ կամ արդէն երիտասարդութեան սեմին կը գտնուին գրեթէ բոլոր բեմ բարձրացողները այսօր: Կատարողական արուեստի ոլորտներուն մէջ (դաշնակ, ջութակ, հարուածային գործիքներ, ասմունք, երգ ու պար) թեւածող այս տղաքը ոչ միայն կը տիրապետեն իրենց գործիքին, այլեւ՝ կ՛ապրին իրենց վստահուած իւրաքանչիւր գիրն ու բանը, ինչ որ արդիւնքն է ուսուցչին կողմէ քանդակուած կարգապահութեան, կամքի ուժին, հետեւողականութեան, հաւատքին՝ իր կարողականութեան եւ մանաւանդ սիրոյն՝ հանդէպ իր արուեստին:

Նպատակասլաց արեւելումով համադրուած «Լարք»ի ծրագիրները կը հետեւին տեսլականի մը, որուն հասարակ յայտարարը որակաւոր բարձրարուեստ գնահատող, անով լիցքաւորուիլ ցանկացող սերունդ պատրաստելն է, զայն գոհացնելն է: «Լարք»ի մէջ տարուած որեւէ գործ որակ կ՛ենթադրէ, իսկ արտասանուած իւրաքանչիւր բառ ու բանը՝ արուեստի խոր գիտակցութիւն եւ բծախնդրութիւն։

Անարդար պիտի ըլլար չնշել յայտագրին մաս կազմող աշակերտ աշակերտուհիները, որոնք ամիսներու երկայնքին պատրաստուեցան պատուով ներկայանալու ոգեկոչման հանդիսութեան: Այնպիսի հպարտութեամբ կը լեցուիս, երբ ներկայ կ՛ըլլաս հազիւ 14ը բոլորած խոստմնալից կատարողներու: Քանի մը տարիէն աչքերուդ առջեւ անոնց հասակն է, որ կը կանգնի, զգաստ ու խոհուն:

Ինչպէ՞ս անհամբերութեամբ չսպասել «Լարք»էն 2 տարի առաջ շրջանաւարտ, բաւական պատուաբեր ելոյթներով արդէն ճանչցուող, թէեւ՝ միայն 17 տարեկան, բայց հասուն դաշնակահարին՝ Անտրէ Կիրակոսեանին, որ երկու շաբաթ առաջ ելոյթ ունեցած էր եւ սքանչելի մեկնաբանութեամբ նուագած Առնօ Պապաջանեանի «Վեց Պատկեր՝ Դաշնամուրի Համար» դժուար գործը, ուսուցչուհի ունենալով՝ հռչակաւոր դաշնակահարուհի Անահիտ Գրիգորեանը: Անտրէն՝ որ կ՛ըսէ թէ չի կրնար առանց դաշնակի ապրիլ, այսօր պիտի հրամցնէ Պապաջանեանի խրթին գործերէն մին՝ «Յանկարծաբանութիւն» (Improvisation) կտորը:

Ուշագրաւ ներկայութիւն էր Էմիլ Գազազը (որդի): Ասմունքողի շնորհքին հետ, ան հանդէս եկաւ նաեւ որպէս տաղանդաւոր դաշնակահար, նուագեց Ալեքսանդր Յարութիւնեանի «Գեղջուկների պար»ը, իրմով այնքան հպարտ ուսուցչուհիին Սուսաննա Աթասունցի աչալուրջ հսկողութեան տակ:

«Լարք»ի «Տաւիղ» պարախումբը, պարուսոյց Խաչատրեանի հպարտութիւնն է: Սքանչելի հեզաճկունութեամբ մեկնաբանեց հետեւեալ երեք երաժիշտներու գործերը. Տիգրան Մանսուրեանի «Յուշ»ը, Առնօ Պապաջանեանի «Տաժանք»ը եւ Կոմիտասի «Ծիրանի Ծառ»ը:

Ղեկավարութեամբ՝ Լ. Տեմիրճեանի, շատ հետաքրքրական էր զանգակներով մեկնաբանուած Պապաջանեանի «Եղերերգ»ը, որ երբեմն կը վերածուէր անվերջ հնչող ղօղանջի, եւ երբեմն՝ հեռուներէն, խլացած մեր ականջներուն կը յիշեցնէր մեր լռած եկեղեցիներու յուշ դարձած զանգերուն ողբը, իսկ Աշոտ Քարթալեանի հարուածային գործիքներով ներկայացուած «Ցոլքեր»ը, մտքիդ պաստառին վրայ երբեմն՝ ինքնավստահ ոտքերու թոփիւն էր, երբեմն՝ հեռուներէն հասնելիք յոյսի պատառիկ: Հաճելի նորութիւն էր, գէթ՝ ինծի համար:

Երաժշտանոցին «Ծիածան» երգչախումբը, Ալենոյշ Եղիազարի ղեկավարութեամբ եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Ճէնի Միրզոյեանի, կատարեց Աղեքսանդր Սպենդիարեանի «Արի իմ Սոխակ»ն ու Կոմիտասի «Երազ»ը: Հրեշտակային ձայներու համոյթով երգուած այս երգերը քնքշօրէն կը յիշեցնէին մօր ու զաւկի ցաւն ու կարօտը:

Տասնըմէկ տարեկան Տանիէլ Աբոյեանը, որուն ուսուցչուհին է Սուսաննա Աթասունցը, զարմացուց մեզ իր «Գարուն ա»ով: Այդ տարիքին, զգացական աշխարհի ինչպիսի՞ խորութիւն ցուցաբերեց պատանութիւն դեռ սեմին չկոխած այս տղեկը: Այս շատ սիրուած ուսուցչուհին ինչպէ՞ս յաջողած է փոխանցել երգին թախիծը, որ կ՛արտաբերուէր լուռ ձայներու կամ միջոցներու ճիշդ արտաբերումով: Տպաւորիչ էր:

Էտկար Պաղտասարեանի «Նախերգանք»ը մեծ բծախնդրութեամբ դաշնակի վրայ նուագեց իր ուսուցչուհիին՝ Նունէ Քարթալեանի գուրգուրանքին արժանացած Վանա Չիւրիւքեան:

Ժօլի Կուլուզեան, արդէն փոքրիկ ջութակահար է, որուն ուսուցչուհին՝ Արշակուհի Սալաթեան, գուրգուրանքով կը խօսի Ժօլիին նուագելու ձիրքով օժտուած ըլլալուն մասին: Ան նուագեց Ա. Քէօսէյեանի «Ծորերգ»ը, իսկ խոստմնալից ջութակահար՝ Նիքօ Անթօնօբուլոս՝ Արշակուհիի սաներէն, աշխատունակ է եւ նուիրուած՝ իր ջութակին եւ ինքնավստահօրէն նուագեց Արամ Խաչատրեանի «Օրօրոցային»ը:

Անի Յովսէփեանը վաստակաշատ դաշնակահարուհի Վ. Սիմոնեանի սանուհին է: Ան իր ուսուցչուհիին աչալուրջ հսկողութեան տակ կատարեց Էտկար Պաղտասարեանի «Նախերգանք»ը:

Լաւատեսութեամբ պէտք է ընկալել մեր կեանքի իւրաքանչիւր օրը: Մեր կեանքը ընդունակ է նորանոր արժէքներով լեցուելով, բացուելու աշխարհին, փայլելու ինքնատիպ ստեղծագործութիւններով: Կարեւորը՝ մեզ կաշկանդող այս «զոհի» հոգեբանութենէն մենք զմեզ դուրս բերելն է, որուն բանալին՝ նորին մեծութիւն «ատեղծագործել»ն է. անդուլ, անդադար աշխատանքն է մեզի կենարար ուժ պարգեւողը, գիտակից՝ մեր կարողականութեանց, «միշտ դէպի վեր» սլացքն է, որ մեր թշնամիներու աչքին փուշն է:

Մեր յաղթանակը՝ մեր լեզուն է: Ան թէ՛ մե՛ր հողն է, թէ՛ մեր դատը եւ թէ՛ մեր հայրենիքը: Մեզ դէպի յաւիտենականութիւն առաջնորդողն է: Հարիւրտասնամեակն է յուշողը, որ տէր ու պաշտպան կանգնինք մեր լեզուին, զոր քուրջի կտորի տեղ ենք դրեր, առանց խղճահարութեան: Առանց լեզուի՝ ալ ի՞նչ հայրենիք: Օտարը մեզ եւ մեր կարողականութիւնները մեզմէ լաւ կը ճանչնայ: Ահա թէ ինչ կ՛ըսէ Վաչէ Պարսումեանի համագործակցութեամբ «Հայոց Ռէքուիէմ»ի երաժշտութիւնը յօրինող իրլանտացի հռչակաւոր երաժիշտ Իան Քրաուսը. «Դուք ի՜նչ ժողովուրդ էք, ի՜նչ պատմութիւն… Տոքթ. Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին ու Կոմիտասը կը բաւեն»:

(Յապաւուած)

Լուսանկարները՝ Պերճ Ճամճեանի

Share