ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- 9 Դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Ռոպերթ Աբիսողոմոնեան Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի միջազգային օրուան տասնամեակին նուիրուած Մ․Ա․Կ․-ի բարձրաստիճան հանդիպումի ծիրին մէջ, ելոյթ ունեցաւ, «Ցեղասպանութեան եւ զանգուածային ոճրագործութեան կանխարգիլման կանուխ նախազգուշացում եւ կանուխ արձագանգ. համաշխարհային գործընկերութիւններու ամրապնդում» խորագիրով յարակից նախաձեռնութեան ընթացքին:
Ան յայտնեց, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ հաստատ կերպով պայքարիլ աշխարհի տարածքին ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու համար, զերծ մնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ներկայ օրերու Արցախի ցեղային զտումը յիշատակելէ:
Մարդածին աղէտներու կանխարգիլման պարունակին մէջ, Աբիսողոմոնեան լուսարձակի տակ առաւ ժամանակին եւ համախմբուած արձագանգի ապահովման կարեւորութիւնը: Իր խօսքին մէջ, Աբիսողոմոնեան անդրադարձաւ կանուխ նախազգուշացումի եւ արձագանգելու գործիքակազմերու հայեցակարգային հարցերուն` կարեւոր նկատելով գործառնական եւ քաղաքական բաղադրիչներու համահունչ գործունէութեան ապահովումը: Այս ծիրին մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ 2024-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած՝ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» հինգերորդ միջազգային ֆորումին նշանակութիւնը:
Արտաքին գործոց փոխնախարարը չմատնանշեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան նկատմամբ կազմակերպուած ցեղային զտումը երբ ան տեղեկացուց, թէ. «Մարդու իրաւունքների կոպիտ խախտումների բացայայտումը եւ վերացումը, յատկապէս` խոցելի խմբերի նկատմամբ, պէտք է լինի կանուխ նախազգուշացման համակարգի մը հիմքը»:
