Թրամփ. Լիբանանն ու Իսրայէլը համաձայնութեան եկած են 10-օրեայ հրադադարի շուրջ

Թրամփ. Լիբանանն ու Իսրայէլը համաձայնութեան եկած են 10-օրեայ հրադադարի շուրջ

Լիբանան եւ Իսրայէլ համաձայնած են 10-օրեայ հրադադարի շուրջ, յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ։
Երկու երկիրներուն միջեւ պաշտօնական հրադադարը պիտի սկսի Ապրիլ 16-ի, ժամը 24։00-ին (Գահիրէի ժամով) եւ պիտի տեւէ 10 օր։ Թրամփ ԱՄՆ փոխնախագահին եւ արտաքին նախարարին յանձնարարած է համագործակցիլ կողմերուն հետ՝ երկարատեւ խաղաղու- թեան հասնելու համար։
«Ես հիանալի զրոյցներ ունեցայ Լի- բանանի մեծ յարգանքի արժանի նախագահ Ժոզէֆ Աունի եւ Իսրայէլի վար- չապետ Պիպի Նեթանիահուի հետ։
Այս երկու ղեկավարները համաձայ- նութեան եկան, որ իրենց երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար պաշտօնապէս պիտի սկսին 10-օրեայ հրադադար։
Ես յանձնարարեցի փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսին եւ արտաքին նախարար Ռուբիոյին, ինչպէս նաեւ Միացեալ սպայակոյտի նախագահ Տեն Ռասին Քէյնին համագործակցիլ Իսրայէլի եւ Լիբանանի հետ՝ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու նպատակով։
Ես պատիւ ունեցած եմ լուծելու աշ-խարհին մէջ ինը պատերազմ, եւ ասիկա պիտի ըլլայ իմ 10-րդը, ուստի եկէք իրականացնենք զայն»,– գրած է ան։
Ժոզէֆ Աուն շնորհակալութիւն յայտնած է Թրամփին
Լիբանանի նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ նախագահին՝ «երկարատեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու» ջանքերուն համար՝ երկու ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցէն ետք, հաղորդեց Al Jazeera՝ յղում կատարելով Աունի գրասենեակի յայտարարութեան։
«Ան փափաք յայտնած է, որ հրադադարի հասնելու այդ ջանքերը կարելի եղածին չափ շուտ շարունակուին։ Թրամփ իր կարգին աջակցութիւն յայտնած է նախագահ Աունին եւ Լիբանանին եւ շեշտած է Լիբանանի հրադադարի խնդրանքը կարելի եղածին չափ շուտ իրագործելու իր յանձնառութիւնը»,– նշած է Լիբանանի նախագահի գրասենեակը իր յայտարարութեան մէջ։
Նեթանիահու. Իսրայէլի բանակը պիտի մնայ իր դիրքերուն վրայ
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու ապահովութեան դահլիճին յայտնած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը պիտի մնայ իր դիրքերուն վրայ՝ Լիբանանի մէջ Ապրիլի 17-ին հրադադարի ուժի մէջ մտնելէն ետք, կը հաղորդէ Ynet։
Հեզպալլահ. Զինադադարը պէտք է ներառնէ բոլոր թշնամական գործողութիւնները
Զինադադարը պէտք է ներառնէ Լիբանանի տարածքին բոլոր թշնամական գործողութիւններու դադրեցումը։ Զինադադարը չի կրնար Իսրայէլին որեւէ գործողութեան ազատութիւն տալ, յայտ- նած է Հեզպալլահի բարձրաստիճան պաշ- տօնեան Al Jazeera-ի։
Իսրայէլի «14-րդ ալիք»ը, յղում կատարելով աղբիւրներու, աւելի կանուխ յայտնած էր, որ Իսրայէլի բանակի ցամաքային ուժերը պիտի մնան Լիբանանի մէջ, իսկ զինադադարը պիտի վերաբերի օդային հարուածներուն։
Վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու յայտնած էր, որ Իսրայէլ պատրաստ է Իրանի եւ Լիբանանի կապուած որեւէ դիպաշարի։
«Դեռ շատ կանուխ է ըսել, թէ ինչպէս կ’աւարտի կամ նոյնիսկ ինչպէս կը զարգանայ ասիկա։ Հաշուի առնելով մարտական գործողութիւններու վերսկսման հնարաւորութիւնը՝ մենք պատրաստ ենք որեւէ դիպաշարի»,– յայ- տարարած էր Իսրայէլի վարչապետը։
Պատերազմի հետեւանքով Լիբանանի մէջ աւելի քան մէկ միլիոն մարդ տեղահանուած է, որ կը կազմէ բնակչութեան մօտ մէկ հինգերորդը։ ՄԱԿ-ի փախստականներու գործակալութիւնը այս իրավիճակը բնութագրած է «աննախադէպ» եւ կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան՝ անյապաղ օգնութիւն ցուցաբերելու Լիբանանին։

Share