Արեւմտեան թեմը կը գուժէ

Արեւմտեան թեմը կը գուժէ

Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն՝ ամերիկահայ հանրաճանաչ պատմաբան, մանկավարժ եւ հայոց նորագոյն պատմութեան մասնագէտ գիտնական, «Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն» քառահատոր նշանաւոր գործի եւ գիտական բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ, Գալիֆորնիոյ Եու.Սի.Էլ.Էյ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի հիմնադիր եւ ղեկավար, Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի մահը, որ պատահեցաւ 10 Յուլիս 2023-ին, Լոս Անճելըս:

Դոկտ. Յովհաննէսեան իր բազմավաստակ ազգանուէր ծառայութեանց համար արժանացած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, 7 Մայիս 1984-ին. նաեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ» շքանշանին՝ 20 Հոկտեմբեր 2001-ին եւ «Իշխան» շքանշանին՝ 23 Մարտ 2018-ին: Ան պարգեւատրուած է մեծաթիւ այլ շքանշաններով եւ գնահատագրերով:

Հեղինակաւոր պատմաբանը իր գիտական աշխատութիւններով մեծապէս նպաստած է Հայկական Հարցի լուսաբանման եւ Հայ Դատի գործունէութեան ծաւալման՝ յատկապէս գիտական-ակադեմական բարձրամակարդակ շրջանակներու մէջ եւ այլազգի պատմագէտներու մօտ: Ան ամբողջ տարիներ ծառայեց հայութեան պատմական իրաւունքներու ձեռքբերման ուղղութեամբ եւ՝ դասաւանդման, գիտաշխատանոցներու եւ ակադեմական աշխարհին հետ իր զրոյցներուն ու վիճարկումներուն ընդմէջէն ներշնչեց սերունդներ: Աւելի՛ն: Ան իր օրինակով խանդավառեց երիտասարդական շարքեր՝ Միացեալ Նահանգներու զանազան համալսարաններու մէջ պատմագիտութեան կալուածէն ներս իրենց ուսումը շարունակելու եւ Հայաստանի ու հայութեան պատմական, լեզուական եւ մշակութային առանձնայատկութիւններուն քաջածանօթ ըլլալու, այլեւ հայոց պահանջատիրական իրաւունքներու թեզի բարձրացման ու տարածման մէջ դերակատար հանդիսանալու առումով:

Հաշուի առնելով Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի գիտական, մանկավարժական, հայապահ-պանութեան գործին մէջ ունեցած մեծ վաստակը, ինչպէս նաեւ մայր հայրենիքի հետ սերտ կապերը՝ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան 1990-ին զայն ընտրեց իբրեւ ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ։
Փրոֆ. Յովհաննէսեանի մահը կը սգան զաւակները՝ Րաֆֆի (Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար), Արմէն, Անի եւ Կարօ իրենց ընտանիքներով, թոռներն ու ծոռները, եղբայրը՝ Վըրնըն իր ընտանիքով, ինչպէս նաեւ համայն հարազատները, բարեկամներն ու իր աշակերտները:
Պիտի կատարուի Ազգային թաղում, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 22 Յուլիս 2023-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ: Տան կարգը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 19 Յուլիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Մոնթեպելոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Share