«Իրական Սփիւռք»-ի հրամցուող ապագաղափարախօսութիւը

«Իրական Սփիւռք»-ի հրամցուող ապագաղափարախօսութիւը

Գործող իշխանութիւններու խորհրդարանական մէկ ներկայացուցիչին սփիւռքի մասին կատարած յայտարարութիւնը ըստ էութեան հետեւեալ  հիմնական միտքը ներառած է:

Սփիւռքը ունի երկու գործառոյթ: Կա՛մ սփիւռքահայը պէտք է վերադառնայ Հայաստան, կա՛մ ալ կապ հաստատէ կառավարութեան հետ ըսելու համար, թէ ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար դառնալ Հայաստանին: Այս միտքերու հիմնաւորումներուն ընթացքին ներկայացուած են նաեւ տեսակէտներ, թէ առեղծուած է յայտարարելը, թէ հզօր սփիւռք կ՛ենթադրէ հզօր Հայաստան, եւ թէ սփիւռքի հզօրացումը համազօր է Հայաստանի տկարացումին:

Այս վերջին վարկածին տեսադաշտը Հայաստանէն արտագաղթածներու սփիւռքն է: Փաստօրէն ամբողջովին դուրս եկած է յետցեղասպանական, դասական սփիւռքը իր կառոյցներով եւ կազմակերպութիւններով:

Հիմա, արդէն մօտեցանք իշխանութիւններու ընդհանուր առաջադրանքին. կամ,  նոյնացաւ յայտարարութիւնը «Իրական Հայաստան»-ի  գաղափարախօսութեան հետ: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս ապրող զանգուածին հանդէպ որեւէ պատասխանատուութիւն չունի կառավարութիւնը: Պատասխանատուութիւն չունենալ կը նշանակէ նաեւ որեւէ ծրագիր չունենալ: Ընդհանրապէս կապ չունենալ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու հետ:

Հիմնաւորումներուն մէջ նաեւ կայ հաստատում, որ սփիւռքը որեւէ կշիռքի կարգ չունի Հայաստանի յարաբերակցութեամբ եւ թէ սփիւռքը իրաւական կեդրոն չունի, մէկ հասցէ չունի, որուն կարելի է դիմել:

«Իրական Հայաստան»-ին այս ձեւով կը զուգորդուի «Իրական սփիւռք»-ը, որ ունի երկու ընտրանք եւ գործառոյթ: Վերադառնալ Հայաստան կամ սպասարկել կառավարութեան օրակարգին:  Իսկ կառավարութեան օրակարգը հիմնականին մէջ սատարելն է Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 19-րդ յօդուածը յատկացուած է սփիւռքին:

Յօդուած 19. Հայկական սփիւռքի հետ կապերը

1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը հայկական սփիւռքի հետ իրականացնում է համակողմանի կապերի զարգացմանը եւ հայապահպանմանն ուղղուած քաղաքականութիւն, նպաստում է հայրենադարձութեանը:

2.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային իրաւունքի հիման վրայ նպաստում է այլ պետութիւններում հայոց լեզուի, հայկական պատմական եւ մշակութային արժէքների պահպանմանը, հայ կրթական եւ մշակութային կեանքի զարգացմանը:

Պարզ է, որ իշխանութիւններու ներկայացուցիչին կատարած յայտարարութիւններն ու գործող Սահմանադրութեան 19-րդ յօդուածը անհամատեղելի են եւ այդ առումով ալ հակասահմանադրական: Յայտարարուած երկու գործառոյթները, չի բացառուիր, որ ստանան նոր սահմանադրութեան նախագիծի տեսք եւ ամբոջ սփիւռքի դարաւոր աշխատանքներուն արգասիքը սահմանափակեն կառավարութեան օրակարգերու սպասարկելու ընելիքով: Ի դէպ, սփիւռքէն ակնկալուած աշխատանքներու բնոյթին մասին նմանատիպ յայտարարութիւններ կատարած էր նաեւ առաջին նախագահը: Հիմա շատ աւելի պարզեցուած եւ համարձակ նոյն միտքերն են, որ հակասահմանադրական էութեամբ կը հնչեն խորհրդարանին մէջ:

«Իրական սփիւռք»-ի օրակարգն է, որ ձեւաւորելու փորձ կը կատարուի այս ձեւով: Այս յղացքին սահմանադրական իրաւադրոյթ տալու արշաւի առաջին ազդանշանները կը տրուին: Տեսադաշտ, յղացք, գործառոյթներ ճշդելու փորձեր են, որոնք կը հրամցուին` դուրս մղելով դասական սփիւռքը իր կառոյցներով եւ կազմակերպութիւններով:

«Սփիւռքը չունի մէկ հեռախօսահամար, որ զանգես, ինքը պատասխանի իր ամբողջ քաշային կարգով ու ասի` իմ քաշային կարգը միացնում եմ քո քաշային կարգին: Ո՞վ է այդ հեռախօսահամարի տէրը», ըսած է Ազգային ժողովի անդամը: Հեռախօսահամարի օրինակը ձախող օրինակ է եւ վերցուած Միացեալ Նահանգներու երբեմնի արտաքին գործոց նախարար Քիսինճըրի օգտագործած յայտարարութենէն` Եւրոպայի մէկ հեռախօսահամար չունենալուն ակնարկելով:

Պարզապէս պէտք է նշել, որ սփիւռքեան բազմաթիւ հեռախօսահամարներ կան, որոնց ետին կը գործեն այնպիսի կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ, որոնք ոչ միայն հսկայական աշխատանք տարած են Սահմանադրութեան 19-րդ յօդուածի նշած կէտերուն ուղղութեամբ: Կա՛յ կազմակերպութիւն, որ կերտած է Հայաստանի Հանրապետութիւն, կանգնած է վերանկախացման եւ  հայոց երկրորդ հանրապետութեան հիմնադրութեան ակունքներուն:  Կա՛յ Հայ դատի համակարգ, որ միջազգային ընտանիքին մէջ անշրջանցելի դեր ունեցած է մեր պետութեան արտաքին քաղաքականութեան հիմնովին նպաստելով:

Այսօրուան հեռախօսային ծառայութիւնները սակայն ազգային ծածկոյթէ դուրս են եւ համահայկական օրակարգերու համար անհասանելի բաժանորդներ: Անկախ այսօրուան քաղաքականութենէն սփիւռքը գիտէ իր ձեւով շարունակել երթը` պետութեան եւ հայրենիքին հզօրացման: Այո՛, հզօր սփիւռք, հզօր հայրենիք առաջադրանքով:

«Ա.»

Share