Նորընտիր առաջնորդ սրբազանը հանդիպում ունեցաւ թեմի հոգեւորականաց դասուն հետ

Նորընտիր առաջնորդ սրբազանը հանդիպում ունեցաւ թեմի հոգեւորականաց դասուն հետ

Հինգշաբթի, 2 Մայիս 2024-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեանի, ծանօթացման եւ աշխատանքային բնոյթի հանդիպում ունեցաւ յաջորդաբար Թեմի գործադիր իշխանութեանց, Ազգ. վարչութեան եւ Կրօնական ժողովին հետ:

Յընթացս հանդիպման, արծարծուեցան նորընտիր Առաջնորդի Անդրանիկ պատարագին, ծխական շրջաններու համայնքային պատասխանատուներու եւ տեղական իշխանութեանց հետ տեսակցութեանց առնչուող ժամանակացոյցը եւ գործնական այլ հարցեր:

Աւելի ուշ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս հանդիպում ունեցաւ Հարաւային եւ Միջին Գալիֆորնիոյ Հոգեւորական հայրերու հետ:

Այս առիթով, Թորգոմ Արքեպիսկոպոս, յանուն Թեմի Հոգեւորականաց դասուն, ողջունեց Գեղամ Արքեպիսկոպոսի ստանձնած ծառայական նոր առաքելութիւնը՝ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդական պարտաւորութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ մեր բոլորին անվերապահ զօրակցութեամբ նորընտիր Առաջնորդը՝ իրեն յատուկ ոճով եւ փորձառութեամբ, նոր աստղեր պիտի երեւցնէ Արեւմտեան Ամերիկայի երկնակամարին վրայ:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս, իր կարգին, շնորհակալութեամբ ընդունեց Թորգոմ Սրբազանի եղբայրական ջերմ վերաբերումը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ի դիմաց Արեւմտեան Թեմի՝ կը ստանձնէ աւանդով հարուստ եւ ներկայով ծաղկուն Թեմ մը, որուն վերջին տարիները ուղղակիօրէն կը կապուին Թորգոմ Արքեպիսկոպոսին, որ գրեթէ եօթը տարի՝ Առաջնորդ եւ նախապէս առաջնորդական տեղապահ, ողջունելի գործունէութիւն ծաւալեց այս շրջանին մէջ, հակառակ անոր, որ ան Առաջնորդ ընտրուեցաւ աշխարհի եւ հայութեան կեանքին մէջ ծանրագոյն պայմաններու տակ:  

Իր խօսքին մէջ նորընտիր Առաջնորդը նաեւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Հոգեւոր հայրերու հետ հանդիպման առիթին համար եւ անդրադարձաւ անոնց գործունէութեան կարեւորութեան՝ ընդգծելով, որ Հայրերը ուղղակի կապն են ծուխերուն, որոնք իրենց ժողովականութեամբ բաղադրիչ տարրերը կը կազմեն Արեւմտեան Թեմի: Շեշտելով ժողովուրդին ծառայութիւն բերելու Տիրաւանդ պատուէրին նկատմամբ Հոգեւոր սպասաւորներու հաւատարմութիւնը՝ ան նաեւ էական նկատեց փոխադարձ վստահութիւնն ու անսակարկ գործակցութիւնը՝ յանուն Հայ Եկեղեցւոյ անսասանութեան, Արեւմտեան Թեմի վերելքին եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներու բաւարարման:

Share