ՍԴՀԿ, ՀՅԴ եւ ՌԱԿ կը վերահաստատեն իրենց յանձնառութիւնը յիշատակութեան եւ արդարութեան հետապնդման նկատմամբ

 ՍԴՀԿ, ՀՅԴ եւ ՌԱԿ կը վերահաստատեն իրենց յանձնառութիւնը յիշատակութեան եւ արդարութեան հետապնդման նկատմամբ

Միացեալ Յայտարարութիւն

Հայոց Ցեղասպանութեան 111րդ տարելիցին առթիւ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը (ՍԴՀԿ), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը (ՌԱԿ) կը վերահաստատեն իրենց յանձնառութիւնը յիշատակութեան եւ արդարութեան հետապնդման նկատմամբ:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը մնայ յանցագործութիւն մը, որ տակաւին չէ ընդունուած զայն գործադրած Թուրքիոյ կողմէ, որուն հետեւանքները այսօր կը շարունակուին Արցախի մէջ՝ Թուրքիոյ եւ անոր գործընկեր Ատրպէյճանի վարած ցեղասպան քաղաքականութեամբ:

Այս իրականութեան մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը մնայ համահայկական այն հարցը, որ կը միաւորէ մեզի: Մենք կը շարունակենք մեր համակարգուած ջանքերը արդար լուծումի հասնելու՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հատուցումով:

Կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը միասնականութեան՝ մեր ընդհանուր նպատակին ծառայելու համար, եւ այդ ոգիով այս տարի եւս կը համախմբուինք ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը՝ ո՛չ միայն յիշելու ողբերգական դէպքերը, այլ նաեւ գործի դնելու մեր ժողովուրդի տոկունութիւնն ու աննկուն կամքը:

Մենք կը խրախուսենք նպատակասլաց եւ համակարգուած գործունէութիւն՝ Հայ Դատի յառաջխաղացման համար:

Վստահ ենք որ միացեալ ջանքերով պիտի վերաշխուժացնենք մեր համայնքը, պիտի ներգրաւենք եւ զօրացնենք մեր երիտասարդութիւնը՝ որպէս ապագայի դրօշակիրներ, ի խնդիր մեր ազգի հաւաքական իտէալներուն:

Կը պահանջենք Միացեալ Նահանգներու նախագահէն, նկատի առնելով Քոնկրեսի զոյգ պալատներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ իր տարեկան պատգամին մէջ օգտագործէ «ցեղասպանութիւն» բառը:

Կրկին կոչ կ՛ուղղենք մեր համայնքին՝ համախմբուելու մեր ազգի կառոյցներուն շուրջ, մեր իրաւունքներու, արժէքներու եւ պահանջներու պաշտպանութեան համար, սկսեալ Ապրիլ 24էն: Մեր Նահատակները կը պահանջեն զայն:

ՍԴՀԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՌԱԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share