Ոչ ևս է հայ մամուլի նուիրեալ Սարգիս Մահսէրէճեանը

Ոչ ևս է հայ մամուլի նուիրեալ Սարգիս Մահսէրէճեանը

Մահազդ

ՀՅԴ Արևմետեան ԱՄՆի պաշտօնաթերթ՝ Օրակարգը գուժում է իր վաստակաշատ աշխատակցի և հայ մամուլի գաղափարական նուիրեալ՝ ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ-ի մահը:

Օրակարգ


Լոս Անճելըսի մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ հայ մամուլին եւ յատկապէս «Ազդակ» օրաթերթին հետ իր անունը նոյնացուցած Սարգիս Մահսէրէճեան: Մահսէրէճեան ամբողջական իմաստով նուիրուած էր «Ազդակ»-ին` վարելով պատասխանատու խմբագիրի, խմբագրապետի եւ տնօրէնի պաշտօններ:

Տասնամեակներ շարունակ ան ձեռնհասօրէն վարեց «Ազդակ»-ի խմբագրական պատասխանատու պաշտօններ, քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն դաժան օրերուն «Ազդակ»-ը դարձնելով իր առաջին տունը, ապահովելով անոր անխափան երթը եւ անփոխարինելիօրէն ներդրում ունենալով «Ազդակ»-ի խմբագրական մարդուժի պատրաստութեան:

«Ազդակ»-ի էջերը հարուստ են Սարգիս Մահսէրէճեանի խմբագրած մեկնաբանական լրատուութիւններով, առաջնորդող յօդուածներով, խմբագրականներով, ինչպէս նաեւ հայկական քաղաքական, մշակութային եւ հասարակական երեւոյթներու վերաբերող յօդուածներով:

Վաստակաշատ խմբագրապետը կը մեկնի այս աշխարհէն` ձգելով հրապարակագրական հարուստ ժառանգութիւն:

Սարգիս Մահսէրէճեանի մահով «Ազդակ»-ի ընտանիքը եւ հայ հրապարակագրական համայնքը կը կորսնցնեն նուիրեալ, անխոնջ եւ բառացիօրէն մինչեւ իր մահը գաղափարական մեր մամուլին ծառայած գործիչ մը:


Մահազդ

«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնն ու խմբագրակազմը կը գուժեն «Ազդակ»-ի վաստակաշատ նախկին տնօրէն-գլխաւոր խմբագիր եւ մամուլի նուիրեալ

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ-ի մահը:


Մահազդ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը գուժէ իր պաշտօնաթերթ «Ազդակ»-ի երկար տարիներու խմբագրապետի պաշտօն վարած

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ-ի մահը:


Share