Բրիւսել աշխատանքային այցի շրջանակում ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանը, Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի ընկերակցութեամբ, հանդիպում է ունեցել Եւրոպայի սոցիալիստների կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Եոնեկ Փոլէի հետ։
Եւրոպայի սոցիալիստների կուսակցութիւնը Եւրոպայում սոցիալիստական, սոցիալ-դեմոկրատական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւնների խոշորագոյն միաւորումն է, որին Հարաւային Կովկասից անդամակցող միակ կուսակցութիւնը ՀՅԴ-ն է։
Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրել են PES-ի եւ ՀՅԴ-ի միջեւ ձեւաւորուած բարձր մակարդակի քաղաքական փոխըմբռնումը, պարբերական երկխօսութիւնը եւ PES-ի աշխատանքներում Դաշնակցութեան ներգրաւուածութիւնը։
Իշխան Սաղաթելեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով PES-ի վերջին համագումարի կողմից ՀՅԴ-ի ներկայացրած բանաձեւի ընդունման կապակցութեամբ, կարեւորել է նման հարցերի շարունակական բարձրաձայնումը, ինչը կարող է էական ազդեցութիւն ունենալ Բաքւում պահուող հայ ռազմագերիների անհապաղ ու անվերապահ ազատ արձակման, ՀՀ բռնազաւթուած տարածքների ապաբռնագրաւման, արցախահայութեան համապարփակ իրաւունքների պաշտպանութեան եւ Հայաստանում քաղաքական ազատութիւնների յարգման հարցերում։
Իշխան Սաղաթելեանն ամփոփ ներկայացրել է Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը, Դաշնակցութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները, Հայաստանի եւրոպական ինտեգրման վերաբերեալ ՀՅԴ տեսակէտները, ինչպէս նաեւ Հայաստանում սոցիալ-դեմոկրատական արժէքների տարածմանն ուղղուած գործողութիւնները։
ՊՐԻՒՔՍԷԼ․- Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ Պելճիքայի մայրաքաղաք ժամանած, Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի ընկերակցութեամբ, հանդիպում ունեցաւ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ եւ Ընկերվարական Միջազգայնականի փոխնախագահ Հանա Ժալուլ – Մուրոյի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած՝ Եւրոպական խորհրդարանի տարբեր հարթակներուն մէջ գործող երեսփոխան Նաչօ Սանչէս – Ամորի հետ։

Զրուցակիցները մտքեր փոխանակեցին Հայաստանի եւրոպական համարկման գործընթացին, ներքաղաքական զարգացումներուն եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն շուրջ։
Իշխան Սաղաթելեան ներկայացուց Հ․Յ․Դ․-ի տեսակէտները վերոնշեալ հարցերուն վերաբերեալ։ Ան կարեւորեց Հայաստանի մէջ իրաւունքի գերակայութեան եւ քաղաքական ազատութիւններու լիարժէք գործադրման երաշխաւորումը, ինչպէս նաեւ իշխանութիւններու ապօրինի քայլերը զսպելու գործին մէջ եւրոպական կառոյցներու դերակատարութիւնը։
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Հ․Յ․Դաշնակցութեան եւ եւրոպական ընկերվարական զանազան շրջանակներու միջեւ աստիճանաբար զարգացող յարաբերութիւններուն եւ համաձայնութիւններ գոյացուցած՝ զանոնք յառաջիկային աւելի խորացնելու ուղղութեամբ։ Մտքեր փոխանակուեցան նաեւ շրջանին մէջ կայուն, արդար եւ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու համար անհրաժեշտ նախապայմաններուն եւ համապատասխան քայլերուն շուրջ։
