ՆԱԹՕ՝ եթէ կարենայ, պատրաստ պիտի ըլլայ դերակատար ըլլալ Հորմուզի նեղուցին մէջ հաւանական առաքելութեան մը մէջ, յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէն Ապրիլի 9-ին, հաղորդեց Reuters-ը։
«Եթէ ՆԱԹՕ-ն կարենայ օգնել, ապա յայտնի է, որ չօգնելու որեւէ պատճառ չկայ»,‒ յայտարարած է Ռիւթէ Ուաշինկթընի մէջ ունեցած ելոյթի ընթացքին։ Նախապէս՝ Ռիւթէ քանի մը մայրաքաղաքներու յայտնած էր, թէ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը փափաքի յառաջիկայ օրերուն ստանձնել յստակ պարտաւորութիւններ՝ Հորմուզի նեղուցին մէջ անվտանգութիւնը ապահովելու համար, Reuters-ին յայտնած են երկու եւրոպացի դիւանագէտներ։
Ան, Չորեքշաբթի Ուաշինկթընի մէջ հանդիպած էր Թրամփի հետ՝ Իրանի պատերազմի շուրջ դաշինքէն ներս գոյացած լարուածութեան պայմաններուն մէջ։ Մեծն Բրիտանիա կը գլխաւորէ մօտ 40 երկրէ բաղկացած խումբ մը, որ կը փորձէ մշակել Հորմուզի նեղուցի վերաբացման եւ ապահովութեան երաշխաւորման ռազմական ու դիւանագիտական ծրագիր մը, սակայն ցարդ նշաններ չկան, որ այս ջանքերը մօտ ապագային յառաջդիմութիւն պիտի արձանագրեն։
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն Չորեքշաբթի յայտարարած է, որ մօտ 15 երկիր կը մտադրէ նպաստել նեղուցէն նաւարկութեան վերականգն- ման։ Ֆրանսայի արտաքին նախարար Ժան-Նոէլ Պարոն Հինգշաբթի նշած է, որ Հորմուզի նեղուցը ամբողջովին չի կրնար վերաբացուիլ մինչեւ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ երկարատեւ համաձայնագիրի կնքումը, մինչ Իտալիա եւ Մեծն Բրիտանիա յայտարարած են, թէ Իրանի այն դիրքորոշումը, ըստ որուն կրնայ մաքսատուրք գանձել նեղուցով տարանցման համար, անընդունելի է։
