Հանդիպում Պոլսահայ երգչուհի՝ Սիպիլի հետ

Հանդիպում Պոլսահայ երգչուհի՝ Սիպիլի հետ

Օգոստոս 4-ին, ժամը 16։00-ին, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամը կազմակերպած է հանդիպում՝ պոլսահայ յայտնի երգչուհի Սիպիլի հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ակունք»-ը։

Համայն հայութեան կողմէ սիրուած Սիպիլը յայտնի է իր բազմազան երգացանկով։ Սիպիլը, հակառակ անոր, որ մասնագիտութեամբ ֆինանսիստ է, սկսած է երգել դեռ մանուկ հասակէն՝ իր առաջին քայլերը կատարելով Կ․Պոլսոյ «Սուրբ Վարդանանց» հոգեւոր երգչախումբին մէջ։

2010 թ․ Նոյեմբերին թողարկած է հայալեզու «Սիպիլ» ալպոմը, ուր ընդգրկուած են «Տէր, Ողորմեա», «Կիլիկիա», «Տեսնեմ Անին եւ նոր մեռնեմ», «Նամակ» եւ այլ երգեր։ Այս ալպոմը մեծ յաջողութիւն ունեցած է Թուրքիոյ մէջ․ «Նամակ»-ի հիման վրայ նկարահանուած տեսահոլովակը պատրաստուած է Թուրքինոյ ամենայայտնի արտադրողներէն մէկուն աջակցութեամբ եւ դարձած առաջին հայալեզու տեսահոլովակը, որ ցուցադրուած է թրքական պետական հեռուստատեսութեամբ։

Թուրքիոյ մէջ հայերէն երգերը տարածելու գործին մէջ մեծ նպաստ ունեցած Սիպիլը 2012 թ․ մրցանակի արժանացած է Մոսկուայի մէջ կայացած «Արմենիա» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ, իսկ մէկ ամից անց, Հայաստանի մէջ երգչուհիին շնորհուած է Ազգային երաժշտական մրցանակ։

Սիպիլը հայ ունկնդիրներուն յայտնի է նաեւ Արեւմտեան Հայաստանին եւ Կիլիկիոյ նուիրուած իր կատարումներով, իսկ ընդամէնը 10 օր առաջ ան հանդէս եկած է նոր ուշագրաւ տեսահոլովակով, որ նկարահանուած էր Թուրքիա բնակող համշէնահայ երգչուհի Այշենուր Քոլիվարի հետ։

Վարդավառի տօնին նուիրուած «Լոյսի հատիկ» երգը եւ տեսահոլովակը առաջինն էր իր տեսակին մէջ, քանի որ այնտեղ Սիպիլն ու Այշենուր Քոլիվարը երգը կը կատարէին արեւմտահայերէնով եւ հայոց լեզուի Համշէնի բարբառով։https:

Երգչուհին այժմ կը գտնուի Հայաստան եւ սիրով ընդունած է հայաստանցներու հետ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնէն ներս հանդիպում կազմակերպելու առաջարկը։ Հանդիպման ընթացքին Սիպիլը պիտի պատմէ իր անցած ուղիին, Թուրքիոյ մէջ հայկական երգերը ներկայացնելուն եւ տարածելուն ուղղուած իր ջանքերուն, ինչպէս նաեւ վերջին տեսահոլովակին՝ «Լույսի հատիկի» մասին»։

Share