Յ. ՊԱԼԵԱՆ
22 Յուլիս 2024, Փարիզ
Ազգի դատը կեանքի անխառն նպատակ դարձուցած հաւատաւոր «Լեւիկ»-ի մահը գուժեցին: Հայրենիքէ դուրս տեղ մը ծնած եւ այլ տեղ կեանքէն հեռացած բիւր բիւրաւորներէն մէկը:
Լեւիկ. այդքա՛ն:Ազգանունը անգամ յիշելու կարիք չէր զգացուեր: Խունկ պիտի ծխեն: Դամբանական պիտի խօսուի, ինչպէս կարգն է: Դաշնակցական մամուլին մէջ յօդուածներ լոյս պիտի տեսնեն: Աւանդութիւնը պիտի յարգուի:
Ցեղասպանութեան 50-ԱՄԵԱԿին յաջորդած տարիներու քաղաքական-գաղափարական զարթօնքի եւ յանձնառութեան ալիքին վրայ յայտնուած սերունդէն էր Լեւիկ: Հայկական եւ միջազգային յիշողութիւնը թմբիրէ դուրս բերելու պարտականութեան ինքզինք կոչած հաւատաւոր անուսադիրներու ազատագրական բանակ, որ ուզեց ըլլալ, եղաւ շարունակութիւն: Ուսադիրները թիկունքի զարդարանք են: Հոն չենք գտներ անհաւասասար պայքարի մէջ զոհուած հայ երիտասարդի կիլիկեցի գիւղացի հօր թերթերու վերտառութիւն եւ խօսափողի աղմուկ չեղող խօսքը, որ «Աստուած տուաւ, ազգը առաւ»:
Մեր ժողովուրդը պատմութեան լուսանցքին վրայ չմնալու իրաւունքը երիտասարդ կեանքերու զոհաբերութեամբ շահեցաւ:
Լեւիկի համար հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը ամբողջական տեսիլք էր, ան ազգային եւ ընկերային արդար իրաւունքի տիրացման հետապնդում էր, ընդդէմ ցեղապաշտական, տիրակալական, տնտեսական չարաշահումներու:
Փարիզ Եկած էր Պարսկաստանէն, բայց երբեմն անվարան կը յիշեցնէր, որ իր արմատները Երեւանէն էին: Այդ գիտակցութիւնը հաւանօրէն կը բացատրէր իր յանձնառութիւնը:
Այդ ամեակներուն ծաւալած ազատագրական պայքարներու հունով խմորուած էին իր քաղաքական միտքերը, ո՛չ թէ շատերու պէս նորոյթի հետեւելու համար, ինչպէս կ’ընէին եւ կ’ընեն գրքունակներ, այլ այն համոզումով, որ Հայկական Հարցը ժողովուրդներու ազատագրական պայքարներու մէկ օղակն էր: Անոնք մէկ եւ նոյն էին: Այդ ժառանգած էր իր պատկանած կուսակցութեան աւանդութենէն: Լեւիկի յանձնառութիւնը էսթէպշլիշմընթային-քաղքենիական շաբաթավերջի զարդարանք չէր: Այս երեւոյթը սովորութիւն է կոչել սկզբունքայնութիւն: Այս ըմբռնումին հետեւանքը եղաւ այն, որ անձնական կեանք եւ բարօրութիւն չհետապնդեց, այդ ընելու համար անհրաժեշտ դասական գործնապաշտութիւնը չունէր:
Հայ ժողուրդի ազատագրական պայքարի թէժ օրերուն, Կովկասէն ընտրեալ պայծառ երիտասարդներ «Երկիր» կ’երթային: Հայ հայրենահանուած եւ հայրենազուրկ զանգուածները դարձած էին ՍՓԻՒՌՔ(ներ), որ հայրենիք չէր, պիտի չըլլար, եւ ինչպէս սովորութիւն է ըսել, ճողոպրածները եւ անոնց յաջորդները, դատապարտուած էին անհետացման, հակառակ այս կամ այն ձեւի գոյապահպանական նկրտումներու:
«Մեր Հողերը» կանչը բարձրացած էր Հայաստանի Հանրապետութենէն:
Ո՛չ մէկ նուաճող, ազնուութեամբ բռնագրաւուած հող կը վերադարձնէ:
Անհող մնացած զանգուածները, ո՛չ միայն բանիւ, այլ իրա՛ւ ժառանգորդ եւ տէր պէտք էր ըլլային, կամ պէտք էր դադրէին ազգ ըլլալէ: Ցեղասպանութիւն գործելով հայու հայրենիքին տէր դարձած ՑԵՂԱՍՊԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆը անհրաժեշտ էր որ ընդունէր իր գործած ՄԵԾ ՈՃԻՐԸ, ՀՈՂԸ վերադարձնէր իրաւատիրոջ եւ հատուցում ընէր, որպէսզի հայու հողին վրայ հայ կեանքը շարունակուէր: Առանց այս գիտակցութեան եւ անոր հետեւող յանձնառութեան, ՍՓԻՒՌՔ դարձած ԱՆՀՈՂ ԱՐԵՒՄՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ կ’արձանագրուէր պատմութեան շահ-վնասի տոմարներուն մէջ: Կ’ըլլար վերջ: Պատմութիւնը նախկինի շարունակութիւն չէր ըլլար:
Լեւիկ այն սերունդէն, էր որ մերժեց պատմութեան այդ անարգ վճիռը, Սփիւռք կոչուած անորոշութեան մէջ ապրող հայը, երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը ուզեց առաջնագիծ տանիլ:
Իւրաքանչիւր ժողովուրդ կը պայքարի իր ունեցած միջոցներով, կամ չի պայքարիր եւ կը դառնայ մեղսակից իր իրաւազրկման:
Ցեղասպանութեան 50-ԱՄԵԱԿի եւ անոր յաջորդող ամեակներու սերունդը մերժեց տապանաքար դնել ազգի անիրաւման վրայ: Զոհեր եղան, ինչպէս զոհուած էին Երկիր գացողնրը, փաստելով որ Ազգը ապրելու տենչ եւ կամք ունի:
Առանց մանր քաղքենիական սովորական տուայտանքի, Հայաստան եւ յարաճող Սփիւռք, տէր կը մնա՞նք Ցեղասպանութեան 50-ԱՄԵԱԿին պայթած նոր «խրախոյս»ին, շարունակելով անուսադիրներու ինքնապաշտպանութեան «յարատեւ կռիւ»ը: Կռիւը՝ եսական փառք եւ բարօրութիւն չհետապնդողներու անանձնական կռիւը: 50, 100, վաղը՝ 200 ԱՄԵԱԿՆԵՐ: Ի՞նչ պիտի ըսէ եւ ընէ նոր ամեակներու սերունդը: Ինքնամոռացումով պիտի ընդունի՞ որ ՍՓԻՒՌՔԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔ Է ԵՒ ՎԵՐՋ, մոռնալով հայ գրող Վիգէն Խեչումեանի մեր ներկային եւ գալիքին ճակտին դաջուած խօսքը, որ «ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ», կեղծ իմաստուններ կ’ըսեն՝ «համաշխարհային ազգ», հէքիաթի հազարան բլբուլի պէս:
Անհայրենիքները ազգ չեն: Ինչպէս սովորութիւն է ըսել «ծագում»ով այս կամ այն են, տարաշխարհիկ բոյսեր են, նոյնիսկ եթէ տիտղոսներ եւ շքանշաններ ունենան, կամ «ժագուզի»ով բաղնիք:
Սէրեր ունեցող Լեւիկի մասին չխօսեցայ: Ինչպէս ըսած է յոյն գրողը, անոր ալ պիտի զլացուի իր հայրերու եւ անոնց հողին վրայ հանգչելու ԻՐԱՒՈՒՆՔը:
Այդ իրաւունքի ձեռքբերման հաւատացողներուն յիշատակը յարգելու միակ եղանակը այն անկասելի պայքարն է, զոր, հայը ինքզինք յարգելու համար պէտք է մղէ, որպէսզի ինք եւ գալիք սերունդները իրենց հայրերու կողքին թաղուին եւ ԱԶԳը ըլլայ հաստ իրաւութիւն, ո՛չ յիշատակ, ո՛չ առասպել:
Միշտ նախանձած եմ անոնց, որոնք նման միտքերով իրենք զիրենք չեն չարչարեր, այլ զանոնք կը համարեն «պարապ վախտի խաղալիք»:
Եւ յետոյ ի՞նչ , որո՞ւ հետ, որո՞ւ համար:
Հայ մըն ալ պիտի թաղուի օտար հողի մէջ: