Յովսէփ Գաբրիէլեանի Յիշատակին

Յովսէփ Գաբրիէլեանի Յիշատակին

Ս. Մահսէրէճեան

Ինչպէս որ կեանքը կերտեց ու գործեց առանց աղմուկի, նոյնպէս ալ մեկնումը եղաւ անակնկալ եւ անաղմուկ, ետին թողելով հոգիէն բխող բարի ժպիտին յիշատակը:

            Կրնայ տարօրինակ թուիլ Յովսէփին հետ ծանօթացումիս պայմաններն ու բարեկամութեան զարգացումը: Հանդիսութեան մը պահուն էր, երբ հասարակաց բարեկամի մը «միջնորդութեամբ» ծանօթացանք իրարու: Իմացեր էր, որ Պէյրութ ապրած տարիներուս, մաս կազմած էի «Ազդակ»ի խմբագրութեան, ուրեմն, առաջին հարցումներէն մէկը եղաւ «Զարեհ Մոնոֆարեանը կը ճանչնայի՞ր»: Զարեհը խմբագրական կազմի երէց ընկերներէս էր, որուն հետ տաք ու պաղ օրեր ապրած էի Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»ի առաջին տարիներուն, յետոյ, ան մեկնած էր Միացեալ Նահանգներ, ու Լիբանանին պարտադրուած դաժան պայմաններուն հետեւանքով, անոր հետ կապս կտրուած էր: Քանի մը տարի ետք, Զարեհը անվերադարձ մեկնած էր հիւանդութեան մը հետեւանքով: Եւ ահա, դէմս ունէի անձ մը, որ ինծի պիտի յիշեցնէր վաղեմի ընկերս, պիտի պատմէր, թէ ինչպիսի՜ մտերմութիւն ունեցած էր անոր հետ, նախ՝ Հալէպի մէջ, յետոյ նաեւ Պէյրութի ու վերջապէս ամերիկեան այս ափերուն, ուր եկած էին հաստատուելու իրարմէ քանի մը տարի տարբերութեամբ: Ու Զարեհը, նմանապէս լռիկ-մնջիկ աշխատող երախտաւոր մը, յետ մահու պիտի ըլլար Յովսէփին հետ բարեկամանալուս առաջին կամուրջը, «մասնակցութիւն պիտի բերէր» մեր զրոյցներուն…

             Յովսէփին հետ բարեկամութիւնս նախ զարգացաւ հեռաձայնային խօսակցութիւններով: Գործի մարդ էր, սակայն ի բնէ հակում ունէր հետեւելու քաղաքական կեանքի իրադարձութիւններուն, անոնք կապ ունենային Միջին Արեւելքի, Հայաստանի թէ աշխարհի տարածքին հայը հետաքրքրող-շահագրգռող դէպքերու եւ վիճակներու հետ: Սա պատահականութեան բերումով չէր, որովհետեւ (իր պատմածներէն պիտի տեսնէի որ) ծնած ու հասակ առած էր Հալէպի մէջ, ապա, 1960-ականներէն սկսեալ աւելի քան 10 տարի ապրած էր Պէյրութի մէջ. այդ տարիները բաւական փոթորկալի եղած էին այդ երկիրներուն համար: Հազիւ գիտակցական տարիքին հասած՝ հետեւած էր նորանկախ Սուրիոյ ու Լիբանանի պատմական իրադարձութիւններուն, մանաւանդ՝ Սուրիոյ, որ սկզբնական տասնամեակին ապրած էր շատ աւելի փոթորկալի ծովերու մէջ, քան Լիբանանը, որուն առաջին լուրջ ցնցումին, 1958-ին, ինք տակաւին Հալէպ էր: Նախակրթարանի եւ երկրորդականի ուսման տարիներն էին անոնք: Իրաւազրկուած, Ցեղասպանութենէ փրկուած սերունդէ մը պահանջատիրական ժառանգութիւն ստացած Յովսէփը բնականաբար հարազատ պիտի զգար պայքարո՛վ անկախութիւն շահած երկրի մը զարգացումներուն հետ, որովհետեւ սեփական բնակարանին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ակումբին եւ Ճեմարանին մէջ ալ նմանօրինակ մթնոլորտ կը տիրէր՝ սգատօներէ դէպի պահանջատիրական պայքար անցող հայութեան հաւաքական կեանքին մէջ:

            Մեր հեռաձայնային հաղորդակութիւնները «դասարան փոխեցին» կարճ ատեն ետք, ու անզգալաբար բարի սովորութիւն մը զարգացաւ մեր միջեւ՝ շաբաթավերջի պարբերական հանդիպումներ եւ երկարատեւ զրոյցներ: «Օրակարգը» բազմակողմանի էր եւ հարուստ, երբեք ալ սպառելու տրամադրութիւն չունեցող: Պիտի պատմէր մանկութեան, պատանութեան եւ երիտասարդութեան օրերու փորձառութիւններէն, առաւելաբար խօսելով ուրիշներու եւ անոնց ըրածներուն մասին, ինք կարծէք թէ պարզ դիտող մը ըլլար: Այդպէս չէր, սակայն: Թէ՛ Հալէպի ու Պէյրութի եւ թէ Լոս Անճելըսի մէջ, ան իր մասնակցութիւնը բերած էր մեր հաւաքական կեանքին, մերթ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով, աւելի յաճախ՝ Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ տարուող աշխատանքներու մասնակցութեամբ: Մաս կազմած էր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ժողվականութեան, Ազգ. Առաջնորդարանի ուսումնական գործերուն, ընտրուած էր Ազգային երեսփոխան: Բոլոր փուլերուն ալ, նախընտրած էր գործել «լռութիւնը ոսկի է» սկզբունքով: Պիտի պատմէր հաւաքական իրագործումներու մասին, որոնք ուրախութիւն եւ հոգեկան բաւարարութիւն առթած էին իրեն, մասնաւորաբար հայեցի դաստիարակութեան աշխատանքներու անդաստանին մէջ: Եւ որովհետեւ իր ըրածին կամ մասնակցութիւն բերած աշխատանքներուն մասին չէր նախընտրեր երկար խօսիլ (երբեմն հպանցիկ ակնարկութիւններ պիտի ընէր որոշ դառնութիւններու եւ հիասթափութիւններու մասին, երբ իր եւ մտերիմներու ճիգերը իրենց սպասած արդիւնքը չէին տուած իրենց կամքէն անկախ պատճառներով), շուտով մեր խօսակցութեան ղեկը ուղղութիւն պիտի փոխէր եւ պիտի հասնէր քաղաքական աշխարհի ժամանակակից հարցերու ոլորտը:

            Մեր զրոյցներուն սկզբնական շրջանին իսկ զգացած էի, որ Յովսէփը ունէր դէպքերն ու երեւոյթները դատելու, վերլուծելու սեփական ուղին, հայեցակէտը, որ տարբեր էր բոլոր անոնցմէ, որոնք կամայ թէ ակամայ կը տարուին զանգուածային մամուլի քողարկեալ քարոզչութեան ազդեցութիւններով: Այլ խօսքով, Սուրիոյ, Իրաքի, Իրանի, Լիբանանի, ինչո՞ւ չէ նաեւ Հայաստանի իրադարձութիւնները կը դիտէր այն ակնոցով, որ կարծէք թէ «հականեխուած» էր միջազգային ու մանաւանդ ամերիկեան մամուլի «մանրէներէն»: Այս կամ այն երկրի իշխանութիւններուն դրական կամ բացասական արարքները պիտի դիտէր եւ քննարկէր ա՛յդ՝ սեփական ակնոցի պրիսմակով, վստահելով այն փորձառութիւններուն եւ գիտելիքներուն, որոնք իր մէջ կուտակուիլ սկսած էին մանկութեան ու պատանութեան օրերէն: Իր այս արժանիքը յաւելեալ պատճառ էր, որ մեր «ջուրը իրարու հետ քալէր»: Եւ յանկարծ կ’անդրադառնայինք, որ մեր զրոյցը չէ կրցած սպառել «օրակարգը», ստիպուած կ’ըլլային ցտեսութիւն ըսելու եւ համաձայնելու, որ «այս մասին աւելի մանրամասն կը խօսինք մեր յաջորդ հանդիպումին»:

            Մեր հաւաքական կեանքին ու աշխարհի իրադարձութեանց կողքին, երբեմն ժպիտը զինք պիտի տանէր նաեւ անձնական կեանքպատուհաններըը: Պէյրութեան տարիներուն էր որ կազմած էր ընտանիք, զաւակները հասակ առած էին ամերիկեան երկինքի տակ, կերտած էր սեփական ասպարէզ, իսկ վերջին տարիներուն, թոռնիկներուն յաջողութիւնները, մասնաւորաբար հայերէն դասանիւթերու հանդէպ հետաքրքրութիւնը սիրտը կը յորդեցնէին տարբեր ջերմութեամբ մը: Պէտք չունէի հարցնելու, թէ ուրկէ՞ կը ծաղկէին նման սերմեր, որովհետեւ ԸՆՏԱՆԻՔ հասկացութիւնը իրեն համար կեանք էր ու ապրում:

            Եւ օր մըն ալ, առողջական վիճակը սկսաւ տատանումներ բերել իր նաւուն: Դիմադրեց իր սովորական լռութեամբ, որոշ բարելաւում ձեռք բերաւ, սակայն վերջին յաղթանակը եղաւ անոր՝ որուն դիմաց բոլորս ալ կը պարտուինք ուշ կամ կանուխ:

            Եւ հիմա, Յովսէփն ալ գացած է միանալու փաղանգին այն հայորդիներուն, որոնք իրենց սեփական կեանքի գետակը միախառնած են հաւաքական գետին, ճիգ ըրած են չերեւելու իրենց ըրած գործերով ու իրագործումներով (սերունդի մը հարազատ մէկ ներկայացուցիչն էր այս իմաստով), եւ ապրած են իրենց ճիտին պարտքը թէ՛ ընտանիքին եւ թէ ազգին ըստ կարելւոյն հատուցած ըլլալու գոհունակութիւնը: Այս փաղանգը «անծանօթ զինուորներ»է կազմուած չէ, ունի վաստակ (ժողովուրդի բառերով՝ ամակ ունի), թողած է երախտիք, որովհետեւ Յովսէփին անձն ու գործը ծանօթ են շրջապատին, ու անոր յիշատակն ալ պիտի պահուի իբրեւ այդպիսին:

Share