Թեհրանի մէջ ահաբեկուած է իրանցի զօրավար Հասան Սայատ Խոտաեարին

Թեհրանի մէջ ահաբեկուած է իրանցի զօրավար Հասան Սայատ Խոտաեարին

Իրանեան լրատուական տարբեր հարթակներ գրած են, որ Խատայի իրանեան բանակի ականաւոր սպաներէն մին է եւ վերջինս մասնակից դարձած է Սուրիոյ մէջ մղուած պատերազմներուն։

Հասան Սայատ Խատաեարի այսպէս կը կոչուի Իրանի «Յեղափոխութեան փաղանգ»ի ազդեցիկ զօրավարներէն համարուող այն զինուորականը, որ կիրակի յետմիջօրէին սպաննուած է Թեհրանի մէջ։

Լուրը առաջինը ներկայացուած է իրանեան «Թասնիմ» գործակալութիւնը նշելով նաեւ, Խատայի սպաննուած է ճիշդ այն պահուն, երբ հասած է իր բնակարանի փողոցը եւ կը պատրաստուէր տուն մտնել։

Կը նշուի, որ ահաբեկչութիւնը գործողը եղած են երկու անձեր, որոնք զօրավարի ինքնաշարժին մօտեցած են մոթոսայքըլով։

Իրանեան լրատուական տարբեր հարթակներ գրած են, որ Խատային  իրանեան բանակի ականաւոր սպաներէն մին է եւ վերջինս մասնակից դարձած է Սուրիոյ մէջ մղուած պատերազմներուն։ Նաև նշուած է, որ նա Ղասեմ Սուլէյմանիի մօտ անձերէ եղած է և մասնակցած է հրեաներու ահաբեկման աշխատանքներուն:

Share