Միացեալ Հայաստանը ընդդէմ… Ալմա Աթային

Միացեալ Հայաստանը ընդդէմ… Ալմա Աթային

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի վերանկախացումէն առաջ եւ անկէ ետք, մասնաւորաբար վերջին քանի մը տարիներուն, յաճախ օրակարգի նիւթ կըլլայ Հայաստանի տարածքի հարցը:  Միջազգային օրէնքներ, ՄԱԿի սկզբունքներ, անցեալին կնքւած համաձայնագիրներ եւ դաշնագիրներ կը մէջբերւին, ցոյց տալու, թէ Հայաստան կոչւած երկրին սահմանները ինչպէ՞ս գծւած են կամ պէտք է գծւած ըլլան (ըլլային), ո՞ր պայմանագիրը կրնայ իրաւական ու արդար հիմք ծառայել մեր հայրենիքին սահմանագծումին համար: Եւ խօսքի առ-եւ-տուրը առաւելաբար կը զարգանայ, ինչպէս նշեցինք, միջազգային այս կամ այն օրէնքին կամ համաձայնագիրին մեկնակէտով, ընդհանրապէս կը լուսանցքայնացւի այն տարրական իրականութիւնը, թէ պատմական փաստերն ու հայկական տարածքները ի սկզբանէ չեն կրնար վիճարկման դրուիլ, ինչ որ ալ ըսեն համաձայնագիրներն ու պայմանագիրները: Այլ խօսքով, ո՛չ ոք իրաւունք ունի անտեսելու ՊԱՏՄԱԿԱՆ այն ճշմարտութիւնը, թէ Հայաստանի մաս կը կազմեն բոլոր այն տարածքները, ուր հայութիւնը ապրած է դարեր շարունակ, զայն ընդունած է իբրեւ իր հայրենիքը, ճանաչում ալ գտած է պատմութեան սա կամ նա փուլին: Մէկ խօսքով, մեր բոլոր հողերուն պատկանելիութիւնը վիճելի չէ, պէտք չէ ըլլայ, հոգ չէ թէ այսօր, երէկ կամ վաղը արտաքին ազդակներ մեզի թելադրեն ճկուն մարտավարութիւն:

Չերթանք պտտելու հեռաւոր անցեալի ոլորաններուն, այլ բաւականանանք լուսարձակի տակ բերելով մեր նորագոյն պատմութեան էջերն ու փաստերը, մեր ձեռք բերած իրաւունքները ու անոնց իրաւական հիմերը:

ՍԱՆ ՍԹԵՖԱՆՈՅԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՍԵՒՐ

Նորագոյն պատմութեան փուլին, Հայկական Հարցը միջազգային սեղաններու վրայ սկսաւ դրւիլ Սան Սթեֆանոյի եւ անկէ քանի մը ամիս ետք տեղի ունեցած Բեռլինի վեհաժողովին օրերուն (հողի պատրաստութիւնը սկսած էր 17-րդ դարու երկրորդ կիսուն, ի՞նչ զարմանք ու զուգադիպութիւն՝ Էջմիածինի մէջ կայացած եւ քաղաքական ու հոգեւոր առաջնորդները համախմբող ժողովով…): Այդ ժողովներուն, մեր Դատը առաւելաբար Օսմանեան կայսրութեան իրաւազրկումներուն դէմ հայութեան արդար իրաւունքներու ապահովման դիմագիծով կը ներկայանար: Հետեւեցան այլ քաղաքական զարգացումներ, ինչպէս՝ «վեց նահանգներու հարց», քօղարկեալ ձեւով յառաջ եկաւ որոշ ինքնավարութեան գաղափարը, որուն ամէնէն շօշափելի արտայայտութիւնները արձանագրուեցան Ա Աշխարհամարտի նախօրեակին, եւրոպացի պատւիրակներու Արեւմտեան Հայաստան առաքումով եւ որոշ սկզբունքներու, ուրւագիծի ճշտումով: Ծրագիրը «ջուրը ինկաւ» աշխարհամարտին բռնկումով, նահատակւեցաւ միլիոնաւոր հայերու հետ…:

Ցեղասպանութեան օրերուն (1915-1923) էր որ վերջ գտաւ Ա Աշխարհամարտը. արիւնլւայ, ուժաթափ Հայաստանը Սարդարապատով ու Բաշ Ապարանով, սեփական ուժերով շահւած ճակատամարտերու ճամբով ձեռք բերաւ ազատ եւ անկախ պետութիւն մը, հանրապետութիւն մը հիմնելու իրաւունքը: 28 Մայիս 1918-ին, Հանրապետութիւնը ծնաւ շատ նեղ սահմաններով, սակայն արեան գնով ու անհաւասար ճակատումներու ճամբով ընդարձակեց իր տարածքը, սահմանները տարածեց աւելի՛ անդին, քան ինչ որ յետոյ դարձաւ Խորհրդային Հայաստան: Արցախն ու Նախիջեւանը մաս կազմեցին Հայաստանին, ինչպէս նաեւ Կարսի շրջանը: Նոյն այդ տարիներուն էր որ գոյութիւն առաւ Ա. Աշխարհամարտի հաշուեփակը կատարող Սեւրի դաշնագիրը, որ Օսմանեան կայսրութիւնը անցուց պատմութեան, ծնունդ տւաւ անկախ կամ կիսանկախ երկիրներու, որոնց շարքին՝ Հայաստանը: Ու երբ դրւեցաւ Հայաստանի սահմաններու բազմաչարչար եւ վիճայարոյց հարցը, որոշւեցաւ տնօրինումը վստահիլ Միացեալ Նահանգներուն, որուն օրուան նախագահը՝ Վուդրօ Վիլսոն, ուրւագծեց բաւական յստակ սահմաններ (մանր-մունր վիճելի բաժիններով): Այդ սահմանագծումը իրողապէս ճանչցւեցաւ, անկախ անկէ, թէ ամերիկեան խորհրդարանը համաձայն չեղաւ Հայաստանի հոգատարութիւնը յանձն առնելու: Այլ խօսքով, Սան Ստեֆանոյէն սկսած եւ սկզբնապէս անյաջող ընթացք ունեցած՝ Հայաստանի տարածքներու ճշտումի հարցը գտաւ բաւական արդար իրաւական յենակէտեր, որոնք այսօր կը ճանչցւին Սեւրի Դաշնագիր եւ Վիլսոնեան սահմաններ անուններով:

ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐ ԵՒ ՎԵՐԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ

Երբ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը հասաւ արեւամուտին, Խորհրդային Հայաստանը դարձաւ անդրանիկ հանրապետութեան ուղիղ ժառանգորդը՝ իր հողային տարածքով, Սեւրով ձեռք բերած իրաւունքներով ու պետական կառոյցներով (բանակ, նախարարութիւններ, համալսարան եւ այլն): Հայաստանին պարտադրւած՝ կայսերական հաշիւներուն ճամբով, ծալւեցան ու դարակը դրւեցան Սեւրն ու Վիլսոնեան քարտէզը, ծայր առաւ «դրացիներու հետ եղբայրանալու» իրականութիւններէ կտրւած վարքագիծ մը, որ տասնամեակներ շարունակ մնաց պարտադրեալ: Այդ տրամաբանութեան հիմամբ էր որ Արցախն ու Նախիջեւանը «նւէր տրւեցան» Ադրբեջանին, իսկ Մոսկւա-Անգարան սիրաբանութենէն ծնած դաշնագիրներ պատճառ դարձան, որ Կարսի շրջանն ալ նւէր տրւի Թուրքիոյ (դժւա՞ր է տեսնել, որ այսօրւան իրադարձութիւններուն մէջ, այդ օրերէն որոշ արձագանգներ կան…):

Խորհրդային կայսրութեան տասնամեակներուն, Հայաստանի սահմանները ընդահնուր առմամբ անփոփոխ մնացին (բացի յիշեալ՝ ի վնաս Հայաստանի կատարւած նւիրատւութիւններէն): Սահմաններու ընդարձակման յիշարժան պահանջը սեղանի վրայ եկաւ Բ Աշխարհամարտի աւարտին, երբ Մոսկւա, մեկելով իր հաշիւներէն՝ վերարծարծեց Կարս-Արտահանին՝ հայութեան ու Հայաստանին պատկանելիութեան հարցը: Քիչ ետք, ատիկա ալ գնաց հանգչելու Սեւրի ու յարակից թղթածրարներուն դարակին մէջ:

Խորհրդային տարիներուն, կար ընդհանուր «սկզբունք» մը. բոլոր հանրապետութիւնները կը կազմէին մէկ ամբողջութիւն, ու եթէ կարիք զգացւէր, այս կամ այն երկրին մէջ կը կատարւէին ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՎԵՐԱԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ, համաձայն տրւած հողամասին վրայ բնակիչներու թիւին ազգային պատկանելիութեան: Այսպէս էր որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի պարագային տեղի ունեցած են որոշ դասաւորումներ, որոնք ահա այսօր «ջուրի երես կու գան», իբրեւ թէ հայապատկան կամ ազերիապատկան «կղզեակներու» (անքլաւ) խորագիրին տակ: Մի՛ հարցնէք, թէ այդ ի՞նչ տրամաբանութիւն էր, որ մէկ կողմէ՝ ազգայինը դուրս կը նետւէր ժողովուրդներու օրակարգէն, սակայն միւս կողմէ, ճանաչում կու տար որոշ տեղ մը որոշ ժամանակ բնակութիւն հաստատած՝ ազգային փոքրամասնութեան մը իրաւատիրութեան…

ԻՍԿ ՀԻՄԱ՝ ԱԼՄԱ ԱԹԱ

Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, ապրած ենք աւելի քան 32 տարիներու տաք-պաղ պատմութիւն: Հայաստան ինքզինք հռչակեց ուղղակի ժառանգորդը անդրանիկ հանրապետութեան ու անկէ ժառանգ ձգւած (ծանօթ կրճատումներու ենթարկւած) խորհրդային Հայաստանին: Հանրապետութեան կեանքի առաջին տարիները եղան խռովայոյզ ու արիւնալի պատերազմներով ծանրացած: Խորքին մէջ, Արցախեան շարժումին, այսինքն՝ Արցախը Ադրբեջանի ուղղակի կամ անուղղակի հովանաւորութենէն դուրս բերելու պահանջը հիմնական դեր ունեցաւ Հայաստանի վերանկախացնելու երթին մէջ: Այդ փուլին, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը դրւեցաւ բաւական ամուր հիմերու վրայ՝ ներքին-ազգային իմաստով, իսկ միջազգային բեմին վրայ, ահագին ճիգ ի գործ դրւեցաւ եւ յաջողութիւններ արձանագրւեցան Արցախի ինքնորոշման ու իբրեւ անկախ միաւոր ճանաչման ճամբուն վրայ (Մինսկի խմբակ, միջազգային ժողովներ ու պայմանագիրներ եւ այլն):

Մէկ խօսքով, Առաջին Հանրապետութեան օրերուն, 1919-ի Մայիսին Ազգային ժողովին մէջ ծնունդ առած ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆի իրականացման ճամբուն վրայ առնւեցան ԻՐԱԿԱՆ քայլեր: Հայաստանի իրողական տարածքը 29 հազարէն հասաւ շուրջ 42 հազարի: Ձեռքբերումները ամրապնդւեցան թէ՛ զինւորական յաղթանակներով, պատերազմներու ու անհատնում ճակատումներու ճամբով, եւ թէ՛ քաղաքական-դիւանագիտական ասպարէզներու մէջ: «Գաղտնիքներէն» մէկը այն էր, որ հակառակ յարաբերաբար անփորձներով կառավարման (անփորձ՝ անկախ երկիր կառավարողներու իմաստով. թէեւ խորհրդային վարչամեքենային մէջ պատկառելի փորձառութիւն ձեռք բերածներ կային ու մինչեւ օրս ալ ներկայ են քաղաքական բեմին վրայ):

Յետոյ… բացուեցաւ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» էջը, որ սկզբնական բարեյոյս հովերէն ետք, սկսաւ աղէտներ կուտակել Հայաստանի ու մեր ժողովուրդի ճիտին:

Աւելորդ է այստեղ երկար կանգ առնել արդէն 6 տարւան պատմութիւն կերտած (կամ պատմութիւն եղծանող-քանդող) վարչախումբին ձախորդութիւններուն առջեւ, որոնք կը տարածւին գրեթէ ամէն բնագաւառի վրայ, սկսելով Արցախի կորուստէն, բանակին քայքայումէն, դիւանագիտութեան սնանկացումէն, տնտեսութեան նահանջներէն, հասնելով ազգի մասնատման, ներ-հայկական թշնամանքի խորացման եւ «ծաղկումին»:

28 Մայիսին ծնած ազատ, անկախ Հայաստանէն մեզի ժառանգ հասած (հոգ չէ թէ սահմանափակ) հարստութիւններն անգամ քայլ առ քայլ կը մսխւին: Խօսքը չի վերաբերիր միայն կրթական ու հայկական դիմագիծի պահպանման աւանդներուն, այլ նոյնինքն ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ վախճանական ծրագիրին, այդ տեսլականին տրւած ծանր հարուածներուն, որոնք կը սպառնան անդառնալի (գոնէ նախատեսելի ժամանակի մը համար) պատուհասներ պատճառել մեր հայրենիքին ու Դատին:

Իրերայաջորդ ձախաւերութիւններու շարքը թագադրումի մը հասաւ նախ՝ Արցախը Ադրբեջանին նուիրաբերելով, ապա նաեւ 1991-ին գոյառած Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիմամբ՝ Հայաստան-Ադրբեջան խաղաղութեան համաձայնագիր հետապնդելու, եւ այդ ճամբուն վրայ՝ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ սահմանագծումի «խիզախութեամբ»:

Առանց երկար-բարակ բացատրութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու մէջ մտնելու, հաստատւած ու բազմիցս կրկնւած է, որ այդ հռչակագիրը ո՛չ մէկ բառ ունի ստորագրողներուն երկիրներուն սահմաններուն ու վիճելի հարցերուն տնօրինման ծառայող (անոնք որ ծանօթ չեն բնագիրին, կրնան կարդալ հետեւալ կապով https://www.arlis.am/DocumentView.aspx?DocID=77470) ու անձնապէս համոզւիլ, թէ այս հռչակագիրը ո՛չ մէկ աղերս ունի Երեւանի իշխանութիւններուն հռչակած՝ խաղաղութեան ուղիին, սահմանագծումի ստաբանութիւններուն հետ: Այլ խօսքով, Երեւանի իշխանութիւնը ո՛չ միայն անյարակից, հետեւաբար իրաւական հիմէ զուրկ տարազի մը ճամբով կը փորձէ իրականացնել սահմանագծումը, այլ փաստօրէն «ջուրը կը ձգէ» բոլոր այն իրագործումները, որոնք ձեռք բերուած են Սան Ստեֆանոյէն ասդին, ուղղակի կը հակադրւի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ժառանգութեան: Տեղ մը հայը իրաւունք ունի մտածելու, թէ այս իշխանութիւնը նման քայլերով թուրք-ազերիին գործակատարութեա՞ն լծւած է, թէ՞ միաժամանակ դարձած է հլու կամակատարը Արեւմուտքի քաջալերանքը վայելող վարքագիծին, որովհետեւ աւելի քան բացայայտ է, որ այս ճամբան կրնայ Հայաստանը հասցնել հողահաւաքի երթին շրջման եւ պետականութեան կորուստի: Այս առումով, տարիներէ ի վեր ահազանգ ահազանգի կը յաջորդեն…

ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Պահ մը կանգ առնենք Առաջին Հանրապետութեան օրերէն մեզի ժառանգ հասած՝ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ին իմաստին ու ռազմավարական նշանակութեան առջեւ, առանձնացնելով քանի մը գիծ:

Հայկական հողերու մէկ պետութեան, ազատ ու անկախ հայրենիքի մը ծածկին տակ ապահովելու պատգամը երկար բացատրութեան չի կարօտիր, սակայն փորձենք քիչ մը խորանալ անոր ծալքերուն մէջ, որոնք մօտիկ անցեալի կամ ներկայ օրերու յորձանուտներուն մէջ քշւած են լուսանցքի վրայ:

Թէ՛ այդ հռչակագիրը ստորագրողները եւ թէ Վիլսոնեան քարտէզին գոյառման ի խնդիր գործողները խորապէս գիտակցած էին այն ճշմարտութեան, թէ Հայաստան եւ հայութիւնը, գոյատեւելու եւ բարօր կեանք ստեղծելու համար, կը կարօտին հողային նւազագոյն տարածքի եւ մասնաւորաբար ԾՈՎՈՒ ՎՐԱՅ ԵԼՔ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ: Երբ աչքի առջեւ կը բերենք Վիլսոնեան սահմաններով Հայաստանը (որ չիրականացաւ, կը մնայ քաղաքական թիրախ), կը տեսնենք, որ հոն կայ Սեւ ծովուն վրայ տարածք մը, որ կոչւած է ըլլալու Հայաստանի դուռը՝ դէպի արտաքին աշխարհ: Անշուշտ կայ նաեւ երկրին աւելի լայն տարածք ապահովելու դիտաւորութիւնը՝ իբրեւ նախապայման ԱՊՐՈՂ ԵՐԿԻՐ ունենալու (մասնաւորապէս երկրագործութեան աւելի լայն հնարաւորութեամբ, ջուրի աւելի առատ աղբիւրներով): Այս գիտակցութիւնը Առաջին Հանրապետութեան անկումէն ետք վառ մնացած է իրաւատէր սերունդին մէջ, որուն ներկայացուցիչները, իբրեւ կորուսեալ հնարապետութեան ժառանգորդները՝ Հայաստանի հանրապետութեան պատւիրակութեան հանգամանքով, տասնամեակներ շարունակ մեր Դատը հետապնդած են մասնաւորապէս եւրոպական ոստաններու մէջ (մեզ չեն հետաքրքրեր անոնք, որոնք այսօր կը խծբծեն Սեւրն ու Հայաստանի պատւիրակութեան տարած աշխատանքին ապարդիւն մնալը):

Հարց տանք մենք մեզի. ինչո՞ւ համար Հայաստանի տարածքին կրճատումը վնասարար է (անկախ նիւթական՝ հողի կորուստի երեսէն) բազմաթիւ նկատառումներով: Եւ դեռ նկատի չունինք այն պարզ իրականութիւնը, որ երբ կը խօսինք հողային տարածքի, երկրի սահմաններուն ընդարձակման մասին՝ դիտաւորութիւն չունինք ուրիշէն հող խլելու, այլ պարզապէս մերը եղածը մեզի վերադարձնելու մասին…

Ընդունինք կամ ո՛չ, Հայաստանի ներկայ տարածքը (մինչեւ իսկ եթէ Արցախը հայաթափւած չըլլար) բաւարար չէ անոր բնակիչներուն ապրուստն ու բարօրութիւնը ապահովելու համար (անշուշտ կայ այլ հարց, թէ եղածին մէջ ալ յանձանձումի, կառավարման ձախաւերութիւնները, ներկայ թէ նախորդ իշխանութիւններուն կողմէ, բացասական ներգործութիւն ունեցած են): Եւ հոս պէտք է փնտռել ալիք-ալիք արտագաղթողներու դրդապատճառներէն մէկը: Փաստօրէն, Հայաստան շրջափակւած է արեւելքէն եւ արեւմուտքէն՝ թշնամի եւ համաթուրանական ծրագիրներ հետապնդող՝ Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի կողմէ: Անոնց հետ խաղաղութեան դաշնագիրներու ստորագրումն իսկ, նոյնինքն նման ցնորքներ հետապնդողներու լուռ խոստովանութեամբ, Հայաստանին պիտի չապահովեն խաղաղ գոյատեւման, բարօրութեան կարելիութիւնները: Վրաստան եւ Իրան թէեւ բարեկամ կը դասւին, սակայն գոնէ Վրաստանի պարագային Հայաստան համտեսած է յաճախակի արգելակումներ (ճամբաներու փակում, երթեւեկի դանդաղում…): Ու երբ կը խօսինք արտագաղթի, այսինքն՝ բնակչութեան թիւի նահանջին մասին, կարելի չէ մտահան ընել նորագոյն աղէտը. Արցախէն հողային կորուստը անմիջականօրէն հայաթափ ըրաւ մեր պատմական մէկ հողամասը. բռնագաղթուածները, Հայաստանի մէջ առ նւազն կրաւորական վերաբերմունքի արժանանալով, արդէն սկսած են արտագաղթել յարաճուն թիւերով: Պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ Հայաստանի կրճատւող տարածութիւնը չի բաւարարեր բնակչութեան ապրուստի կարիքները, մինչդեռ մեր իրաւունքը եղող հողերու վերատիրացումով՝ կարելի պիտի ըլլար դարման բերել այս աղէտին:

ԴՈՒՌ ԴԷՊԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՇԽԱՐՀ

Հայ քաղաքական միտքին համար, անխուսափելի մարտահրաւէր է արտաքին աշխարհին հետ կապ ապահով դուռ մը ունենալու պահանջը, այնպէս՝ ինչպէս կը նախատեսէ Վիլսոնեան սահմաններով Հայաստանը:

Նման առաջադրանքի մասին խօսիլը ցնո՞րք է, թէ անկարելի առաքելութիւն:

Եթէ աչքի առջեւ ունենանք այսօրւան պայմանները եւ ընթացքները, պատասխանը պիտի ըլլայ ԱՅՈ: Արդարեւ, ինչպէ՞ս կարելի է Հայաստանի հողերուն ընդարձակման եւ դէպի ծով ելքի մասին խօսիլ, երբ մէկ կողմէ՝ նոյնինքն Հայաստանի իշխանութիւնը կը կացինահարէ դրական որեւէ քայլ, նախաձեռնութիւն, ծրագիր, իսկ միւս կողմէ, կան ՆԱՏՕ-ն ու անոր արեւելեան սահմանը պաշտպանող Թուրքիան, որ իր բանակներով ու հրոսակախումբերով զինակից է Ադրբեջանին, կը ձայնակցի անոր սպառնալիքներուն ու Երեւանի այժմու (իրեն կամակատար) իշխանաւորներուն պաշտպան կանգնելու յոխորտանքներուն…: Ինչպէ՞ս կարելի է մտածել նման առաջադրանքներու մասին, երբ անդին, մեր աչքին առջեւ ունինք Ուկրանիոյ պատերազմը, Գազայի նախճիրները, Եւրոպան եւ այլ շրջաններ մեծ ու փոքր տագնապներու օրրան դարձնող դէպքերը:

Սակայն եթէ քիչ մը հեռուն նայինք, դէպի ետ ու դէպի առջեւ, կրնանք աւելի՛ վստահ ըսել, որ նման ծրագիրներ անկարելի երազներ չեն:

Դարձեալ դիմենք հարցադրումներու:

. Ցեղասպանութեան սկիզբի օրերուն, ո՞վ կրնար նախատեսել, որ դէպքերու զարգացումը Հայաստանին պիտի ապահովէր անկախ հանրապետութեան արարում, յետոյ ալ՝ հողերու ընդարձակում:

. Ա Աշխարհամարտի օրերուն իսկ, ո՞վ կրնար ինքնավստահ կերպով ըսել, որ աւարտին՝ Օսմանեան կայրութիւնը պատառ-պատառ պիտի ըլլար, տասնամեակներ շարունակ «հիւանդ մարդ»ը պաշտպանած եւրոպացիները (այդ օրերու Արեւմուտքը), իրենց հաշիւներէն մեկնելով, այդ կայսութեան պատառիկները պիտի բաժնեկցէին՝ հոգատարութիւններ հաստատելով հոս-հոն:

. Ո՞վ կրնար նախօրօք երաշխաւորել, որ Սեւրի մէջ, ու հակառակ Ա Աշխարհամարտի վախճանական օրերէն ետք տեղի ունեցած վերիվայրումներուն, «Փոքր Դաշնակից» Հայաստանը իր ստորագրութիւնը պիտի դնէր այդ պատմական դաշնագիրին տակը, ապա նաեւ, անոր հիմամբ պիտի ապահովէր ամերիկեան իրաւարարութիւն ու Վիլսոնեան սահմաններով հայրենիք մը (որ յամենայնդէպս մեր ամբողջական հայրենիքը չերաշխաւորեր: Այս հաստատումը թող ո՛չ ոք «ցնորական ու ծաւալապաշտ» որակէ):

. Խորհրդային տարիներուն, ինչպէ՞ս կարելի եղաւ կանխել Արցախի վերջնական նուիրաբերումը՝ Ադրբեջանին, ամրագրել գոնէ անոր ինքնավար մարզի կարգավիճակը, իսկ այսօր գոնէ պաշտօնապէս – սակայն կը հաւատանք որ ժամանակաւոր կերպով – անիկա նուէր տրւած է Ալիեւին:

. Խորհրդային կայսրութեան փլուզումէն տարի մը առաջ իսկ, որո՞ւն միտքէն կանցնէր, որ Արցախեան Շարժումը պիտի առաջնորդէր Հայաստանի անկախութեան վերականգնումին ու Արցախի ազատագրման:

. Նոյն մօտեցումով ալ, ո՞վ կրնայ նախատեսել, թէ Ուկրանիոյ պատերազմը կամ դէպի բազմաբեւեռ աշխարհ երթերը (եւ նման իրադարձութիւններ, իրողական Գ Աշխարհամարտը) ո՞ւր պիտի հասցնեն աշխարհը, ներառեալ՝ Կովկասն ու Հայաստանի շուրջ-բոլորը:

Վերջին հարցումին պատասխանին գոնէ մէկ բաժինը յստակ է, պէտք է յստակ ըլլայ մեզի՝ հայերուս (նաեւ ճակատագրակիցներու) համար: Մեր քաղաքական միտքը պէտք է լարէ իր կարողականութիւնները եւ հաշւարկէ դրական ու բացասական զարգացումները, որոնց ընդմէջէն Հայաստան կոչւած է խուսանաւելու շատ աւելի իմաստուն, շրջահայեաց հերպով եւ իր շահերուն պաշտպանութեան հետամտութեամբ: Հայաստան չի կրնար ըստ կարելւոյն ապահով խուսանաւել այս փոթորիկներուն մէջ, բադեկամներ կորսնցնելով, այլ պարտաւոր է ունեցած բարեկամները պահպանելու, աւելին՝ ձեւերը գտնելու բարեկամութեան ձեռք երկարողներուն, որ կողմ դառնան մեր փաստագրւած, բազկի ուժով ու դիւանագիտական աշխատանքով ամրագրւած իրաւունքներուն: Նման վարքագիծի մէջ, տեղ չունին Ալմա Աթայի «տրամաբանութիւնը», լոկ թուրք-ազերիական (ու անոնց յետին կանգնողներուն) պահանջներուն հլու կամակատարը, գործակալ մնալը: Ընդհակառակն, հայ քաղաքական միտքը կոչուած է, յիշեալ բոլոր պատեհ ու անպատեհ հաւանականութիւնները հաշւարկելով, օրակարգի վրայ պահել հայկական հողերու հողահաւաքի եւ ԱՊՐԵԼՈՒ ԱՏԱԿ Հայաստանի մը ապահովման տեսլականը, մշակել փուլային ծրագիր եւ հայութեան բոլոր ուժերը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի ձեռքերը միացնել անոնց իրականացման ի խնդիր: Նման ԳՈՐԾ պիտի որդեգրէ սիամանթոյական սկզբունք. «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար», այսինքն՝ ձախողումները պիտի չպատճառեն յուսալքում, հիասթափութիւն ու պատրանաթափութիւն,

Որովհետեւ՝

Մեր հետապնդելիքը «խաղաղութեան դարաշրջան»ի սնամէջ պատրանք չէ, այլ 28 Մայիսի Հայաստանով իրականութիւն դարձած պատգամներու եւ ժառանգութիւններու տիրութիւն՝ մեր արդար եւ անվիճելի իրաւունքներուն իրագործումը: Վատնելիք ժամանակ չունինք, ո՛չ ալ թոյլ պիտի տանք, որ մօտիկ եւ հեռաւոր անցեալի ձեռքբերումները՝ հաստատւած իրաւունքները մսխուին ու փոշիացուին թուրքահաճոյ պահանջներու գործադրութեամբ:

22 մայիսի 2024

Share