Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի աւարտական կարգի աշակերտները աղօթեցին առաջնորդ սրբազանին հետ

Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի աւարտական կարգի աշակերտները աղօթեցին առաջնորդ սրբազանին հետ

Կիրակի, 4 Յունիս 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. Պատարագին, որ մատոյց Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան:

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Տաճարի Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցիչներ, ծնողներ, հաւատացեալ ժողովուրդ եւ աւարտական՝ 12-րդ կարգի աշակերտները, որոնք եկած էին Աստուծոյ տուն աղօթակից դառնալու Առաջնորդ Սրբազանին, միաժամանակ խնդրելով Աստուծմէ, որ երկնային օրհնութիւնները ամէնառատ ներկայութիւն դառնան ազգի մատղաշ եւ երիտասարդ սերունդներու կեանքէն ներս: 

Առաջնորդ Սրբազանին հետ փառք ու գոհութիւն առաքելով Առ Աստուած, որ իրենց կեանքի ամէնէն փխրուն տարիքն ու կարեւորագոյն հանգրուանը անցուցին Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի յարկին տակ, շրջանաւարտ աշակերտները ականջալուր դարձան նաեւ Առաջնորդ Սրբազանի Հովուական յորդորներուն, որոնց ընդմէջէն ան յատկապէս լոյսին բերաւ հետեւեալ մտածումը. «Կեանքի զանազան հանգրուաններուն մտային, հոգեկան, ֆիզիքական կացութիւններ՝ դրական կամ բացասական, ներկայութիւն են եւ կամ կ՛ըլլան մարդոց կեանքէն ներս. մեզի կը մնայ հաւատքով աղօթել եւ ակնկառոյց սպասել աստուածային այն լուսաւոր միջամտութեան, որով միայն կը յաջողինք փարատել ամէն տեսակի խաւար ու մութ, դժուարութիւն ու չարիքներ», ապա շնորհաւորեց՝ իրենց սիրելի վարժարանին հրաժեշտ տուող սիրասուն շրջանաւարտները եւ անոնց մաղթեց կանաչ ճամբայ՝ դէպի համալսարանական կրթութիւն ու ինքնարժեւորման փայլուն ուղիներ:  

Արևմտեան Թեմի E. Newsletter

Share