«Ազգ. Գ-Զ-Վասպուրական վարժարանը Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքային կեանքը լուսաւորող փարոս է»

«Ազգ. Գ-Զ-Վասպուրական վարժարանը Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքային կեանքը լուսաւորող փարոս է»

Երկուշաբթի, 29 Յունուար 2024-ի առաւօտեան, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդը երկօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Սան Ֆրանսիսքօ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ ազգային եւ համայնքային պատասխանատուներու հետ:

Այս ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 30 Յունուարի առաւօտեան, Առաջնորդ սրբազանը ընկերակցութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի եւ Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի, այցելեց տեղւոյն Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարան, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնուհի՝ Տիկին Կրէյս Անտոնեանի, Ազգային վարչութեան անդամ Տիար Կարպիս Պէզճեանի եւ Կեդր. վարչութեան անդամ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեանի կողմէ, որոնց հետ ան ունեցաւ ժողով-հանդիպում մը՝ շօշափելով վարժարանի ապագայ ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնները, ի մասնաւորի շինարարական կալուածէն ներս, ապա հանդիպում-զրոյց ունեցաւ վարժարանի աւարտական 8-րդ կարգի աշակերտութեան հետ:  

Պատանի Հայկակներուն հետ հանդիպումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը հետեւեալը կ՛արձագանգէ. «Սան Ֆրանսիսքոյի եւ շրջակայից հայութեան կեանքէն ներս մեր Ազգ. վարժարանը ճառագայթող ներկայութիւն է, ինչպէս նաեւ՝ նոր սերունդը ազգային արժէքներով թրծող, այլեւ ազգային ինքնութիւն ապահովող եւ քրիստոնէական ոգի ջամբող եզակի կռուան ու մեսրոպեան կենդանի վկայարան է: Զօրակցի՛լ հայկական վարժարաններուն՝ կը նշանակէ ապահովել ցեղի՛ն շարունակականութիւնը»:

Share