Ֆրանսահայ համակարգող խորհուրդի ընտրութիւններ

Ֆրանսահայ համակարգող խորհուրդի ընտրութիւններ



ՓԱՐԻԶ․- Փետրուար 6-8-ին, առցանց դրութեամբ տեղի ունեցան ֆրանսահայ համակարգող խորհուրդի (CCAF) ան հատներու ժողովի ընտրութիւնները։

Նոր Յառաջի հաղորդմամբ խորհուրդի առժամեայ անցումի շրջանի Ազգային գրասենեակը հրապարակեց արդիւնքները, ըստ որոնց պաշտօնաւարտ համանախագահներ՝ Մուրատ Փափազեանի, Արա Թորանեանի եւ Ֆրանսայի Հ․Բ․Ը․Մ․-ի համանախագահ Նատիա Գործունեանի գլխաւորած «Միասին՝ Հայաստանի համար» ցանկը ձայներու 69,06%-ով յաղթանակ տարած է ընդդեմ Ֆրանսուա Տէվէճեանի եւ Օրելի Տեյիրմէնճեանի գլխաւորած «Համախմբել, կառուցել, փոխանցել» ցանկին։

Քուէարկութեան մասնակցած են 1587 արձանագրուած անդամներէն 1454-ը, ինչ որ կը կազմէ 92%։

Ըստ ընտրակարգին, յաղթող ցանկէն Ազգային խորհուրդին մաս պիտի կազմեն առաջին 7 թեկնածուները, իսկ երկրորդ ցանկէն՝ առաջին 3 թեկնածուները։

Share