«Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Ռուսիայէն Խլել Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Նախաձեռնութիւնը» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

«Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Ռուսիայէն Խլել Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Նախաձեռնութիւնը» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Պաքուի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչարնիքով յայտարարած է, որ Մոսկուան պատրաստ է ամէն ձեւով աջակցելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին: Ռուս դիւանագէտը, վկայակոչելով 44-օրեայ պատերազմէն ետք Մոսկուայի միջնորդութեամբ Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ որդեգրուած եռակողմ յայտարարութիւնները, նշած է, որ ինքնին անոնք կը հանդիսանան կարգաւորման հոլովոյթի ողնաշարը:

«Միեւնոյն ժամանակ, ես չէի ըսեր, որ կարգաւորման հոլովոյթը արդէն հասած է իր աւարտին: Անիկա աւելի իր սկզբնական փուլին մէջ է», «Ինթըրֆաքս»-ի համաձայն, «Պաքինսքի ռապոչի» ազրպէյճանական թերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Պոչարնիքով:

«Եւրոպական Միութեան կողմէ կը նկատուի Ռուսիայէն նախաձեռնութիւնը խլելու եւ այդ բոլոր ոլորտներուն մէջ յառաջընթացը իրեն վերագրելու ցանկութիւնը», աւելցուցած է ռուս դիւանագէտը` պնդելով, որ Պրիւքսելը ո՛չ եռակողմ այդ յայտարարութիւնները, ո՛չ ալ հոլովոյթին մէջ Ռուսիոյ դերը կը յիշատակէ:

«Ինթըրֆաքս»-ի հաղորդումով, Ռուսիոյ դեսպանը նաեւ յայտնած է այն կարծիքը, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ «օգուտ բերել հոլովոյթին, եթէ իր վրայ վերցնէ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման ուղղուած նախագիծերու ֆինանսաւորումը»:

Share