Արցախահայութեան զօրակցութեան կոչ

Արցախահայութեան զօրակցութեան կոչ

Թանկագին հայորդիներ,

Ատրպէյճանի կողմէ ամբողջ ինը ամիս սովահարութեան եւ տեսակ-տեսակ բռնութիւններու ենթարկուելէ ետք, հերոսական Արցախի հերոսածին բնակիչները՝ շուրջ 120 հազար հայեր, ներառեալ փոքրիկներ, տարեցներ, հիւանդներ ու անկարներ, անմարդկային, դառն ու մահացու փորձութեան ենթարկուեցան նոյնինքն չարին կողմէ, ապա օրեր առաջ բռնի տեղահանուեցան իրենց տուներէն ու հայրենիքէն եւ պատմականօրէ՛ն հայապատկան Արցախէն ակամայ դուրս շպրտուեցան՝ հայաթափման քաղաքականութիւն կիրարկող թշնամիին, Ալիեւի պետութեան ձեռքով:

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սրբազնագոյն գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, ի տես եւ ի լուր արցախահայութեան աղէտահար կացութեան, անմիջական օգնութիւն հասցնելու նպատակով յառաջացուց չորս անդամներէ բաղկացած Արցախի հայութեան օժանդակութեան մարմին մը, որուն մաս կը կազմեն՝

 — Գերշ. Տ. Անուշաւան Ս. Արք. Դանիէլեան (Առաջնորդ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի),

 — Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան (Առաջնորդ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի),

 — Մեթր Ժիրայր Հապիպեան (Ազգային վարչութեան ատենապետ Ա.Մ.Է.ի եւ

  Քաթարի Թեմի)

 — Շինարար Յակոբ Լուսարարեան (Ազգային վարչութեան անդամ Լիբանանի Թեմի):

Յայտնենք, որ Մարմինը շուտով լծուեցաւ հանգանակային աշխատանքի եւ հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան Թեմերու ջանքերով անմիջապէս գոյացուց կոկիկ գումար մը: Կիլիկիոյ Աթոռը բծախնդիր կազմակերպուածութեամբ կը շարունակէ գաղթական արցախահայութեան օժանդակութեան ընթացքը եւ ի՜նչ խօսք, որ արցախահայութեան դառնակսկիծ ճակատագիրն ու տագնապահար իրավիճակը շատ խորունկէն կը ցնցեն մեզ բոլորս:

Այսու, որպէս Առաջնորդ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի՝ կոչ կ’ուղղենք մեր բոլոր ծխական շրջաններուն, վարժարաններուն, միութիւններուն եւ կառոյցներուն ու ժողովրդեան բոլոր զաւակացն, որ Ազգ. Առաջնորդարանի ճամբով նուիրատուութեան նոր ալիք մը բարձրացնեն իրենց կեանքին մէջ՝ յանուն հայութեան ամէնէն վիրաւոր հատուածի տարրական կարիքներու ապահովման եւ լիաբուռն ու առատաձեռն նուիրատուութիւններով գործօն մասնակցութիւն բերեն Արցախի գաղթական հայութեան օժանդակութեան ի նպաստ սկիզբ առած համազգային ու համահայկական այս նուիրահաւաքին:

Անբաւարար ու նուաստացուցիչ պայմաններու մէջ յայտնուած ու ապագայի անորոշութիւն դիմագրաւող՝ քանի մը սերունդի արցախահայ մեր քոյր-եղբայրները այսօր աւելի քան երբեք մեր շուտափոյթ օգնութեան կարիքը ունին, որպէսզի կարենան լիարժէքօրէն իրենց կեանքը շարունակել Հայաստանի մէջ:

Ձեռք-ձեռքի եւ մէկ մարդու պէս հասնի՛նք պատմականօրէն քաջարի, բայց ներկայիս անել կացութեան մատնուած արցախահայութեան, սրբենք արցունքը որբին, մխիթարութիւն պարգեւենք այրիին, գոյատեւման շունչ հաղորդենք որդեկորոյս ծնողներու, բազուկ ու թիկունք ըլլանք պառաւին ու տարեցին եւ նոր աշխարհ եկած բազմատասնեակ մանուկ-հայկակներու:

Միասնաբար, փոքր թէ մեծ գումարներով եկէ՛ք ապահով ապրելու յոյս ու հայօրէն գոյատեւելու հաւատք ներշնչենք բազմաչարչար արցախահայութեան, որ այսօր ամէնէն աւելի զրկուած, անպատմելի տանջանքներու կարմիր բոցերէ անցած՝ մեր ազգի ամէնէն կարիքաւոր մասնիկն է, անվեհերութեան մեր խորհրդանիշն ու անպարտելի հարազատ զաւակն է:

Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ

                                                                   Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի

10 Հոկտեմբեր 2023 

Share