Միջ-դպրոցական արտասանական մրցումի մրցանակաբաշխութիւն արեւմտեան թեմի ազգային առաջնորդարանի մէջ

Միջ-դպրոցական արտասանական մրցումի մրցանակաբաշխութիւն արեւմտեան թեմի ազգային առաջնորդարանի մէջ

Երեքշաբթի, 20 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, հանդիսապետութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի կազմակերպած միջ-դպրոցական արտասանական 8-րդ մրցումի առաջին երեք դիրքերը գրաւած աշակերտներու մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ներկայ եղան Ազգային վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ անդամներ, Խնամակալ մարմինի ատենապետ՝ Տիար Սարգիս Ուրֆալեան, հայկական վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ, դաստիարակներ, աշակերտներ եւ ծնողներ:

Տէրունական Աղօթքի միահամուռ եւ յոտնկայս արտասանութենէն ետք Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց կատարուած աշխատանքն ու ուսուցիչ-աշակերտ-ծնող եռեակին ցուցաբերած ջանասիրութիւնը՝ Հայ Գրականութեան անդաստանէն վերցուած գոհարներով լեցնելու հայ մատղաշ պատանիներուն հոգին ու միտքը, կազմակերպելու միջ-դպրոցական մրցումներ եւ գնահատելու մրցանակակիր աշակերտները նման հանդիսութիւններով, որոնց ընդմէջէն անվարան նաեւ կը գնահատուին հայկական վարժարաններն ու հայ ծնողները, դիտել տուաւ ան, ապա շնորհաւորելէ ետք բոլոր մրցանակակիր աշակերտները աւելցուց՝ ըսելով, որ իբրեւ  արդար ժառանգորդները մեծն գիւտարար Մեսրոպ Մաշտոցին, երէցներուս դերն ու պարտականութիւնն է հայոց լեզուն սիրելի դարձնել՝ զայն անդադար գործածելով եւ բոլոր տարիքներու աշակերտները մղելով գործածութեան, որպէսզի Ոսկեղնիկը պահպանուի ո՛չ միայն իբրեւ լեզուամտածողութիւն, այլեւ իբրեւ ցեղային հոգեմտաւոր շտեմարան ու փոխանցուի սերունդէ սերունդ:

Ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի խօսք արտասանեց Խնամակալ մարմինի Հայկական ծրագիրներու վարիչ-տնօրէն՝ Թամար Թիւֆէնկճեան: Ան նախ շնորհաւորեց մրցանակակիրները եւ բոլոր մասնակիցները, ապա ուսուցիչներն ու ծնողները՝ դիտել տալով, որ անոնք խթանեցին աշակերտները, որպէսզի սիրեն ու գնահատեն Մայրենին եւ հայկական բանաստեղծութիւնը եւ այս մրցումին իրենց մասնակցութեամբ՝ հայ գրականութենէն գոհարներ ծաղկեցնեն իրենց դեռատի շուրթերուն վրայ:

Այնուհետեւ մրցանակակիրները հրաւիրուեցան բեմ եւ ստացան գնահատագիրներ ու նուէրներ, մինչ տարիքային առումով դասակարգուած մրցակից չորս խումբերու առաջին դիրքը գրաւող  աշակերտներէն իւրաքանչիւրը արտասանեց իր ընտրած բանաստեղծութիւնը, գրական վայելքի պահեր շնորհելով ներկաներուն, ապա Խնամակալ Մարմինի ատենապետ՝ Տիար Սարգիս Ուրֆալեան գնահատեց արտասանական մրցումին մասնակցած բոլոր աշակերտները՝ իրենց  ծափահարելի աշխատանքին ու ջանասիրութեան համար ու միաժամանակ շնորհաւորեց բոլոր վարժարաններն ու ուսուցիչները՝ ե՛ւ մասնակցութեան, ե՛ւ մրցանակներ ապահովելնուն համար, առանց մոռնալու ծնողներն ու անոնց բաժին բերած զոհողութիւնները, այլեւ ցուցաբերած հաւատքն ու վստահութիւնը՝ հայկական վարժարաններու հոգեւոր, հայեցի ու ընկերային դաստիարակութեան նկատմամբ:

Յայտնենք, որ երկու հանգրուանով՝ 29 Ապրիլ եւ 6 Մայիս 2023-ին կայացած Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի կազմակերպած միջ-դպրոցական արտասանական 8-րդ մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 85 աշակերտներ՝ չորս ենթաբաժանումներով. Դ կարգ, Ե-Զ կարգեր, Է-Ը կարգեր եւ Թ-ԺԲ կարգեր: Մրցումին մասնակցեցան Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս, Շամլեան, Գապայեան, Ֆերահեան, Մեսրոպեան եւ Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանները, ինչպէս նաեւ Մերտինեան, Սահակ Մեսրոպ եւ Հ.Բ.Ը.Մ. Մանուկեան-Տէմիրճեան հայկական վարժարանները, իսկ մրցումներուն արդիւնքները յայտարարուած էին օրին, արտասանական խումբերու ելոյթներու աւարտին:

Ստորեւ՝ մրցանակի արժանացած աշակերտներուն անուանացանկը.

Դ կարգ

Մարիա Մկրեան — Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարան — Առաջին

Նաթալի Վարդգէսեան — Ազգ. Վ.Ա. Շամլեան վարժարան — Երկրորդ

Արամ Մանուէլեան — Ազգ. Մեսրոպեան վարժարան — Երրորդ

Ե եւ Զ կարգեր

Լիա Ստեփանեան — Ազգ. Վ.Ա. Շամլեան վարժարան — Առաջին

Արփի Հոխիկեան — Մերտինեան վարժարան — Երկրորդ

Լօրի Օհանեան — Ազգ. Վ.Ա. Շամլեան վարժարան — Երրորդ

Մուշեղ Չիւրիւքեան — Ազգ. Ռ.Ա. Փիլիպոս վարժարան — Երրորդ

Է եւ Ը կարգեր

Լիա Քարկոտորեան — Ազգ. Վ.Ա. Շամլեան վարժարան — Առաջին

Յովիկ Մանուկ — Ազգ. Ֆերահեան վարժարան — Երկրորդ

Սամուէլ Գասպարեան — Ազգ. Մեսրոպեան վարժարան — Երրորդ

Թերօ Թովմասեան — Ազգ. Ռ.Ա. Փիլիպոս վարժարան — Երրորդ

Ալինա Ագարակեան — Ազգ. Վ.Ա. Շամլեան վարժարան — Երրորդ

Թ-ԺԲ կարգեր

Լորիկ Արթինեան — Ազգ. Մեսրոպեան վարժարան — Առաջին

Էլէն Ասլանեան — Ազգ. Ֆերահեան վարժարան — Երկրորդ

Սարին Պարոնեան — Ազգ. Ֆերահեան վարժարան — Երկրորդ

Էմըլինա Հախնազարեան — Ազգ. Ռ.Ա. Փիլիպոս վարժարան — Երրորդ

Նիքոլ Պչաքճեան — Ազգ. Ռ.Ա. Փիլիպոս վարժարան — Երրորդ

Share