ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան շաբաթօրեայ վարժարաններու միացեալ հանդէս

ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան շաբաթօրեայ վարժարաններու միացեալ հանդէս

Լինտա Գանտիլեան

ՀՕՄը իր հիմնադրութեան օրէն իսկ  նպատակներուն մէջ առաջնահերթ տեղը տուած է հայեցի դաստիարակութեան, հաւատալով Հայ երեխային, պատանիին եւ երիտասարդին հայեցի կրթութիւն ջամբելու անհրաժեշտութեան: Ճիշտ այդ նպատակին համար ալ հիմնադրուած են ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ վարժարանները, որոնք կը գործեն անխափան՝ կերտելու վաղուան հայրենասէր եւ ազգասէր հայ մարդը:

Այսպէս, Շաբաթ Ապրիլ, 6- 2024ի առաւօտեան, Ազգային Ֆերահեան Վարժարանի Աւետիսեան սրահը կը խայտար ներկայութեամբ հարիւրէ աւելի աշակերտներով, հիւրընկալելով՝ ՀՕՄի ԱՄՆ Շրջանային Վարչութեան հովանաւորած Շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտներ, ուսուցիչներ, տնօրէններ եւ ծնողներ, առաւել ներկայութեամբ՝ ՀՕՄի Շրջանային վարչութենէն ներկայացուցիչ ընկերուհիներու, ՀՕՄի մասնաճիւղերու վարչական  ընկերուհիներու եւ Շաբաթօրեայ վարժարաններու Խնամակալ Մարմնի կազմին:

Արդարեւ, ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը այս տարեշրջանին եւս իրականացուց աւանդութեան վերածուած Շաբաթօրեայ վարժարաններու միացեալ հանդէսը, ուր իւրաքանչիւր վարժարան ներկայացաւ յատուկ ծրագրով մը, որոնց ամբողջութիւնը, Հայ Մշակոյթի գոհարներէն կազմուած ծաղկեփունջ մըն էր ձօնուած՝ ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն:

Հանդիսութիւնը իր պաշտօնական ընթացքը առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՕՄի հիմներու կատարողութեամբ, որուն յաջորդեց Խնամակալ Մարմնի ատենապետուհի Ընկերուհի Սօնա Մատարեանի բացման խօսքը, ընկերուհին իր խօսքով, նախ՝ արժեւորեց Հայ դպրոցի առանցքային դերը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս, ապա գնահատեց ծնողները, ուսուցիչները եւ աշակերտները, որոնք իրենց արձակուրդի օրը նուիրաբերած են հայ լեզուին, մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան ուսուցման, հաւատալով հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգային կրթութեան. Ապա Օրուան հանդիսավար՝ Խնամակալ մարմնէն ընկերուհի Լինտա Գանտիլեան,  ամբողջ երկու ժամ բեմահարթակի վրայ, շարունակաբար քանի մը անգամով բեմ հրաւիրեց ներկայ բոլոր աշակերտները եւ միաժամանակ մեկնաբանեց ներկայացուած աշխատանքները եւ երեխաներուն տուած պատգամները:

 Բեմ բարձրացան բոլոր ներկայ աշակերտները, աւելի քան հարիւր աշակերտ, գեղեցկօրէն արտասանեցին եւ երգեցին, դրսեւորելով՝  բծախնդիր աշխատանք, լուջ մօտեցում ծրագրին եւ յարգանք հայոց լեզուին ու մշակոյթին:

 Այս տարուան հանդիսութիւնը, ինչպէս միշտ, բծախնդրօրէն կազմակերպուած էր, անոր հիւրընկալութիւնը ստանձնած էր Անահիտ մասնաճիւղի Վարչութիւնը, խնամակալ մարմնէն իւրաքնչիւր ընկերուհի ստանձնած էր զիրար ամբողջացնող զնազան աշխատանքներ՝ կիզակէտ ունենալով հանդէսի յաջողութիւնը, ձայնային գործիքներու աշխատանքը հմտութեամբ կը վարէր ընկ. Վարդապետեան:

Երկու ժամ ամբողջ վայելք ապրեցան ներկաները, ծնողներ վայելեցին իրենց զաւակները, մեծ ծնողներ՝ իրենց թոռները, ուսուցիչներ իրենց աշակերտները բոլորը գոհունակ սրտով վայելեցին մանկական շրթներէն ծորացող աննման մեսրոպեան տառերը, որոնց ետին թագնուած  հերոս ուսուցիչներու ծանր եւ անձնուրաց աշխատանքը  ակներեւ էր:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Ընկհ.Անուշ Չալեանի փակման խօսքով, ընկերուհին անգամ մը եւս հաստատեց Շաբաթօրեայ վարժարաններու մարդակերտման վսեմ աշխատանքը, որ գրաւականն է հզօր հայրենիքի:

Վստահ եմ ՀՕՄի հիմնադիրներու հոգիներն ալ կը խայտային այդ առաւօտ, ի տես ամերիկածին հայ երեխաներու խոյանքն ու հաւատքը:

ՀՕՄը իր առաքելութեան մէջ յաջողած էր, ՀՕՄի նպատակը իրականացած էր:

« Դաստիարակել Հայ մանուկն ու պատանին հայեցի կրթութեամբ»

Share