ՀՅԴ Արեւմտ. Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի յայտարարութիւն

ՀՅԴ Արեւմտ. Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի յայտարարութիւն

Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու Արցախ մուտքի արգելքի կապակցութեամբ

Հայաստանի Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորներուն Արցախ մուտքի արգիլումը ոչ միայն դատապարտելի է ու անընդունելի, այլեւ յուժ մտահոգիչ աքթ է ըստ ամենայնի:

Արցախի մեկուսացման դէմ պայքարող ընդդիմութեան պատգամաւորները (Ազգային Ժողովի ամպիոնէն թէ զուգահեռաբար ժողովրդային հաւաքներով ու տարբեր միջոցառումներով), 12 Ապրիլին ուղղուեցան Արցախ, ուր Արցախի Ազգային Ժողովի իրենց պաշտօնակիցներուն հետ միատեղ նիստով կ՛ուզէին անգամ մը եւս ապացուցել, որ Արցախը ո՛չ քաղաքականապէս, ո՛չ հասարակականօրէն առանձին չէ եւ զայն մեկուսացնելու բոլոր փորձերը անընդունելի են:

Ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պատգամաւորներու մուտքի այս արգելքը ոչ միայն կ՛ոտնահարէ ժողովրդավարութեան ու ինքնիշխանութեան տարրական սկզբունքը, այլեւ անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ Արցախը զիջած ու զայն յանձնելու տրամադիր իշխանութիւններուն վարքագիծը:

Պատգամաւորներու Արցախ մուտքը անբաղձալի պիտի ըլլար հարկաւ դաւադիր ու ապազգային քլանին համար, պարզապէս որովհետեւ Փաշինեան-Ալիեւ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան բանակցութեանց» ստապատիր ու կեղծ ծրագիրին ուղղակի հարուած կը հասցնէ եւ կը խանգարէ անոր գործադրութիւնը:

Այսու կը յայտարարենք, սակայն, որ բոլոր միջոցներով կը զօրակցինք Արցախին ամէն գնով կառչած մնալու, Արցախը չլքելու եւ առանձին չթողնելու, Արցախի մեկուսացման դէմ պայքարող ընդդիմութեան: Հայութիւնը, աշխարհով մէկ, տէր կը կանգնի Արցախի ինքնիշխանութեան եւ Հայրենիքի հողային ամբողջականութեան եւ վստահ է, որ հակառակ ներքին թէ արտաքին բոլոր դաւադրութիւններուն, Արցախը է՛ եւ պիտի մնա՛յ հայկական:

Արցախի ու Արցախի մեր հայրենակիցներուն անվերապահ զօրակցակցութեան նոյն նպատակով, նաեւ, վաղը՝ 14 Ապրիլի երեկոյեան տեղի կ՛ունենայ ժողովրդային հաւաք՝ Ազրպէյճանի Փարիզի դեսպանատան առջեւ:

Արցախը մե՛րն է:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ

13 Ապրիլ 2022 Փարիզ

Share