ՀՅԴ-հիմնադրման 135-ամեակը Լոս Անճելըսի մէջ

ՀՅԴ-հիմնադրման 135-ամեակը Լոս Անճելըսի մէջ

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Արևմտեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի Գլենտէյլի «Ալեքս» թատրոնին մէջ, Յունուար 25-ին, տեղի ունեցավ ՀՅԴ-հիմնադրման 135-ամեակին նուրուած միջոցառումը:

ՀՅԴ 135-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան։ Իր ելոյթին մէջ ան անդրադարձաւ Հայաստանի եւ հայ ազգին դէմ այսօր ծառացած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն, ընդգծելով, որ պատերազմ կը մղուի թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ եւ որ ան գոյաբանական բնոյթ ունի։ Անոր ուղերձը յստակ էր՝ «ոչ թէ համակերպիլ, այլ պայքարիլ»։ Գալստեան նշեց, որ Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ ընտանիքը կը նշէ հայ իրականութեան ամէնէն երկարակեաց կուսակցութեան 135-ամեակը՝ հայրենիքին, հայոց պետականութեանն ու հայ մարդուն նուիրուած, երեք դարերու վրայ ձգուող անսակարկ ծառայութեան ճանապարհով։ Ան շեշտեց, որ այս տարեդարձը կը նշուի պատմական շրջափուլի մը մէջ, երբ Հայաստանի մէջ եւ աշխարհով մէկ տեղի ունեցող զարգացումները կը պահանջեն հաւասարակշռուած, սթափ եւ լայնախոհ որոշումներ։

Անդրադառնալով ներկայի մարտահրաւէրներուն՝ ան շեշտեց, որ նախ պարտաւոր ենք գիտակցիլ եւ արժեւորել Հայաստանին ու համայն հայութեան պարտադրուող սողացող սպառնալիքները։ Նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման ներկայ հանգրուանը, ըստ անոր, կը պարտադրէ ռազմավարութիւններու եւ մարտավարութիւններու խորքային վերանայում։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ այսօր կենսական անհրաժեշտութիւն է համահայկական գաղափարական-ծրագրային օրակարգերու որդեգրումը եւ անոնց իրագործման համար անհրաժեշտ միջոցներու համախմբումը։

«Մենք կրնանք եւ պարտաւոր ենք թօթափել յուսահատութիւնն ու պարտուողականութիւնը։ Ժողովուրդներու կենսունակութեան գաղտնիքը սեփական ուժերուն հաւատալու եւ անոնց ետեւէն երթալու կամքին մէջ է», նշեց Գալստեան՝ աւելցնելով, որ լաւատեսութիւնը պէտք է հիմնուի ոչ թէ դատարկ կարգախօսներու, այլ իրատեսական յանձնառութիւններու, հետեւողական աշխատանքի եւ ռազմավարական խորք ունեցող ծրագիրներու վրայ։ Ան նաեւ շեշտեց, որ ազգային շահերու պաշտպանութիւնը այսօր այլեւս համահայկական յանձնառութիւն է։

Բացման խօսքին մէջ ձեռնարկի հանդիսավար Մելքոն Մելքոնեան ընդգծեց, որ «135 տարին պարզապէս ժամանակի անցում չէ, այլ զոհողութիւն, պայքար եւ անսասան նուիրում ազգին ու հայրենիքին»։ Ան յիշեցուց, որ ՀՅԴ-ն ստեղծուած էր անարդարութեան դէմ պայքարելու, դիմադրութիւնը կազմակերպելու եւ հայ ժողովուրդին իրաւունքները, արժանապատուութիւնն ու ապագան պաշտպանելու նպատակով, բայց նաեւ կերտած է սերունդներ՝ գիտակից, նուիրուած եւ զոհողութեան պատրաստ հայորդիներ։ «Մենք այսօր այստեղ հաւաքուած չենք միայն անցեալը յիշատակելու համար. ՀՅԴ-ն պատմութեան էջերուն մէջ փակուած չէ, այլ ներկայ է համաշխարհային մակարդակով, եւ մեր գործը ու Հայ Դատի համար պայքարը կը շարունակուին», նշեց ան։

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անունից խօսք առաւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լեւոն Պարոնեան: «Այսօր հայ ժողովուրդին պարտադրուած է պատերազմ՝ հայրենիքի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին, քաղաքական, մշակութային եւ հոգեբանական պատերազմ։ Եւ մենք բոլորս այսօր զինուորներ ենք, անկախ մեր կամքէն, որովհետեւ խաղաղասէր ենք։ Այս ձեռնարկը կը խորհրդանշէ 135 տարուան պայքար, զոհողութիւն, ծառայութիւն եւ պատասխանատուութիւն հայ ազգին առջեւ։ Պայքարը պարտականութիւն է, ոչ թէ ընտրութիւն, եւ քանի այդ պատերազմը աւարտած չէ, մեր պարտականութիւններն ալ չեն կրնար աւարտիլ։ Այսօրուան կոչը պարզ է՝ պէտք է մնանք աշխոյժ, մերժենք լռութիւնը եւ առաջնորդենք, եւ թող այս երեկոն ըլլայ նոր սկիզբ, ոչ թէ միայն յիշատակի միջոցառում», նշեց նա։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ այսօր հայ ժողովուրդին պարտադրուած է բազմաճակատ պատերազմ՝ քաղաքական, մշակութային եւ հոգեբանական դաշտերուն մէջ, թէ՛ հայրենիքի մէջ եւ թէ՛ Սփիւռքի տարածքին։ «Մենք բոլորս այսօր զինուորներ ենք, անկախ մեր կամքէն։ Պայքարը պարտականութիւն է, ոչ թէ ընտրութիւն, եւ քանի այդ պատերազմը աւարտած չէ, մեր պարտականութիւններն ալ չեն կրնար աւարտիլ», ընդգծեց սրբազանը՝ կոչ ուղղելով աշխուժութեան, լռութեան մերժման եւ նոր սկիզբի։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Լարա Երէցեան իր ելոյթը սկսաւ նշելով, որ հայ ժողովուրդը այսօր կանգնած է գոյութեան խաչմերուկին առջեւ։ Ան ներկայացուց երկու ուղիներ՝ մէկը ինքնութիւնէն, պատմութենէն եւ ազգային արժէքներէն հրաժարելու ճանապարհը, եւ միւսը՝ հազարամեայ պատմութիւն ունեցող հպարտ ժողովրդի դժուար, բայց պատուաւոր գոյամարտի ուղին։ Ան շեշտեց, որ Սփիւռքը աւելի քան մէկ դար գոյատեւած է եւ դարձած աշխարհի ամէնէն կազմակերպուած եւ ազդեցիկ սփիւռքերէն մէկը՝ ուժ, որուն հետ պէտք է հաշուի նստիլ։

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Պատանեկանի եւ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները հաւաստեցան, որ հպարտութեամբ կը կրեն 135-ամեայ ժառանգութիւնը եւ կը ստանձնեն զայն պահպանելու ու զօրացնելու պատասխանատուութիւնը։

Համազգայինի «Անի» պարախումբի սաները և Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս եւ Ֆերահեան ազգային վարժարաններու սաները երգերով, պարերով եւ ազգային նուագարաններու կատարումներով իրեն բաժինը բերին միջոցառմանը:

Երեկոն եզրափակուեցաւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի ելոյթով։

Միջոցառման ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ տեսանիւթեր՝ նուիրուած Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Պատանեկանի եւ Երիտասարդականի ծաւալած գործունէութեան եւ արձանագրուած արդիւնքներուն։

Share