Հինգշաբթի, 2026 թուականի Ապրիլ 30-ին, Քրեսենթա հովիտի Մեհեր եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեան
Երիտասարդական Կեդրոնի Դաստիարակչական յանձնախումբը կը կազմակերպէ դասախօսութիւն մը՝ « Ամերիկեան Կազմակերպութիւններ, Որոնք Կը Սատարեն Հայկական Դատին. Համառոտ Ակնարկ» նիւթով, որ կը ներկայացնէ Րաֆֆի Համբարեանը։ Դասախօսութիւնը կը սկսի երեկոյեան ժամը 7։30-ին եւ կը կայանայ Քրեսենթա հովիտի Երիտասարդական Կեդրոնին մէջ՝ 2633 Honolulu Ave., Montrose, CA 91020 հասցէին։
1920-ականներուն Վահան Քարտաշեանի կողմէ Ամերիկայի Հայկական Անկախութեան Յանձնախումբի հիմնադրումէն ի վեր, նշանաւոր ամերիկեան կազմակերպութիւններ աշխատած են յառաջ տանելու հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ անկախութեան գործը։ Այս ներկայացումը պիտի տայ ընդհանուր պատկեր մը այն ամերիկեան հաստատութիւններուն եւ նշանաւոր անհատներուն մասին, որոնք այսօր, ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին (ANCA) հետ համատեղ, կը պաշտպանեն Հայաստանի եւ Արցախի շահերը։ Իր խօսքին մէջ, Րաֆֆի Համբարեան պիտի անդրադառնայ, թէ ինչպէս ամերիկեան կազմակերպութիւնները
հզօր ուժ կը հանդիսանան հակակշռելու այլ ճնշումային խմբակներու ջանքերը՝ թուլացնելու եւ խաթարելու ANCA-ի ղեկավար դերը Հայ Դատի յառաջմղման մէջ։
Րաֆֆի Համբարեան ծառայած է որպէս Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի (ANCA) ատենապետ։
Ներկայիս ան կը նախագահէ ANCA Endowment Fund-ը։ Ծնած է Նիւ Եորք քաղաքին մէջ եւ մեծցած՝ Նիւ Ճըրզի նահանգին մէջ։ Համբարեան աւարտած է Rutgers համալսարանը, ուր նաեւ ստացած է Միջազգային Յարաբերութիւններու մագիստրոսի աստիճան։ Ան աշխատած է Ամերիկայի Քոնկրէսի շարք մը անդամներու հետ, իսկ վերջերս ծառայած է որպէս արտաքին քաղաքական հարցերու գլխաւոր խորհրդական՝ Նիւ Ճըրզիի նախկին Քոնկրէսական Սթիվըն Ռ. Ռոթմանի համար։ Ներկայիս ան կը ծառայէորպէս Դաշնային Հարցերու Գործադիր Պաշտօնատար՝ Լոս Անճելըս Քաունթիի Մետրոպոլիթըն Փոխադրութեան Իշխանութեան մէջ։ Համբարեան ամբողջ կեանքին ընթացքին եղած է հայ-ամերիկեան քաղաքական գործիչ, իր գործունէութիւնը սկսելով որպէս Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (AYF) հպարտ անդամ։
Այս ձեռնարկը բաց է հանրութեան եւ համայնքի անդամներուն։ Կը սպասենք ձեզի այնտեղ։
Դասախօսութիւնը կը եզրափակուի հարցում-պատասխանի բաժնով, որ մասնակիցներուն կը շնորհէ հնարաւորութիւն՝ խորացնելու քննարկումը:
Ստորեւ կրնաք դիտել YouTube հարթակին մէջ զետեղուած տեսանիւթ մը՝ «Ուդը եւ հայ-ամերիկեան ինքնութիւնը» նիւթով, որ ներկայացուց փաստաբան եւ երաժշտագէտ Անդրանիկ Քզիրեանը, որ տրուեցաւ Քրեսենթայի նոյն կեդրոնին մէջ, 19 Փետրուարին 2026։
