Նոր ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի մշակութային ցեղասպանութեան դէմ

 Նոր ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի մշակութային ցեղասպանութեան դէմ

Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու այցելութիւնը Արցախ առաջին քարոզչական գործողութիւնը չէ` կազմակերպուած բռնագրաւող երկրի պետութեան կողմէ: Անիկա պարզապէս մէկ օղակն է Ազրպէյճանի պետութեան կողմէ մշակուած եւ կիրարկուող ապամշակութային քաղաքականութեան, որ կը յատկանշուի պատմութեան վերաշարադրանքով, փաստերու խեղաթիւրումով, պատկանելիութեան հետքերու ջնջումով: Գանձասարի մատենադարանի բովանդակութեան փոփոխութիւնը, Ստեփանակերտի եկեղեցւոյ քանդումը, Շուշիի եկեղեցւոյ ճարտարապետութեան փոփոխութիւնը կամ «վերաշինութիւնը», խաչքարերը քանդակողներու ինքնութեան փոփոխութիւնները կամ Վատիկանի մէջ «գիտաժողով»-ներու կազմակերպումը օղակներն են երկար շղթայի մը, որ տակաւին պիտի երկարի յայտնաբար:

Պատմութեան նենգափոխման այս քաղաքականութիւնը հիմնականին մէջ քանի մը ուղղութիւն ունի:

Առաջինը անշուշտ, հոգեւոր մշակութային կոթողներու ամբողջական քանդումն է. անոնց բնաջնջումը: Հետքերու ջնջման այս արշաւը գլխաւոր ուղղութիւնն է, որ իր նախադէպը ունի Նախիջեւանի մէջ, յատկապէս գերեզմաններու եւ խաչքարերու դէմ համատարած քանդումի փաստերով:

Երկրորդը կառոյցի իբրեւ թէ պահպանումն է` ճարտարապետութեան վերափոխումով, հայկական ճարտարապետութիւնը յատկանշած բոլոր ոճերը փոխարինելով, նոյնիսկ իսլամական ոճ ներմուծելով հաւատքի տուեալ կեդրոնի նոր շինարարութեան մէջ:

Երրորդը` պահպանելով կառոյցը, զանոնք ուտիական կամ աղուանական կոթողներ ներկայացնելով: «Փաստելու» համար, որ այս տարածքին մէջ հայեր չեն ապրած հին ժամանակներուն, այլ ուտիներ կամ աղուաններ, որոնց շառաւիղները այսօրուան Ազրպէյճանի ժողովուրդի մաս են:

Այս երրորդ կէտը մշակութային ցեղասպանութեան փափուկ մասն է: Առանց քանդումի, դիմափոխութիւն է, որ տեղի կ՛ունենայ պատմութեան խեղաթիւրման կանոններով: Այս նուրբ ուղղութիւնը ունի իր ենթաուղերձները: Ըսել կ՛ուզուի այսպիսով, որ հոգեւոր-մշակութային կեդրոնները կը պահպանուին պետութեան կողմէ: Այն կոթողները, որոնք հայութեան հետ կապ չունին, այլ ստեղծագործութիւնն են աղուաններուն եւ ուտիներուն: Պատկանելիութեան փաստի փոփոխութիւնը նախ անշուշտ հայկական հետքերու հեռացումն է, հետեւաբար հայութեան կողմէ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման պահանջներուն ջրումը, երկրորդ` այնպիսի ազգաբնակչութիւններու մասին է խօսքը, որոնք այսօր իբրեւ ազգ գոյութիւն չունին եւ որոնք յատկապէս Ազրպէյճանէն պահանջ չունին:

Այս ուղղութիւնը հասաւ նաեւ Վատիկան, ուր Պաքուն կազմակերպեց այս թեզերը «փաստարկող» գիտաժողովներ: Խնդիր գոյութիւն ունի անշուշտ համաքրիստոնէական կեդրոններ կատարուած ազրպէյճանական թափանցումներուն գծով: Պէտք է մանրակրկիտ ուսումնասիրել նաեւ դեսպաններուն այն ցանկը, որոնք յօժարակամ ականատես եւ վկայ դարձած էին, հետեւաբար` մասնակից Պաքուի նենգափոխման այս արշաւին:

Ազրպէյճանի այս արշաւը պիտի շարունակուի: Թէ՛ համաքրիստոնէական կեդրոնները եւ թէ՛ տարբեր երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչները հանգիստ կ՛ընդառաջեն նման հրաւէրներու եւ մասնակից կը դառնան խեղաձեւման այս արշաւներուն: Այս ընդառաջումները կրնան վկայակոչել, բողոքի պարագային, Երեւանի մեծ հաշուով լռութիւնը, չբողոքելը, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան տէր չկանգնելու պահուածքը:

Ազրպէյճանը պիտի շարունակէ իր արշաւը: Խնդիրը մշակութային, կրօնական կեդրոններուն լուռ մնալն է կամ ընդառաջելը նման հրաւէրներու: Հայկական կողմէն բողոքը կ՛արծարծեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Հայ դատի համակարգը, սփիւռքեան կարգ մը կազմակերպութիւններ:

Այս բողոքները գիտական հիմունքով, փաստավաւերագրական տուեալներով պիտի շարունակեն արծարծել ինչպէս հայաստանեան, այնպէս նաեւ սփիւռքեան հոգեւոր ազգային կեդրոններ: Բացայայտելու համար Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող մշակութային ցեղասպանութեան բոլոր ծալքերը եւ մանաւանդ միջազգային ընտանիքի մշակութային կառոյցներուն մօտ փորձեն ապահովել միջամտութեան քայլերը:

Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման պայքարը հրատապ խնդիր է: Ազրպէյճանի մշակութային ցեղասպանութեան դէմ պայքարիլը` հրամայական: Պաշտօնական Երեւանը, խաղաղութիւնը չխոչընդոտելու պատրուակով, հրաժարած է այդ պայքարէն: Հայկական կողմը այլ ռազմավարութիւն որդեգրելու անհրաժեշտութեան դիմաց է:

«Ազդակ»

Share