32 Գերիներ Վերադարձան Հայաստան

32 Գերիներ Վերադարձան Հայաստան

Ազրպէյճան Ազատ Չարձակեց Լիբանանահայ Վիգէն Էօլճեքեանը

2020-2023 թուականներուն Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած Հայաստանի Հանրապետութեան 31 զինուորական ծառայողներ, եւ սեպտեմբերին Արցախի մէջ գերեվարուած 1 զինուորական ծառայող երէկ հատած են Ազրպէյճան-Հայաստան սահմանը եւ ներկայիս կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Անոնք նախ պիտի կատարեն նախնական բժշկական քննութիւն եւ ապա պիտի վերադառնան իրենց հարազատներուն մօտ:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Ան հրապարակած է նաեւ վերադարձած գերիներուն անունները.

  • Աւագեան Հրաչ Արզումանի- Շիրակ, Գիւմրի
  • Աւագեան Սերոբ Սուրէնի – Շիրակ, Զոյգաղբիւր
  • Աւագեան Տիգրան Մանուկի – Շիրակ, Գիւմրի
  • Աւետիսեան Վաղարշակ Աշոտի – Շիրակ, Զոյգաղբիւր
  • Արամեան Կարէն Արմէնի – Շիրակ, Աշոցք
  • Բահրիկեան Վահագն Էդիկի – Շիրակ, Ախուրեան
  • Բաղդասարեան Արթուր Էդուարդի – Շիրակ, Գիւմրի
  • Գէորգեան Ռոպերթ Յովիկի – Շիրակ, Ախուրեան
  • Դիլանեան Արման Վազգէնի – Շիրակ, Զոյգաղբիւր
  • Եղիազարեան Սասուն Սէյրանի – Շիրակ, Անի
  • Թադեւոսեան Հրայր Վարդանի -Շիրակ, Աշոցք
  • Թոսունեան Լեւոն Աշոտի – Շիրակ, Աշոցք
  • Իսանեան Արեն Արայի – Ստեփանակերտ
  • Կիրակոսեան Էդուարդ Արմէնի – Շիրակ, Գիւմրի
  • Կոստանեան Նարեկ Աղասիի – Շիրակ, Արթիկ
  • Յակոբեան Վոլոդիա Գագիկի – Շիրակ, Սառնաղբիւր
  • Յարութիւնեան Վարազդատ Սերեոժայի – Շիրակ, Ախուրեան
  • Հերաբեան Հրայր Հրաչի – Շիրակ, Աշոցք
  • Յովակիմեան Յարութիւն Եուրիկի – Սիւնիք, Կապան
  • Յովհաննիսեան Հայկազ Կորիւնի – Շիրակ, Ախուրեան
  • Ղազարեան Կարէն Աշոտի – Տաւուշ, Դիլիջան
  • Մարտոեան Մանուկ Յովհաննէսի – Շիրակ, Լանջիկ
  • Մարտիրոսեան Գէորգ Սամուէլի – Շիրակ, Գիւմրի
  • Միքայէլեան Անդրանիկ Վազգէնի – Շիրակ, Գիւմրի
  • Ոսկանեան Գագիկ Աշոտի – Երեւան
  • Ռաֆայէլեան Վլատիմիր Օթարիի – Արմաւիր, Վաղարշապատ
  • Սաղաթէլեան Գրիգոր Սէյրանի – Շիրակ, Աշոցք
  • Սարգսեան Իշխան Աշոտի – Երեւան
  • Սերոբեան Գեղամ Սամուէլի – Շիրակ, Զոյգաղբիւր
  • Սուքիասեան Անդրանիկ Սրապի – Շիրակ, Գիւմրի
  • Ստեփանեան Դաւիթ Ստեփանի – Շիրակ, Փանիկ
  • Վարդանեան Արսէն Արայիկի – Շիրակ, Անի
    Ազրպէյճան Ազատ Չարձակեց Լիբանանահայ Վիգէն Էօլճեքեանը Հակառակ անոր որ գերիներու փոխանակման նախնական ցուցակին մէջ կար լիբանանահայ գերի Վիգէն Էօլճեքեանի անունը, սակայն երէկ Ազրպէյճան մերժեց ազատ արձակել զինք` ցոյց տալով, որ «մարդասիրական մօտեցում»-ը պարզապէս աժան կարգախօս է այդ երկրին համար: Նշենք, որ Էօլճեքեան կը տառապի առողջական լուրջ հարցերէ:
Share