Հ.Օ.Մ.ի Պըրպէնքի «Արազ» մասնաճիւղի օժանդակութիւնը՝ Պըրպէնքի հրշէջներու «Սիրոյ Կայծ» ծրագրին

Հ.Օ.Մ.ի Պըրպէնքի «Արազ» մասնաճիւղի օժանդակութիւնը՝ Պըրպէնքի հրշէջներու «Սիրոյ Կայծ» ծրագրին

Հայ ժողովուրդին ծառայելու առաքելութեամբ ծնունդ առած Հայ Օգնութեան Միութեան մէկ մասնիկը հանդիսացող Պըրպէնքի «Արազ» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անդամ ընկերուհիները, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթներով, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2022-ին, խաղալիքներ նուիրեցին Պըրպէնքի Հրշէջներու բաժանմունքին եւ ABC7-ի կազմակերպած «Սիրոյ Կայծ» ծրագիրին, բաժնուելու համար շրջանի կարիքաւոր երեխաներուն, այն յոյսով, որ Հ.Օ.Մ.ի մարդասիրական օժանդակութիւններու ծիրէն ներս, այս օժանդակութիւնն ա՛լ տօնական ուրախութիւն կ‘առաջացնէ համայնքին մէջ: 

Մասնաճիւղի անունով նուէրները հրշէջներուն փոխանցեցին, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Նանիկ Քիւփէլեանը եւ մասնաճիւղի անդամ՝ ընկհ. Ժանին Պուտագեանը:

(Թղթակցութիւն Մասնաճիւղէն) 

Share