Ընկ. Մարզպետ Մարկոսեան՝ չմթնցող արժէքը

Ընկ. Մարզպետ Մարկոսեան՝ չմթնցող արժէքը

Ընկ. Մարզպետ Մարկոսեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան կողմէ արտասանուած դամաբանականը

Բազմաշնորհ, բազմատաղանդ ու նկարագրով ամուր անձի մը մասին ամփոփ տողերու եւ կարճ ժամանակի սահմաններուն մէջ ներկայացումը արժանավայել գնահատականը պիտի չըլլայ: Մեր ընկեր Մարզպետը քիչ մը դիւրացուցած է այս գործը գրելով իր կենսագրականը մինչեւ 2001:

Թէեւ պիտի անդրադառնամ ընկեր Մարզպետ Մարկոսեանին կեանքին որոշ փուլերուն, բայց կեդրոնացումս պիտի ըլլայ իր մարդկային, գրական եւ դաշնակցական գիծերուն վրայ:

Գիտնական, փրօֆէսօր, հրապարակագիր, գրող, թարգմանիչ, հասարակական գործիչ եւ մանկավարժ՝ հանրութեան համար, իսկ մեզի համար ընկեր Մարզպետը վերոյիշեալներուն կողքին նաեւ է՛ գրասէր, հայասէր, հայրենասէր, եկեղեցասէր, հետեւաբար մարդասէր:

Հանգուցեալ ընկերոջմէն ստացած եմ իր յօդուածներուն, քաղաքական հրապարակագրութիւններուն եւ շարք մը երեւելի՝ գրող ու ազգային գործիչներու մասին վերլուծումներու հաւաքածոյ երկու գիրքերը. «Քաղաքներու Կախարդանքը» — «Ա. — Պօսթընեան Պատկերներ» եւ «Բ. – Նիւ Եորքցիները»՝ Կարմիր եւ Կապոյտ գոյնի կողքովները. երրորդին՝ Նարնջագոյն կողքով հատորին՝ Քալիֆորնիա ապրած ժամանակաշրջանին գրածներուն վրայ տակաւին կ’աշխատէր: Որքան կը կարդամ այդ գրութիւնները, այնքան աւելի կ’ըմբռնեմ իր անձին խորքն ու նկարագիրը, ազգային գիտակցութիւնն ու ճշգրիտը տեսնելու կարողութիւնը եւ զայն պահանջելու կեցուածքը: Այս ներկայացումիս մէջ յաճախ մէջբերումներ պիտի կատարեմ իր երկերէն:

Ծնած է 1940-ին, Պէյրութ, դաշնակցական ընտանիքի մէջ: 10 տարեկանին, մայրը իրեն ցոյց տալով տան մէջ ՀՅԴ երրորդութեան նկարը. – «Անոնց օրինակին պէտք է հետեւիս», — ըսած է:

Յաճախած է նախ Պէյրութի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը, ապա Բարեգործականի Յովակիմեան Մանուկեան երկրորդականը, ուր իր թէ՛ հայերէնի եւ թէ՛ գիտական դասերուն մէջ ջանասիրութիւնն ու ընկալելու կարողութիւնը նկատելով, ուսուցիչները մղած են զինք աւելի զարգացնելու զանոնք:

Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ կը ստանայ իր Պսակաւոր Գիտութեանց եւ ապա Մագիստրոսի վկայականները: 1965-ին կուգայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ֆիլատելֆիա ուսումը շարունակելու. 1969-ին յաջողութեամբ կը պաշտպանէ դոկտորական թեզը Կենսաքիմիաբանութեան մէջ (Biocemistry): Կը տեղափոխուի Պօսթըն եւ կ’աշխատի Հարվըրտ համալսարանի տարրալուծարանին մէջ: Հետագային կ’իրագործէ գիւտեր իր ճիւղին մէջ:

Կանուխ տարիքէն աշխատակցած է Պէյրութի «Նայիրի» շաբաթաթերթին, խմբագրութեամբը Անդրանիկ Ծառուկեանին, որ նախ դաշնակցական էր, բայց հետագային հեռացած անկէ: Իր յօդուածներուն մէջ յաճախ յիշած է զայն: Հետը ստեղծած է սերտ բարեկամութիւն, որ շարունակուած է մինչեւ անոր մահը 1989-ին: Մեր մտերմիկ խօսակցութիւններուն ընթացքին բազմիցս նիւթը ըրած է իր անցեալի ընկեր Անդրանիկ Ծառուկեանին, բարձրաձայն մտածելով, թէ պէտք է «Նայիրի»-ի մէջ անոր հեղինակած գրութիւնները հաւաքել ու հատորով հրատարակել: Կ’ենթադրեմ, թէ աղբիւրները եւ բնատիպերը ունէր: Տակաւին իր անձնական յօդուածներուն երրորդ հատորը լոյս չընծայած, ընկերոջը ստեղծագործութիւններուն մասին կը մտմտար:

1959-ին Պէյրութի մէջ կ’անդամակցի Ռամկավար ազատական կուսակցութեան, բայց միայն ամիսներ ետք կը հրաժարի, ազգային հասարակական գործունէութեան համար անհրաժեշտ չնկատելով կուսակցական պատկանելիութիւնը:

Անդամակցած է ՀԲԸՄ-ի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան (ՀԵԸ), որուն կողմէ գործուղուած է Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակի Պէյրութի համալսրաններուն մէջ յուշատօներու կազմակերպութեան միացեալ մարմինին: Այդ առիթով ծանօթացած է Պէյրութ ժամանած, Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրած եւ գործադրած թուրք եւ ազերի պատասխանատուները պատժելու Դաշնակցութեան «Նեմեսիս» գործողութեան ղեկավարներէն, Շահան Նաթալիի հետ, որուն հետ եւս զարգացուցած է անխզելի մտերմութիւն մը, մինչեւ անոր կեանքէն հեռանալը 1983-ին: 1995-ին Փրակայի մէջ մասնակցած իր մասնագիտութեան գիտական խորհրդաժողովին օրերուն, կ’այցելէ Պերլին եւ բարեկամի մը հետ, հին ուխտ մը կ’իրականացնէ ու կը գտնէ «17 Հարդենբերգ Շթրաս»-ը՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի 1921-ի Թալէաթի դէմ արդարահատոյց հարուածի վայրը, ուր Թեհլիրեանէն քիչ մը հեռու գտնուած էր նաեւ Նաթալին:

Պօսթըն եւ Նիւ Եորք գտնուած ժամանակաշրջանին կը մնայ ՀԵԸ-ի անդամ մինչեւ Հայաստանի անկախութեան հռչակումը՝ 1991-ին, որմէ անմիջապէս ետք կը դիմէ եւ կ’անդամակցի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Այս դիմումը ստացող արեւելեան Ամերիկայի ՀՅԴ կառոյցը, իր դաշնակցական ընտանիքի զաւակ ըլլալէն անտեղեակ, իր հաւատարմութեան մասին կը հարցնէ եղբօրը՝ Յարութիւնին, որ արդէն դաշնակցական կուսակցական էր. պատասխանը մէկ կ’ըլլայ՝ հաստատ ու անշեղ ապագայ դաշնակցական:

1991-ին Հայաստան ճամբորդութեան մը ընթացքին կը ծանօթանայ օրուայ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Հրայր Մարուխեանին, որուն հետ եւս կը հաստատէ մշտական ընկերութիւն: Իսկ Մարուխեանի Հայաստանէն արտաքսուելու նախագահական հրամանագրին օրերուն խստիւ կը քննադատէ Հայաստանի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը եւ երկրին իշխանութիւնը հայութեան միասնականութեան ու հզօրացման բացառիկ առիթը ոտնատակ նետելուն եւ համայնավար տարիներու հակադաշնակցական պայքարը կրկնելուն համար:

1992-ին կը պսակուի Սեդա Պապահեքեանին հետ:

1997-ին Ֆերահեան ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը ստանձնելու համար ընտանիքով կը տեղափոխուի Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա: Տնօրէնութիւնը կը վարէ մինչեւ 2001: Գիտական իր արժանիքներէն ու գիտելիքներէն բաժին կը հանէ ո՛չ միայն ամերիկեան ու համաշխարհային գիտական հասարակութեան, այլեւ Ֆերահեանի աշակերտութեան, երբ բարձրագոյն դասարաններուն համար կ’աւելցնէ գիտական AP (Advanced Placement) դասեր ու ինք կը ստանձնէ անոնց դասաւանդումը: Այդ տարիներու աշակերտութեան ուսումի նախանձախնդիր հատուածը գիտէ, որ ինչքան օգտուած է անոնցմէ: Նաեւ ճիգ կը թափէ, որ Ֆերահեանի աշակերտութիւնը ունենայ իր պարբերաթերթը, որ կը կոչուի «Հասկ»:

Դաշնակցութեան մէջ իր աշխատանքներուն վկայ եղած ենք արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ «Ռոստոմ» եւ ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութիւններուն մէջ: Ընտրուած է ՀՅԴ Շրջանային ժողովի պատգամաւոր: Մաս կազմած է Կեդրոնական կոմիտէի յանձնախումբերու, ի մասնաւորի Դաստիարակչականին: Ֆերահեանի տնօրէնի պաշտօնը ձգելէն ետք ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան քարոզչական ամսական դրութեամբ հրապարակային ձեռնակներուն հանդիսավարը եղած է երկար ժամանակ եւ ի դէպ՝ անոնց մասին մամուլին առաքուած տեղեկատուութիւնը պատրաստողը:

Ֆերահեանէն ետք, շուրջ 20 տարի, Լոս Անճելըսի Հանրային «Ճէյմս Մոնրօ» երկրորդական վարժարանին մէջ կը սկսի դասաւանդէլ գիտական նիւթեր՝ քիմիագիտութիւն (chemistry), կենսաբանութիւն (biology) եւ բնագիտութիւն (physics) ու կը դառնայ գիտական բաժինի ղեկավար: Երբ կը ծրագրուի գիտական դասագիրքերու բարեփոխութիւն, ընկ. Մարզպետ դերակատար է նաեւ այդ յանձնաժողովին մէջ: 2020-ին Պսակաձեւ ժահրի (COVID-19) տարածումով, այլ վարժարաններու նման իրն ալ կ’անցնի հեռակայ դասաւանդումի:

2021-ին ընկ. Մարզպետ կ’որոշէ դադրեցնել իր ուսուցչական ասպարէզը, որովհետեւ կը զգար որ առողջութիւնը այլեւս տեղի կուտար:

Իր գիտական ուսումնասիրութիւնները լոյս տեսած են զանազան միջազգային հանդէսներու մէջ. իսկ հայերէն յօդուածները Պէյրութի «Նայիրի»-ին, «Ազդակ»-ին ու «Զարթօնք»-ին, Փարիզի «Յառաջ»-ին, Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»-ին ու «Նոր Կեանք»-ին, Պօսթընի «Հայրենիք»-ին ու «Պայքար»-ին, Մոնթրէալի «Հորիզոն»-ին, Երուսաղէմի «Սիոն»-ին եւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ին մէջ: Ասոնց կարեւոր մէկ մասը հաւաքուած է վերը յիշուած հատորներուն մէջ. մնացածը՝ տակաւին պիտի հրատարակուի երրորդին մէջ:

Գրական իր հունձքին մասին գրականագէտները պէտք է գրեն: Իմ կողմէն, սակայն, երկու բառ կը փափաքիմ ըսել. ընկ. Մարզպետ Մարկոսեան ունի հայերէնի ծանրակշիռ բառամթերք, խոր միտք եւ համատարած տեղեկութիւն: Իր գրական բարձր պատրաստութեան շնորհիւ գիտցած է արդարօրէն զատել իրեն ժամանակակից գրողներուն ցորենը յարդէն:

Բծախնդիր եւ ուշադիր էր հայերէն լեզուի հանդէպ. անխնայ էր զայն շահագործող եւ իրենք զիրենք գրագէտ յայտարարողներուն հանդէպ: Չէր վարանէր ամենայն ուժգնութեամբ հարուածելու զանոնք իր սրամիտ գրիչով կամ խօսքով: Մի քանի օրինակ.

  • 1998-ին իր մէկ գործը քննադատող Միսաք Հայկենցին մասին կը գրէ հետեւեալը. «Այդ զեհմեթին պէտք չունէր դիմելու եւ յուսամ չունենար ապագային ալ, որովհետեւ վստահ կրնայ ըլլալ հիմա, թէ երբ որոշեմ հայերէնը… մոռնալ՝ կը դիմեմ իր հայերէնագիտութեան»:
  • 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մեր՝ ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան կազմակերպած յուշատօնի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին, հայերէն բառակապակցութեան մը ճշգրտութեան շուրջ հարց կը ծագի. յանձնախումբի ընկերներէն մէկը կը յայտնէ թէ հայ օրաթերթ մը տուեալ ձեւով կը գրէ: Ընկ. Մարզպետ կ’ըսէ. – Եթէ մենք պիտի հետեւինք այդ օրաթերթին հայերէնին, մեր ճշգրիտ հայերէնը կը մոռնանք:
  • 1995-ին կը գրէ. «Մեր գրական անդաստանը զերծ չէր իր աւանակներէն: … Այդպիսիներուն… կանխիկ շնորհաւորութիւններ իրենց հիմնական մէկ կարողութեան համար՝ մարդկային գարշապարը վերածելու իրենց նուաճելիք միակ բարձունքին»:

Իր քաղաքական յօդուածներուն մէջ անհամար են Հայաստանի թէ՛ անկախութենէն առաջ եւ թէ՛ անկէ ետք կացութեան վերլուծումները: 1990-ականներուն իր կատարած հաստատումները շատ նման են այսօրուան Հայաստանի մէջ պատահածներուն, եւ թէ՛ այդ օրերու ու թէ՛ այսօրուան իշխանութիւններուն ՀՅԴ-ին դէմ հալածանքը լուսապատճէն են իրարու:

Օրինակ, 1991-ին ընկ. Մարզպետ կը գրէր. «Յայտնօրէն, սկսուած կռիւը իշխանութեան ձգտում է, ՀՀՇ-ի մարդոց մտադրութիւնը՝ ամէն գնով այդ իշխանութիւնը պահելը: Եւ լաւագոյն ձեւը ՀՅԴ-ն վարկաբեկելու զայն ներկայացնելն էր իբրեւ իշխանութեան ձգտող փառամոլներու խմբակ»:

Ուրիշ տեղ մը Հայաստանի արդարադատութեան մասին կը գրէ. «1992 յունիսէն մինչեւ հիմա, հոն՝ Հայաստանի մէջ շեփորուած «կոյր» արդարութիւնը յուսահատեցնելու չափ կոյր է ու տիրապետողը զարտուղի արդարութեան մը կրկներեւոյթն է միայն»: Յիշեցնեմ, որ 1992 յունիսը նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Դաշնակցութեան կասեցումին եւ ընկ. Հրայր Մարուխեանի արտաքսումի յայտնի թուականն է:

Ընկերական մեր զրոյցներուն առանցքը միշտ Հայաստանի եւ մեր գաղութին ներքին անցուդարձերն ու արտաքին սպառնալիքներն էին: Վերջին հայ-ազերի պատերազմէն ետք, Հայաստանի վարչապետին ու իշխանութիւններուն դաւաճանութեան դրսեւորումէն ետք, օր մը բարկացած հետեւեալը կ’ըսէ. – Ամբողջ հայութեան մէջ մէկ հատ «հայ» չկա՞յ, որ այս դաւաճանը մաքրէ:

Գրական եւ քաղաքական իր աշխատութիւններուն կողքին կատարած է նաեւ հայերէն բանաստեղծութիւններու եւ գրական այլ գործերու՝ բազմաթիւ թարգմանութիւններ անգլերէնի, հասանելի դարձնելու զանոնք թէ՛ օտարներուն եւ թէ՛ հայ անգլիախօս երիտասարդութեան:

Ընկ. Մարզպետ իր կուսակցական եւ գրական կեցուածքներուն կողքին ուժեղ հաւատացեալ մըն էր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիին: Միշտ յարգանքով արտայայտուած է անոր անշեղ կրօնաւորներուն մասին ու ակնածանքով մօտեցած անոնց: Աշխատակցած է կրօնական մարմիններուն հետ թէ՛ արեւելեան Ամերիկայի Էջմիածնական եւ թէ՛ արեւմտեան Ամերիկայի Կիլիկեան թեմին հետ: 1988-ին Արցախեան շարժումին սկզբնական օրերուն արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշն. տէր Թորգոմ արքեպիսկոպոսի խնդրանքով կը ղեկավարէ Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած Արցախի զօրակցական ցոյցը: Իսկ արեւմտեան Ամերիկայի Կիլիկեան թեմին մէջ, երկար տարիներ կը ծառայէ, որպէս Հովիտի Սրբոց նահատակաց եկեղեցւոյ ազգային երեսփոխան:

Անկատար պիտի ըլլայ այս ներկայացումս եթէ չտամ ընկ. Մարզպետի նկարագրին մասին մի քանի շեշտադրումներ:

  • Երբ Ֆերահեան ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնին առաջարկը կ’ըլլայ իրեն, կը համաձայնի, ի գին ազգային կանչին՝ հայ պատանեկութեան դաստիարակութեան ու հայակերտումին:
  • Իր խառնուածքին շնորհիւ առիթ չէր ուզեր տալ պատահական որեւէ անձի իրեն որեւէ կարծիք կամ դիրքորոշում պարտադրելու. առաջարկները կը լսեր: Իսկ դիմացինին հանդէպ իր նրբազգացողութիւնը հիմնուած էր անոր արժանաւոր ըլլալուն վրայ եւ ոչ թէ քաղաքավարութեան պահանջներուն կամ անձնական շահ հետապնդելուն: Նկարագրի գիծ մը, որ կարգ մը անձեր թիւրաբար ներկայացուցին որպէս շրջապատին հետ հեզասահ յարաբերութիւն ստեղծելու դժուարութիւն ունեցող անձ:
  • Կուսակցական իր ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւններուն մէջ բծախնդիր էր եւ խստապահանջ: Սկզբունքային եւ ազնիւ կ’աշխատէր ինք եւ կը պահանջէր, որ շրջապատն ալ չսայթաքէր, որպէսզի թէ՛ սկսած ծրագիրը յաջողութեամբ իրագործուէր, թէ՛ մասնակիցները գոհունակութիւն ստանային եւ թէ՛ գործը հանրութեան կողմէ լաւագոյնս վարկաւորուէր:
  • Իր պարկեշտութիւնը թոյլ չտուաւ իրեն, որ ազգային վարժարանի տնօրէնի դիրքին կողքին ձգտէր նաեւ կուսակցական որեւէ ղեկավար մարմինի անդամ ընտրուելու:

Վերջապէս, արդար է, որ հոս, իր գործերուն անծանօթներուն համար կարդամ ՀՅԴ հարիւրամեակին առիթով «Հարիւրամենի Մրրկահաւը» վերնագրով յօդուածէն հետեւեալ հատուածը. «Եթէ չըլլար Դաշնակցութիւն, հազիւ թէ գոյութիւն ունենայինք այսօր իբրեւ ազգ, իբրեւ ժողովուրդ: Ինքը՝ Դաշնակցութիւնը փրկեց Հայաստանը եւ իր հրաշակերտն է, որ կը վերընձիւղի: Եւ դեռ, Պերլինի մէջ պայթած գնդակը Սփիւռքի գաղթականները կը վերածէր միաձոյլ ու գիտակից ժողովուրդի»:

Դաշնակցութեան ամբողջ ընտանիքին ցաւակցութիւնները եւ մխիթարանքի անկեղծ խօսքը ընկ. Մարզպետի ընտանիքին՝ տիկնոջը՝ Սեդային ու զաւակներուն՝ Խաչերին, Արենիին եւ Մարզպետին:

Պիտի փակեմ փոխ առնելով ընկ. Մարզպետի բառերը, որ գործածած է կեանքէն հեռացած իր մօտիկ ընկերներուն համար. «Երթդ բարի», «բարի ճանապարհ», «դէպի անհանգրուան յաւիտենութեան ուղեւոր եւ սիրելի իմ երեց ընկեր»:

Ս.Տ.

3 դեկտ. 2022

Share