ԱՄՆ Կը շարունակէ սատարել՝ խաղաղութեան

ԱՄՆ Կը շարունակէ սատարել՝ խաղաղութեան

Միացեալ Նահանգներ ամենաբարձր մակարդակով՝ ի դէմս Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէք Սալիվանի, ներգրաւուած է եւ կ’աջակցի հայ-ատրպէյճանական ուղիղ բանակցութիւններուն։ Այդ մասին յայտարարած է Կովկասեան բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական, դեսպան Ֆիլիփ Ռիքըր։

«Մենք յանձնառու ենք Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղ ապագայի ապահովման։ Խորապէս հաւատացած ենք, որ շարունակական ուղիղ երկխօսութիւնը (այսինքն՝ ոչ թէ ռազմական գործողութիւնը, այլ դիւանագիտութիւնը) առանցքային է խնդիրներու կարգաւորման եւ համապարփակ, տեւական խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան հասնելու հարցով։

Բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ սա դիւրին չէ, սակայն ես կ’ուզեմ կրկնել Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի դիտարկումը արտաքին գործոց նախարարներ Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ հանդիպման ժամանակ․ ան ըսաւ՝ Միացեալ Նահանգները յանձնառու է ընելու ամէն ինչ աջակցելու կայուն խաղաղութեան հաստատման ձեր ջանքերուն», -ըսած է Ռիքըր։

Share