«Ոսկէ Ծիրան»էն յատուկ անդրադարձ՝ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին

«Ոսկէ Ծիրան»էն յատուկ անդրադարձ՝ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին

Երեւանի «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային ֆիլմի փառատօնը 2022-ին ֆիլմարուեստի երկրպագուներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ ծանօթանալու յատուկ ծրագրի, որու ծիրին մէջ պիտի ներկայացուին ֆիլմեր, որոնք կ’անդրադառնան Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին:

Այս մասին յայտնած է ֆիլմի փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Կարէն Աւետիսեանը` նշելով, որ 44-օրեայ պատերազմի մասին ֆիլմերէն մէկը նկարահանուած է յոյներու կողմէ, միւսը` արժանթինցիներու, յաջորդը` եգիպտացիներու: Թեմային առնչուող մէկական ֆիլմ ալ ներկայացուցած են բեմադրիչներ Հայաստանէն եւ Արցախէն: «Մեղադրանքները, որ փառատօնն անտեսում է Արցախը, կամ` ինչ-ինչ ուժերի ազդեցութեան ներքոյ խուսանաւում է այդ թեմայից` առնուազն մերկապարանոց են, քանի որ մեղադրողներն անգամ չեն տեսել փառատօնի ծրագիրը, որը դեռեւս հրապարակուած չէ: Ցանկացած փառատօնային ընտրանի ենթադրում է ցանկացած թեմայի շուրջ ընտրուած եւ ցաւօք` չընտրուած ֆիլմեր: «Ոսկէ Ծիրան»ը բացառութիւն չէ, ինչպէս եւ բացառութիւն չէ այն, որ այս փառատօնը իր երկրի համար ամենակարեւոր թեմայի հանդէպ յատուկ ուշադրութիւն է դարձնում: Դա պատերազմական եւ յետպատերազմեայ շրջանն է: Աւելին` 19-րդ «Ոսկէ Ծիրան»ի փակման ֆիլմը հայկական անդրադարձ է 44-օրեայ պատերազմին», շեշտած է Աւետիսեանը:

«Ոսկէ Ծիրան» միջազգային ֆիլմի փառատօնը 2022-ին տեղի պիտի ունենայ 10-17 Յուլիսին: Այն պիտի հիւրընկալէ ֆիլմարուեստի հանրայայտ ներկայացուցիչներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Փառատօնի ծիրին մէջ պիտի ցուցադրուին շուրջ 100 ֆիլմ:

Կարէն Աւետիսեան ոչ մի ակնարկ չկարարեց թէ ինչու «Ապրելու ցանկութիւն» ֆիլմը չէ ներառուած յայտագրին մէջ:

Share