Վարձկանը վարձկան Է եւ վերջ

Վարձկանը վարձկան Է եւ վերջ

ՆՇՄԱՐ

Ս. Մահսէրէճեան

            Արեւմտեան աշխարհը, իր քաղաքական, մամլոյ-քարոզչական եւ… մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու զօրակայաններով, տագնապի մատնուած է:

            Պատճա՞ռը: Ուքրանիոյ արեւելեան գօտիին իշխանութիւնները, որոնք կը կռուին Զելենսքիի իշխանութեան դէմ եւ կը վայելեն Ռուսիոյ հովանին ու աջակցութիւնը, ձերբակալած են 3 օտարահպատակներ, որոնք իբրեւ վարձկան կը կռուէին Քիեւի բանակի շարքերուն (պահ մը մոռնանք, որ սա հակադարձութիւն մըն է ռուս զինուորներ իբրեւ պատերազմական ոճրագործ դատարան տանելու ուքրանական քայլին): Կարճ. Տոնպասի իշխանութիւնները ձերբակալած են երկու բրիտանացի եւ մէկ մարոքցի վարձկաններ, զանոնք դատած են իբրեւ ոճրագործ-վարձկաններ եւ մահուան դատապարտած են:

            Վա՜յ… կը բացագանչեն արեւմուտքի մունետիկները: Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ վարձկաններ իբրեւ ոճրագործ դատուին եւ մահուան դատապարտուին: Եւ ահա, տարօրինակ մրցակցութիւն մը ծայր կ’առնէ: Քիեւի պաշտպան բանբերներ կը պնդեն, որ ձերբակալուածները կարելի չէ վարձկան կոչել, որովհետեւ երբ ռուսական յարձակումը սկսաւ՝ Զելենսքի կոչ ուղղեց աշխարհին, որպէսզի այլ երկիրներէ երիտասարդներ գան եւ զինուորագրուին իր բանակին, կռուին ռուսերուն դէմ: Բանբերները կը պնդեն, որ խնդրոյ առարկայ «կամաւորները» գրաւոր պայմանագրութիւն կնքած են ուքրանական բանակին հետ եւ ներգրաւուած՝ անոր շարքերուն: Անոնց կը ձայնակցին մարդու իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններ, կը պնդեն, որ վարձկանները  իրաւունքներ ունին իբրեւ մարդ, անոնք կը դասուին պատերազմական գերիներու շարքին, անոնց իրաւունքները պաշտպանուած են Ժընեւի համաձայնագիրներով (պայմանագրութիւն կնքող օտարականը վարձկան ըլլալէ կը դադրի՞. Այսինքն, վարձկան ըլլալը հիմա նոր սահմանո՞ւմ ունի…: Մէկը չի բացայայտեր, թէ վարձկանը որքա՞ն դրամ կը գանձէ եւ իսկապէս ո՞վ է վճարողը): Եւ ահա վճիռ արձակողները կը կոչուին «կապիկի դատարան», կ’ըսեն, որ այդ վճիռը ի զօրու չէ: Վաղը ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ վարձկանները գնդակահարուին կամ կախաղան հանուին…

            Կայ «մետալին միւս կողմը». Տոնպասի մէջ, Զելենսքիի ուժերուն դէմ կռուողները կը պիտակաւորուին իբրեւ «Ռուսիոյ վարձկանները»…

Վարձկաններ Ուքրանիոյ մէջ: Լուսանկարը հրատարակողը հարց տուած է. «Փրկարարնե՞ր, թէ՞ գերեզմանափորեր…»

***

            Ո՛չ մէկ կասկած, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ցնծութեամբ կը հետեւին այս դատավարութեան եւ յաջորդելիք քայլերուն, անոնց մէջ տեսնելով իրենց շնորհուած… բարի վարուց վկայագիր մը: Չէ՞ որ Թուրքիա աւելի քան 10 տարիէ ի վեր բացայայտօրէն վարձկաններ գործի լծելը նոր մակարդակի բարձրացուցած է, ծայրայեղական իսլամներու ամբողջ բանակներ կազմած է եւ զանոնք արձակած՝ Իրաքի, Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ այլ երկիրներու սահմաններէն ներս (անգամ մը եւս շեշտենք, որ այդ պատերազմիկները իսկական Իսլամին հետ աղերս չունին, այլ կը ծառայեն թրքատիպ «իսլամութեան» անմիջական եւ հեռահաս ծրագիրներուն՝ համաթուրանականութեան): Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, այդ վարձկաններէն բաժին հանուեցաւ նաեւ մեզի՝ հայութեան: Թրքական դերակատարութիւնն ու բացայայտ միջամտութիւնը փաստագրուած են: Հայաստանի մէջ արդեօք մէկը, մանաւանդ իշխանաւորները կը յիշե՞ն այդ ոճիրները, թէ՞ «Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան էջ պիտի բանանք»ը ջնջած է այդ դառն յիշատակներն ալ:

Ի դէպ, միայն հպանցիկ ակնարկութիւն կ’ըլլայ, թէ ուքրանական եւ ռուսական իշխանութիւնները քիչ մը անդին պատերազմական գերիներու փոխանակում կը կատարեն…:

***

            Սեփական բանակիդ մէջ վարձկան ունենալը նորութիւն չէ: Հին դարերէն սկսեալ, միշտ ալ վարձկաններ պատերազմի դաշտ նետուած են: Պատմութիւնը արձանագրած է նաեւ, որ վարձկանները ճակատներէն առաջին խոյս տուողը եղած են եւ երբեմն պատճառ դարձած՝ զիրենք օգտագործող կողմին տկարացման, պարտութեան: Սակայն տեսէ՛ք թէ «արդի աշխարհ»ին մէջ, վարձկանը կը ստանայ տարբեր իմաստ, ճակատողներ իրենց ուզածին պէս կը մեկնաբանեն վարձկանութիւնը: Կը փորձեն համոզել, որ եթէ օտարական մը պայմանագրութեամբ անդամակցի այլ երկրի մը բանակին, զայն պէտք չէ վարձկան կոչել, աւելի՛ն, պէտք է պաշտպան կանգնիլ անոր իրաւունքներուն, զայն դասել պատերազմական գերի:

Անշուշտ պարագան բոլորովին տարբեր պիտի ըլլար, եթէ այլ երկիրներ գաղթած ուքրանացիներ, անսալով հայրենիքի կոչին, վազէին միանալու բանակին: Իսկ թէ այս պատերազմը ինչո՞վ կ’արդարանայ, այդ ալ բոլորովին այլ հարց: Հիմա շատ աւելի տեսանելի են… շահ ապահովողները եւ ակնկալութիւններ աճեցնողները:

***

            Ամերիկեան իշխանութիւններն ալ վստահաբար վարձկանները պաշտպանողներու կարծիքին կը յարին: Չէ՞ որ Իրաքի, Աֆղանիստանի մէջ եւ այլուր, անոնք ալ վարձկաններ գործի լծեցին (մինչեւ հիմա ալ ունին): Հոն, տարբեր «տրամաբանութիւն» մըն ալ կար. վարձկան խմբաւորումներու (կառավարութեան հետ պայմանագրութիւն կնքած եւ հսկայական գումարներ ստացող կազմակերպութեանց) կը վատահուէին այնպիսի արարքներ, որոնց բացայայտումը կրնար հակահարուած հասցնել ամերիկեան իշխանութիւններուն, վարկաբեկել «ժողովրդավարութիւն եւ մարդկային իրաւունք» պաշտպանողները…: Եւ հազուադէպ չէին այն ոճիրները, որոնց բացայայտումէն ետք, ամերիկեան իշխանութիւնները խղճի հանգստութեամբ յայտարարեցին, որ օրինակի համար՝ «Պլէք Ուոթըր»ի պէս կազմակերպութիւններ կապ չունին ամերիկեան կառավարութեան հետ:

            Ակնոցը կը փոխուի, երբ աչքի առջեւ կը բերուին ամերիկեան խորհրդարանը Թրամփի քաջալերանքով գրաւող… վարձկանները:

***

            Երեք վարձկանի դէմ մահավճիռը հսկայ փոթորիկ կը ստեղծէ քաղաքական եւ քարոզչական բեմերուն վրայ: Վարձկաններուն պաշտպանութիւնը յանձն առած շրջանակներ նոյնքան չեն մտահոգուած, որ, ըստ Քիեւի խոստովանութեան՝ ուքրանական բանակը  իւրաքանչիւր օր կ’ունենայ մինչեւ 200 զոհ: Այլապէս, «իբրեւ պարզ իրականութիւն ընդունեցէք»ի տրամաբանութեամբ կը հաղորդուին քաղաքներու քար ու քանդ ըլլալուն, հակամարտ շրջաններուն մէջ բազմահազար քաղաքայիններու սպանութեան եւ միլիոնաւորներու գաղթական դառնալուն  լուրերը: Այս արիւնալի ու ծխամոյն ենթապատկերին մէջ է որ աշխարհի կոկորդէն վար կը հրուի վարձկանի նոր սահմանումը, մարդկութիւնը կը հրաւիրուի կանգնելու զանոնք պաշտպանողներուն կողքին: Եւ ճիշդ ա՛յդ շրջանակներն են, որ կը փութան Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ մեզ հաշտեցնելու…

Մեզի՝ հայերուս համար յստակ է, թէ Արցախի դէմ թուրք-ազերիներուն կողքին պատերազմի մտած վարձկանները, ի՛նչ որակում ալ տրուի անոնց, թզենիի տերեւ մը իսկ չունին պաշտպանուելու: Երբ վարձկանը կը դադրի մարդ ըլլալէ, կը գործէ անմարդկային եւ թրքատիպ ոճիրներ, ալ ի՜նչ մարդկային իրաւունք, ի՜նչ ժընեւեան համաձայնագիրներ: Վարձկանը վարձկան է եւ վերջ:

10 Յունիս 2022

Share