Երբ Մայրերը Մահանան

Երբ Մայրերը Մահանան

Սիւզան Խարտալեան

Երբ մայրերը մահանան,
Դուն կը կորսնցնես կողմնացոյց
Չկայ հիւսիս, չկայ հարաւ
Յետոյ կը կորսնցնես թթուածին
Կ՛ապրիս կիսաշունչ
Կը կորսնցնես անտառի բացատը
Լուսաւոր:
Երբ մայրերը կը մահանան,
Փուշ ու մացառ
Ճահիճի պղտոր ջուր կը ներխուժէ ներսդ
Կը ծակէ սիրտդ
Միտքդ կ՛արիւնի
Սուր եղէգ կը բուսնի ամէն տեղ
Կարմրակարմիր ելակի բոյրը կը ցնդի
Ափերուս մէջ կը մնայ մայրս
Մի բուռ յիշատակ:

21 մարտ  2023

Share