Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի խօսքը՝ 95-ամեակի առիթով

Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի խօսքը՝ 95-ամեակի առիթով

Համազգային Հայ Կրթական ու Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան յոբելենական այս հանդիսութիւնը կատարեցինք հայութեան համար ամենէն դժնդակ ու օրհասական օրերուն։

Շրջափակման մէջ է հայրենի Արցախը։ Տակաւին չենք թօթափած մարդկային ու հողային ահաւոր կորուստներուն տագնապը։ Հայրենի բնակչութեան նկատառելի մաս մը անտարբեր է արցախահայութեան ճակատագրին նկատմամբ։ Քաղաքատնտեսական ահռելի տագնապի մէջ է սփիւռքի կարեւորագոյն գաղութներէն՝ լիբանանահայութիւնը։ Նոյնպիսի կացութեան մէջ է մայր գաղութը՝ հալէպահայութիւնը, որ այժմ կը կրէ նաեւ աղետալի երկրաշարժին պատճառած տառապանքը։ Տնտեսական դժուարութիւններ, բայց մանաւանդ, իւրաքանչիւր սերնդափոխութեան հետ, ազգային արժեհամակարգէ հեռանալու եւ ուծանալու վտանգը առաւել կամ նուազ չափով կը դիմագրաւեն սփիւռքահայ գրեթէ բոլոր գաղութները։ Հայախօսութիւնը աղետալի անկումի մէջ է։

Ահա այս մարտահրաւէրներու գիտակցումով է, որ Համազգայինը այսօր Լիբանանի մէջ կը սկսի իր հիմնադրութեան 95-ամեակի համագաղութային հանդիսութիւններու շարքին։

Բայց միթէ պայմանները աւելի՞ ձեռնատու եղած են 95 տարիներ առաջ, երբ մեր լուսամիտ հիմնադիրները, հայոց ցեղասպանութենէն ընդամէնը 13 տարիներ ետք, երբ տակաւին չէր իսկ ձեւաւորուած կազմակերպ սփիւռքը, Համազգայինի հիմնադրմամբ, մտայղացան ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնը ի մի հաւաքել հայ դպրութեան ու մտքի արգասիք՝ հայ մշակոյթին շուրջ։

Միթէ աւելի՞ ձեռնհաս մարդիկ կային ամենուրէք, ուր, «օտար-ամայի ճամբէքի վրայ», Համազգայինի նոր կառոյց կը հիմնուէր գրեթէ ամէն տեղ, ուր կեանքի պայմաններու բերումով բուռ մը հայութիւն համախմբուէր։

Եւ վերջապէս, օրինակ բերելով Համազգայինի Լիբանանի կառոյցի կեանքէն, միթէ աւելի՞ խաղաղ ու տնտեսապէս բարւոք էր լիբանանեան հայրենիքին քաղաքատնտեսական կացութիւնը, երբ Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն առընթեր, օրուան վարչական պատասխանատուները մտայղացան ու կազմակերպական կուռ աշխատանքով ու օրինակելի նուիրաբերումով հիմնադրեցին ու քար առ քար կառուցեցին Համազգայինի Լեւոն Շանթ եւ ապա՝ Նիկոլ Աղբալեան մշակութային կեդրոնները, որոնց մէջ կեանք հաստատած կրթական կառոյցներուն ու գեղարուեստական խումբերուն ելոյթները կը վայելենք այսօր այստեղ, վաղն ամենուրէք։

Համազգայինը կեանք է ու կենսակերպ։ Համազգայինը հայահաւաք կազմակերպութիւն է, այլ խօսքով՝ կազմակերպուած հաւաքականութիւն, որուն շուրջ կը հաւաքուին բոլոր անոնք, որոնք որոշած են հայօրէն ապրիլ այս կեանքը։ Հայօրէն ապրիլ կը նշանակէ համախմբուիլ հայ մշակութային արժէքներուն շուրջ, սերտել եւ իւրացնել զանոնք ու անոնց մտերմութեան մէջ շարունակել ո՛չ միայն ապրիլ, այլեւ՝ ապրեցնել։

Համազգայինը առաքելութիւն է։ Անոր առաքելաներն են բոլոր անոնք, որոնք կը դաւանին հայոց ազգային մշակոյթի արժէքներուն ու ջանք ու քրտինք չեն խնայեր, կազմակերպական զանազան կառոյցներու մէջ բեղուն գործունէութիւն ծաւալելու։

Համազգայինը նուիրաբերութիւն է։ Անոր նուիրաբերողնեը գիտակից ու ձեռնհաս հայ մեծահարուստներն են, որոնք խորապէս կը գիտակցին Համազգայինի հայապահպան ու մշակութատարած առաքելութեան ու անվերապահօրէն կը վստահին անոր։ Համազգայինի նուիրաբերողներները նաեւ մենք բոլորս ենք եւ մեր հաւաքական նուիրաբերութիւնը նոյնպէս մեծ դերակատար է Համազգայինի ծրագիրներու յաջողութեան մէջ։

Համազգայինը յանձնառութիւն է։ Անոր յանձնառուներն են բոլոր անոնք, որոնք կը ծառանան քիչ առաջ նշուած բոլոր դժուարութիւններուն դէմ ու հիմնադիր սերունդէն իսկ կտակուած տոկուն կամքով ու հաւատքով կը շարունակեն Համազգայնականի իրենց կեանքն ու աշխառանքը։

Եւ վերջապէս, Համազգայինը երիտասարդութիւն է։ Համազգայինի տարբեր երկիրներու՝ տարբեր դպրոցներու, երգչախումբերու, պարախումբերու, թատերախումբերու, նուագախումբերու թէ կերպարուեստի խումբերու մէջ հաւաքուած մեր աննման պատանիներն ու երիտասարդները հիմքը կը կազմեն տարեց, բայց ոչ ծեր այս հոյակապ միութեան, առանց որուն մեր հաւաքական կեանքը վաղուց գունաթափուած ու հաւանօրէն նոյնիսկ ընդհատուած պիտի ըլլար։

Յանուն Համազգային Հայ Կրթական ու Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան, 95-ամեակի յոբելենական անդրանիկ ձեռնակի այս բեմէն կ՝ողջունեմ մեր աշխարհատարած 19 շրջաններու վարչական կառոյցներն ու համազգայնական շարքերը, Արցախէն Հայաստան, Աւստրալիայէն Ամերիկաներ ու Քանատա, Եւրոպայէն Միջին Արեւելք։ Կ՝ողջունեմ Համազգայինի ճեմարաններու թէ այլ հաստատութիւններու տնօրէնները, աշխատակազմերը, ուսուցիչներն ու աշակերտները, մեր գեղարուեստի խումբերու ղեկավարներն ու անդամները եւ կը մաղթեմ նոր ոգեւորութիւն ու նոր ձեռքբերումներ։

Կը շնորհաւորեմ նաեւ հայրենի թէ սփիւռքի բոլոր հայորդիները, որոնց սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, կեանքի այս կամ այն պահուն, Համազգայինի իրագործած այս կամ այն մշակութային ձեռնարկին ճամբով լուսաւորող մոմ մը վառած ըլլայ։

Այս առիթով կը խոնարհինք բոլոր այն համազգայնականներու յիշատակին առջեւ, որոնք, խոր համոզումով ու նուիրումով համախմբուելով Համազգայինի շուրջ, անոր միջոցով շունչ տուին մեր հաւաքական գոյութեան. իմաստ ու նշանակութիւն՝ մեր կրթական ու մշակութային կեանքին։

Յաճախ կրկնուած ճշմարտութիւն է, որ ամեակները իբրեւ տարիներու ամբողջութիւն, իրենց մէջ ոչինչ ունին նոր։ Անհատներն ու հաւաքականութիւններն են, որոնք նման առիթներով պիտի վերարժեւորեն անցեալը, քննեն ներկայի մարտահրաւէրները, անհրաժեշտութիւններն ու հնարաւորութիւնները եւ ուրուագծեն ապագան։

Այս ճշմարտութիւնը ամբողջապէս ցուցանիշ է նաեւ 95-ամեայ Համազգայինին համար, որպէսզի ամրանայ մեր ազգային կենսակերպը, իրականանայ մեր առաքելութիւնը, ուժական դառնայ մեր նուարաբերումի ոգին ու գիտակցումը, վերանորոգուի մեր յանձնառութիւնը եւ առաւել երիտասարդանան մեր շարքերը։

Որպէսզի անսասան մնայ Համազգայինի առաքելատիպ հիմնադիրներու տեսլականը ու Հայը շարունակէ կարեւորութիւն ընծայել իր կրթական մակարդակին ու տէրն ու կրողը մնայ իր դարաւոր մշակոյթին։

Share